Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտ Է Աշխարհին Տարածքին (Ա. Մաս)

Սեպտեմբեր 15, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նայած, թէ մենք մեր մոլորակին, որ շրջանին մէջ կ՛ապրինք, մեր ապրելակերպը կրնայ շատ տարբերիլ: Այս ձեւով, մենք այսօր պիտի այցելենք աշխարհին շուրջ տարբեր դպրոցներ:

ա.- Առանց ուսուցիչի դպրոցներ

Հոլանտայի մէջ կարելի է տեսնել կարգ մը իւրայատուկ դպրոցներ:

Հոն աշակերտները, որոնք 4-12 տարեկան են, ո՛չ ուսուցիչ, ո՛չ ալ ուսուցչուհի ունին: Անոնց փոխարէն` ունին… Այ-փատ մը: Ասոր կողքին, անոնք յատուկ աշխատանք մը չունին կատարելիք. անոնք կ՛ընտրեն իրենց առաջարկուած նիւթերէն իրենց ուզածը, եւ իրենց յատուկ գրասեղանի մը ետեւ նստելու փոխարէն` անոնք ազատութիւնը ունին նստելու իրենց ուզած տեղը:

Սակայն, անշուշտ, անոնք մինակ չեն դասարանին մէջ. կայ չափահաս մը, որ սակայն ընդհանրապէս անոնց չ՛ըսեր ի՛նչ ընել, կը ձգէ, որ աշակերտները ընտրեն: Ան կը միջամտէ օգնելու համար, կամ` երբ խմբային աշխատանք մը տեղի կ՛ունենայ:

 

Իսկ ամէնէն անհաւատալին այն է, որ այս դպրոցները իրենց դռները բաց կը պահեն առտուան ժամը 7:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30-ը, սակայն աշակերտները ստիպուած են երթալու միայն առտուան ժամը 10:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ը: Իսկ եթէ անոնք կը փափաքին, կրնան նաեւ դպրոց երթալ արձակուրդներուն ընթացքին: Դպրոցը միշտ բաց է… Իսկ դո՞ւն: Պիտի ուզէի՞ր յաճախել նման դպրոց մը, ուր ամէն ինչ կազմակերպող չափահաս մը չկայ, դժուարութիւն պիտի ունենա՞ս աշխատելու նման դպրոցի մը մէջ:

Բ.- Օրական ութ զբօսանք

Չինաստանի մէջ աշակերտները շատ կ՛աշխատին. անոնք իրենց օրը կը սկսին առտուան ժամը 8:00-ին եւ կ՛աւարտեն կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին եւ 4:00-ին: Անոնք դպրոց կ՛երթան երկուշաբթիէն մինչեւ շաբաթ կէսօր:

Ասոր կողքին, անոնցմէ շատեր անձնական դասերու կը հետեւին դպրոցէն ետք, կիրակիները եւ նոյնիսկ արձակուրդներու ընթացքին: Այս բոլորը շատ յոգնեցուցիչ են… Հետեւաբար, որպէսզի անոնք կարենան կեդրոնացած մնալ, անոնք մեզմէ աւելի զբօսանքներ ունին. անոնք կ՛աշխատին քառասունհինգ վայրկեան, եւ ապա ունին տասը վայրկեան զբօսանք, ետքը` դարձեալ քառասունհինգ վայրկեան դաս եւ տասը վայրկեան զբօսանք… Անոնք այս ձեւով կ՛անցընեն օրը` կէսօրին քիչ մը աւելի երկար զբօսանքով մը:

Անոնք ալ, ճափոնցի եւ անգլիացի աշակերտներուն նման, ստիպուած են հագուելու դպրոցական տարազ:

Գ.- Մաքրութեամբ զբաղող աշակերտներ

Դուն քու դպրոցիդ մէջ մաքրութիւն չես ըներ. կան չափահաս անձեր, որոնք կը վճարուին այդ գործը կատարելու համար: Սակայն եթէ դուն Ճափոն դպրոց երթայիր, պարագան տարբեր պիտի ըլլար: Հոն աշակերտներուն պարտականութիւնն է ամէն ինչ մաքրելը. սեղանները, անցքերը, բակը, մարզասրահը… նոյնիսկ` բաղնիքները:

Այս մօտեցումին նպատակն է աշակերտները աւելի պատասխանատու դարձնել, առաւել` որպէսզի անոնք աւելի ուշադրութիւն ընեն եւ չաղտոտեն եւ սորվին համեստութիւն: Իսկ դո՞ւն, ի՞նչ պիտի մտածէիր, եթէ ստիպուած ըլլայիր դպրոցիդ մէջ մաքրութիւն ընելու:

Գիտէ՞իր, Թէ…

– Քարտէս գծող գերմանացի Սեպասթիան Մունսթըր եղած է առաջին անձը, որ ստեղծած է Ափրիկէն իբրեւ ցամաքամաս ներկայացնող առաջին քարտէսը` 1500-ական թուականներու կէսերուն:

– Մկաններուն ուժը կու գայ մեր կերած ուտելիքներէն:

– 1912-ին Թայթանիք նաւուն շինութիւնը կարօտեցաւ 7,5 միլիոն տոլարի (177 միլիոն տոլար ներկայ արժէքով): Նաւը ընկղմեցաւ իր առաջին իսկ ճամբորդութեան ընթացքին:

– Ֆրանսայի Նափոլէոն Պոնափարթ կայսրը ուզեց իր հսկայ բանակով Ռուսիան նուաճել 1812-ին: Սակայն անոր զինուորներուն մեծ մասը բանակը լքեց որովհետեւ անոնք իրենց ամսականները չէին գանձած:

– Մէկ վայրկեանի ընթացքին մենք մեր աչքերը մօտաւորապէս 12 անգամ կը թարթենք:

– Փէյնթըտ լէյտի թիթեռնիկը Հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ Իսլանտա կը գաղթէ` կտրելով 6437 քմ:

Հարցարան

Եղանակներուն Հետ

1) Ինչո՞ւ մենք եղանակներ ունինք.

ա- Որովհետեւ երկրագունդը իր առանցքին վրայ թեքած կը դառնայ արեւուն շուրջ:
բ- Որովհետեւ աստղերէն եկած լոյսը կը տաքցնէ եւ կը պաղեցնէ մոլորակը:
գ- Լուսինը իր շրջանը ըրած ժամանակ մոլորակը տարբեր ուղղութիւններով կը քաշէ.
դ- Որովհետեւ լուսինէն լոյսը կը ցոլայ կէս տարուան ընթացքին:

2) Եթէ դուն կ՛ապրիս Աւստրալիոյ մէջ, ո՞ր ամսուն պիտի զուգադիպի ձմրան արեւադարձի օրը:

ա-յունիս, բ-սեպտեմբեր, գ-մարտ,
դ-դեկտեմբեր:

3) Նորվեկիոյ ՆորտՔափ շրջանը եւրոպական ցամաքամասին ամէնէն հիւսիսային կէտն է: Ամրան հոն արեւը ե՞րբ մար կը մտնէ:

ա.- Իրիկուան ժամը 7:00-ին, բ. կէս-գիշերին, գ. առտուան ժամը 2:00-ին, դ. Ան բնաւ մար չի մտներ:

4) Ձմեռը ռաքունները ձմեռնային քունի մէջ կը մտնեն…:

Ճ/Ս

5) Ո՞ւր շինուած էր աշխարհի ամէնէն մեծ ձիւնեմարդը, որ կնոջ կերպարանք ունէր եւ ունէր 37,2 մեթր հասակ:

ա- Մոսկուա, Ռուսիա, բ-Սանթիակօ, Չիլի, գ- Պեթըլ, Մէյն, Միացեալ Նահանգներ, դ- Անթարքթիքա:

6) Տարուան ո՞ր շրջանին հիւսիսային Ամերիկայի մէջ մեծ նարնջագոյն ջրդդումները կը քաշուին:

ա- Ամրան կիսուն, բ-գարնան,
գ- Աշնան սկիզբը, դ-ձմրան վերջաւորութեան:

7) Քանի՞ հատիկ կ՛արտադրէ մէկ արեւածաղիկը:

ա-1, բ-2-էն 15, գ-մօտաւորապէս 50, դ-աւելի քան 500:

8) Ո՞ր եղանակին կայծակը ընդհանապէս կը զարնէ:

ա-Ձմրան, բ-գարնան, գ-ամրան, դ-աշնան:

Պատասխանները վերջաւորութեան

 Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գտնուող երկու տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել մեղուին հասցնող ճամբան:

Պատասխաններ

1) ա. Օրինակի համար, երբ հիւսիսային կիսագունդը թեքած է դէպի արեւ, հոն ամառ է. երբ ան արեւէն հեռու թեքած է, հոն ձմեռ է:
2) ա. Հարաւային կիսագունդին մէջ եղանակները շրջուած են, իսկ հիւսիսային կիսագունդը հակառակն են:
3) Դ:
4) Սխալ. Ռաքունները ձմրան շատ աւելի ժամանակ կ՛անցընեն իրենց ծակերուն մէջ, սակայն անոնք ձմեռնային երկար քունի չեն մտներ:
5) Գ:
6) Գ.:
7) Դ:
8) Գ

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (14 Սեպտեմբեր 2018)

Յաջորդը

Հայ Բեմում Յաւերժող Շէյքսփիրը

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?