Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մենք վիտէօ-խաղեր կը խաղանք իբրեւ ժամանց, հաճելի ժամանակ անցընելու համար… Սակայն ամէն խաղցող այս նոյն պարագային մէջ չի գտնուիր: Կան «բախտաւորներ», որոնք աշխարհի չորս կողմերը խաղը վերածած են արհեստի:
Այո՛, կան արհեստավարժ վիտէօ-խաղցողներ, այսինքն անոնք այս խաղը դարձուցած են իրենց արհեստը եւ անոր միջոցով է, որ դրամ կը շահին: Ինչպէս որ գոյութիւն ունին դեղագործներ, ուսուցիչներ, աշխատաւորներ…
Կարգ մը խաղցողներ կը շահին բաժակներ եւ դրամ` մրցաշարքերու ընթացքին, ուրիշներ կ՛աշխատին ի հաշիւ ընկերութիւններու, որոնք անոնց կը վճարեն խաղալու համար եւ, վերջապէս, կան խաղցողներ, որոնք վիտէօներ կ՛արձանագրեն եւ զանոնք կը ցուցադրեն յատուկ կայքէջերու վրայ:
Իսկական Մարզաձեւ Մը
Այս խաղցողները «Կէյմինկ»-ը (վիտէօ-խաղերու անգլերէն անունը) յաջողած են իրենց արհեստը դարձնել, որովհետեւ անոնք կը մարզուին բարձր դասակարգի մարզիկներու նման: Արդ, այդ միջավայրին մէջ ասիկա կը կոչուի ի-սփորթ` «ելեկտրոնական մարզաձեւ»: Եւ անշուշտ ան միայն տղոց յատուկ չէ: Օրինակի համար, «Ճասթ տենս» վիտէօ-խաղի փոխախոյեան Ամանտին կը բացատրէ, որ ինք ինչպէս ժամերու ընթացքին կը պատրաստէ իր պարի շարժումները ֆիզիքապէս պատրաստ ըլլալու համար: Մինչ Վենսան կը նախընտրէ «Ֆիֆան», երկար օրեր մարզուելէ ետք ան դարձած է աշխարհի ախոյեան, եւ խաղը դարձած է անոր արհեստը:
Ի-սփորթը ամէնէն շատ կը խաղցուի եւ հետեւորդներ ունի Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ: Աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ կը կազմակերպուին կէյմինկի մեծ հաւաքոյթներ կամ մրցաշարքեր, որոնք կ՛ընդունին հարիւրաւոր խաղցողներ եւ հազարաւոր այցելուներ. ախոյեանները իրարու դէմ կը խաղան հանդիսատեսներուն առջեւ, ինչպէս բռնցքամարտիկները` ռինկի վրայ, կամ` ֆութպոլ խաղացողները` դաշտին վրայ:
Սորվելու կեդրոններ
Ինչպէս գոյութիւն ունին, օրինակի համար, ֆութպոլ խաղալ սորվելու յատուկ կեդրոններ, գոյութիւ՛ն ունին նաեւ ի-սփորթ սորվելու եւ մարզուելու կեդրոններ: Օրինակի համար, Ֆրանսայի Նանթ շրջանին մէջ գոյութիւն ունի Ի-Սփորթ Աքատեմին, ուր աշակերտները կը սորվին արհեստավարժ խաղացողին արհեստը, սակայն նաեւ` ի-սփորթի թղթակիցի կամ մարզիչի արհեստը: Այո՛, վիտէօ-խաղերու մարզին մէջ կարելի է նաեւ խաղացողէ զատ` ուրիշ «ճիւղ» մը ընտրել:
* * *
Կը կարծենք, թէ վիտէօ-խաղերը միայն աւելի երիտասարդներուն ուղղուա՞ծ են: Ո՛չ անպայման… Օրինակի համար, «Կէյմըրզ ասէմպլի»-ի հաւաքոյթին ընթացքին յատուկ մրցաշարք մը կազմակերպուած է սինիորներուն, այսինքն` տարիքոտ խաղացողներուն: Այս տարուան մրցաշարքին ընթացքին նախատեսուած խաղերը «Ուիի-Սփորթ-»-ներն էին եւ անոր` պոլինկի յատուկ խաղերը: Ամէնէն տարիքոտ խաղացողը` Անտրէն 94 տարեկան էր. ան շատ լուրջ մօտեցումով մասնակցած էր մրցաշարքին: Արդեօք վիտէօ-խաղերը գոյութիւն ունեցած ըլլային, երբ ան 20 տարեկան էր, կրնա՞յ ըլլալ, որ ան ալ կէյմինկը իր արհեստի վերածած ըլլար:
Գիտէի՞ր Թէ…
– «Վոլսվակըն»-ի «Պիթըլ» ինքնաշարժի մոտելը աշխարհի ամէնէն շատ ծախուածն է: Ան իր նոյն ձեւագծումը պահեց 1938-էն 2003, եւ այդ ինքնաշարժէն աւելի քան 21,5 միլիոն ծախուած է:
– Անգլիական կայսրութիւնը եղած է պատմութեան ամէնէն մեծ կայսրութիւններէն մէկը: Կայսրութեան սահմանները տարածուեցան մեծ մասամբ Վիքթորիա թագուհիին թագաւորութեան ժամանակ. սակայն ան իր գագաթնակէտին հասաւ 1990 թուականներու շուրջ, երբ Ճորճ 5-րդ թագաւոր էր: Կայսրութեան մաս կը կազմէին` Հնդկաստանը, Քանատան, Աւստրալիան, Նոր Զելանտան, Ափրիկէէն բաժիններ:
– Դէպի անջրպետ ղրկուած առաջին կենդանի էակները եղած են պտուղի մանր ճանճերը: Ապա, 1957-ին Լայքա շունը կը դառնայ երկրագունդին շուրջը դարձող առաջին անասունը: Անկէ ետք շատ մը անասուններ ղրկուեցան անջրպետ, ինչպէս` կապիկներ, մուկեր, կրիաներ, որդեր, թիթեռնիկներ, մեղուներ, սարդեր եւ ծովամայրեր:
Կարճ Լուրեր Աշխարհէն
1000 Եւրօ Տուգանք…
… աւազի համար:
Սարտինիայի ճերմակ աւազի ծովափը սքանչելի է: Զայն պահպանելու համար ոստիկանութիւնը կը հետեւի բոլոր այն զբօսաշրջիկներուն, որոնք կ՛ուզեն այդ աւազէն իրենց հետ տանիլ: Այս պատճառով այդ զբօսաշրջիկներէն մէկը ենթարկուած է 1000 եւրօ տուգանքի:
Աշխարհի Ամէնէն Փոքրիկ Խխունջը
… Գնդասեղի ծակէ մը 10 անգամ աւելի փոքր է:
Այս մանր խխունջները գտնուած են 2015-ին Չինաստանի հարաւը, Կունկժի նահանգին մէջ: Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, որ 0,86 մմ մեծութեամբ խեցիներով այս խխունջները մեր մոլորակին վրայ մինչեւ հիմա գտնուած ամէնէն փոքրիկ խխունջներն են:
Այս խխունջներուն տրուած է Անկուսթոփիլա Տոմինիքա անունը` ի պատիւ այս խխունջներուն մասին հետազօտութիւններ կատարած մասնագէտի մը կնոջ:
Գրիչներէ Շինուած Նստարաններ
Ընդհանրապէս գրիչները կը ծառայեն գրելու: Սակայն գիտէի՞ք, որ անոնք երբեմն կրնան երկրորդ կեանք մը ունենալ: Այս ձեւով «Պիք» ընկերութիւնը արտադրած է նոր չոր մելանով գրիչներու տեսակ մը` Ուպիքուիթի: Գործածուած գրիչները կը վերամշակուին եւ անոնցմէ կը շինուին նստարաններ, փիքնիքի սեղաններ, աթոռակներ…
3200 Տարուան Պանիր
3200 տարուան շատ հին պանիրի կտոր մը գտնուած է Եգիպտոսի հին մայրաքաղաք Մեմֆիսի գերեզմաններէն մէկուն մէջ: Հին Եգիպտոսի մէջ մեռելներուն հետ յաճախ ուտելիք կը թաղէին անոնց դէպի անդի աշխարհ ճամբորդութեան համար:
37 Աստիճան
Կը նախատեսուի, որ 2020 թուականին Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ ջերմաստիճանը պիտի հասնի 37 աստիճանի, շուքին: Ասիկա մեծ հարց կրնայ յառաջացնել: Այդ տարի քաղաքը պիտի ընդունի Ողիմպիական խաղերը: Օդը շատ տաք պիտի ընէ եւ, հետեւաբար, մարզիկները պիտի չկարենան լաւ պայմաններու տակ մրցիլ:
Հետեւաբար պետութիւնը կը փորձէ լուծումներ գտնել քաղաքին ջերմաստիճանը իջեցնելու համար: Այս պատճառով 13 օգոստոսին քաղաքին մէջ ջրեցին մայթերը, եւ ատոր շնորհիւ` ջերմաստիճանը քանի մը աստիճան նուազեցաւ: Սակայն արդեօք ասիկա բաւարար պիտի ըլլա՞յ 2020-ի ամառը:
Ժամանց


