Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մեր երկրագունդը սքանչելի տեսարաններով շատ հարուստ է: Ըլլան անոնք բնական, թէ մարդուն կողմէ շինուած, բոլորն ալ նոյնքան հիացում կը յառաջացնեն մեր մէջ: Հետեւաբար օգտուինք մեր արձակուրդներէն, այցելենք ու ծանօթանանք նոր վայրերու:
– Ճեներալ Քարրերա լիճը` Փաթակոնիա, Չիլի Փիրուզագոյն ջուրերուն վրայ կարծէք կը ծփան շքեղ մարմարեայ անցքեր, քարայրներ եւ սիւներ, որոնք քանդակուած են 6200 տարիներէ ի վեր` ալիքներուն կողմէ:
– Վիքթորիա Փիք` Հոնկ Քոնկ
Վիքթորիա Փիք լերան գագաթէն կարելի է տեսնել շատ հեռուն, գրեթէ` ամբողջ Հոնկ Քոնկը: 549 մեթր բարձրութեան վրայ մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի քաղաքի երկնաքերներուն եւ մօտակայ կղզիներուն սքանչելի տեսարանը:
– Պաօպապի ծառերը` Մատակասքար
Այս երկնաքերներուն նման ծառերը Մատակասքարի միակ ամէնէն սքանչելի վայրերը չեն: Մատակասքարը աշխարհի չորրորդ ամէնէն մեծ կղզին է:
Հոն գոյութիւն ունին անասուններու մօտաւորապէս 200 հազար տեսակներ, եւ հոն միակ վայրն է, ուր լումերները վայրի վիճակի մէջ կ՛ապրին:
– Ծով եւ արեւ` Սանթորինի, Յունաստան
Սանթորինին ճանչցուած է իբրեւ Յունաստանի ամէնէն գեղեցիկ կղզին: Հոն սպիտակ ներկուած տուները խցկուած են հրաբխային ժայռերով լանջերուն մէջ, եւ բոլորը կը նային Եգէական ծովու փայլփլող ջուրերուն:
– Հիւսիսափայլը` Թրոմսօ, Նորվեկիա
Մենք պէտք է հեռաւոր հիւսիս ճամբորդենք ներկայ գտնուելու համար հիանալի օրօրա պորէալիսի (հիւսիսափայլ) տեսարանին, դիւթիչ բնական երեւոյթ մը, որ կը յառաջանայ արեւուն եւ հովերուն ազդեցութեան տակ երկրագունդին բեւեռային շրջաններու մթնոլորտին մէջ:
– Տը Տարք Հեճըզ` Պալլիմոնի, Իրլանտա
Այս ծուռումուռ ճիւղերով ծառերու խորհրդաւոր անցքը կը հասցնէ իրլանտական մեծ տուն մը: Երկու դար առաջ տնկուած ծառերով այս անցքը Իրլանտայի ամէնէն շատ նկարուած վայրերէն մէկն է:
– Մերկի կղզեխումբը` Միանմար
Եթէ կ՛ուզես ամէն ինչէ հեռանալ, ուղղուէ դէպի Հնդկաց ովկիանոսի այս կղզեխումբի 800 կղզիներէն մէկը: Իր հեռաւորութեան պատճառով ան ճանչցուած է իբրեւ «Կորսուած աշխարհը»: Այդ վայրը տարեկան կ՛այցելեն միայն 2000 զբօսաշրջիկներ:
Գիտէի՞ր, թէ…
400 հազար տոլարի Քարայիպեան ծովուն` Փանամայի ջուրերուն մէջ կրնաս գնել անձնական կղզի մը, որ օժտուած է երկու ննջասենեակով տունով մը եւ ճերմակ աւազի ծովափով:
Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ
Կարգ Մը Թուականներ
1.- 12 հոկտեմբեր 1490-ին Քրիստափոր Քոլոմպոս Նոր աշխարհ կը հասնի ծովուն վրայ վեց ամսուան ճամբորդութենէ ետք: ………….Ճ/Ս
2.- 6 օգոստոս 1945-ին Միացեալ Նահանգները հիւլէական ռումբ մը կը նետեն Հիրոշիմայի վրայ, Ճափոն: ………….Ճ/Ս
3.- ՔԱ 2 միլիոն տարիներ առաջ մարդոց նախահայրերը` Հոմօ Էրեքթիւսները սկսան գործիքներ գործածել Ափրիկէի մէջ: ………….Ճ/Ս
4.- 1450-ին էնքաները սկսան Անտեան լեռնաշղթայի գագաթին վրայ Մաչու Փիչչուի շինութիւնը: ………….Ճ/Ս
5.- 24 օգոստոս 2006-ին Պղատոն կը դադրի պարզ մոլորակ մը ըլլալէ. ան կը վերակոչուի թզուկ մոլորակ: ………….Ճ/Ս
6.- 17 դեկտեմբեր 1903-ին Ռայթ եղբայրները առաջին թռիչք մը կը կատարեն Քիթթի Հոքի մէջ, Հիւսիսային Քարոլայնա, Միացեալ Նահանգներ: ………….Ճ/Ս
7.- 1972-ին տունի առաջին վիտէօ խաղի դրութիւնը` «Նինթենտօ օտիսի»-ն կ՛իջնէ շուկայ: ………….Ճ/Ս
8.- 29 մայիս 1953-ին անգլիացի սըր Էտմունտ Հիլարի եւ իր շերփանը (ուղեկցորդ)` նեփալցի Թենզիկ Նորկէյ եղան առաջին լեռնագնացները, որոնք հասան Էվերեսթի գագաթը: ………….Ճ/Ս
9.- 17 յունիս 1991-ին նախագահ Նելսըն Մանտելայի կառավարութիւնը վերջ կը դնէ Հարաւային Ափրիկէի մէջ խտրականութեան քաղաքականութեան: ………….Ճ/Ս
10.- 1 հոկտեմբեր 1949-ին Մաօ Ցէ Թունկ ժողովրդավարութիւն կը հաստատէ Չինաստանի մէջ: ………….Ճ/Ս
Պատասխանները Վերջաւորութեան
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Վայրի անտառները կը ծածկեն երկրագունդի մակերեսին 2 առ հարիւրը: Սակայն անոնք բնակավայրն են բոլոր կենդանի էակներու 50 առ հարիւրին:
– Իր աղբիւրէն մինչեւ ծով, Տանուպ գետը կ՛անցնի տասը երկիրներէ. Գերմանիա, Աւստրիա, Սլովաքիա, Հունգարիա, Խրուաթիա, Սերպիա, Ռումանիա, Պուլկարիա, Մոլտովա եւ Ուքրանիա:
– Բոյսի մօտաւորապէս 400 հազար տեսակներ ծաղիկ կու տան, այսինքն` աշխարհի բոյսերուն 80 առ հարիւրը:
– Չափուած ամէնէն զօրաւոր քամին կը փչէր ժամական 408 քմ արագութեամբ, Պարրոու կղզիին վրայ, Աւստրալիա, 1996-ին:
– Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 1500 գործող հրաբուխներ:
– Ծովուն ջուրը մօտաւորապէս 3.5 առ հարիւր աղի է:
– Աշխարհի հինգ ովկիանոսներէն ետք (Խաղաղական, Ատլանտեան, Հնդկաց, Հարաւային եւ Արքթիք), աշխարհի ամէնէն մեծ ծովը Ֆիլիփիններու ծովն է:
– Պաոպապի ծառ մը կրնայ իր լայն կոճղին մէջ ամբարել 400 հազար գաւաթ ջուր:
– Աշխարհի 188 ամէնէն բարձր լեռները կը գտնուին Ասիոյ մէջ:
Ժամանց



Պատասխանները
1.- Սխալ. ան իր ճամբորդութիւնը սկսաւ 3 օգոստոս 1492-ին եւ, հետեւաբար, անոր ճամբորդութիւնը տեւեց երկու ամիս եւ ինը օր. 2.- Ճիշդ: 3.- Սխալ. նախահայրը Հոմօ Հապիլիսն էր եւ ո՛չ Հոմօ Էրեքթիւսը: 4.- Ճիշդ: 5.- Ճիշդ: 6.- Ճիշդ: 7.- Սխալ. Մակնավոքսն էր, որ շինեց «Օտիսի»-ն: 8.- Սխալ. Սըր Էտմունտ Հիլարին նորզելանտացի էր: 9.- Սխալ. նախագահ Տը Քլէրքը եւ իր կառավարութիւնն էին, որոնք սեւամորթներուն եւ ճերմակամորթներուն միջեւ խտրութիւն դնելու քաղաքականութիւնը դադրեցուցին: Նելսըն Մանտելա երկրին առաջին սեւամորթ նախագահը ընտրուեցաւ 1994-ին: 10.- Սխալ. ան հիմնեց Չինաստանի Ժողովրդային Հանրապետութիւնը, որ համայնավար վարչակարգ ունէր:













