Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քենիոյ Մէջ Աղջիկներն Ալ Ֆութպոլ Կը Խաղան

Յունիս 23, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Քենիոյ մէջ աղջիկներուն համար ֆութպոլը պարզ ժամանց մը չէ, ոչ ալ պարզապէս մարզաձեւ մը: Այլ անոնց համար անիկա իրենց իրաւունքները պաշտպանելու միջոց մը կը հանդիսանայ: Իւրաքանչիւր ոտքի հարուածով անոնք իրենց ապագան կը փոխեն:

Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին 10 անգամ աւելի ֆութպոլ խաղցող մարզիկ մանչեր, քան աղջիկ խաղցողներ: Քենիոյ մէջ ֆութպոլը մանչերու խաղ մըն է. հոն աղջիկները կ՛օգնեն խոհանոցը իրենց ծնողներուն կրակ վառելու համար փայտ հաւաքելով, տունը մաքրելով, լուացք ընելով, ամանները լուալով կամ իրենցմէ փոքր քոյրերով եւ եղբայրներով զբաղելով:

Հետեւաբար, անոնք շատ յոյս չունին, որ կրնան ուրիշ բան ընել, յատկապէս Քիլիֆի նահանգին մէջ, որ երկրին ամէնէն աղքատ շրջաններէն մէկն է: «Մուվինկ Հոլփոսթց» կազմակերպութիւնը կը փորձէ այդ աղջիկներուն կեանքը բարելաւել անոնց ֆութպոլ խաղալ սորվեցնելով: Մարզանքը կը մղէ այս աղջիկներուն տունէն դուրս ելլելու պատասխանատուութիւններ ստանձնելու եւ այս ձեւով ընդլայնելու իրենց հորիզոնը:

Քենիոյ մէջ դպրոցը անվճար եւ ստիպողական է. սակայն ծնողները կը վճարեն տարազներուն, գիրքերուն եւ մատիտներուն համար: Շատ մը ծնողներ չեն կրնար, կամ նոյնիսկ չեն ուզեր այս ծախսերը կատարել իրենց աղջիկներուն համար` առաջնահերթութիւն տալով իրենց մանչերուն, որովհետեւ աղջիկները շատ շուտ կ՛ամուսնանան եւ իրենց տունով կը զբաղին: Հետեւաբար, այս փոքրիկ քենիացի աղջիկները երբ առիթը ունենան ֆութպոլ խաղալու, անոնք կը խաղան փէշով եւ բոպիկ:

Քիլիֆիի աղջիկ խաղցողները կ՛ուզեն աշխարհին ցոյց տալ, թէ իրենք ի՛նչ կրնան ընել: Մարզանքը անոնց կը սորվեցնէ ինքնավստահութիւն, խմբային կեանք եւ պայքարելու ոգի: Ֆութպոլը անոնց հորիզոնը կը բանայ եւ կը ծանօթացնէ ապագայի համար տարբեր արհեստներու, ինչպէս մարզիչի կամ ընկերային ծառայողի:

Խումբին մէջ աղջիկները վստահութիւն ունին իրարու, հետեւաբար իրարու կը պատմեն իրենց մտածումները: Բաներ, որոնց մասին ո՛չ դպրոցը, ո՛չ ալ տունը իրենց կը բացատրուի: Այս ձեւով, բաժակները նուազ կարեւորութիւն ունին, քան խումբին մէջ ստեղծուած ուժը:

Աղջիկներու Ֆութպոլի
Կարճ Պատմութիւն Մը

Աղջիկներու ֆութպոլի առաջին խաղը տեղի ունեցաւ Անգլիոյ մէջ, 9 մայիս 1881-ին: Այդ շրջանին հանդիսատեսները կը հետաքրքրուէին յատկապէս խաղցող կիներու տարազներով, անոնք կը հագուէին ուռած կարճ տաբատներ եւ կրունկով կօշիկներ:

Աղջիկներու ֆութպոլը կը զարգանայ Անգլիոյ մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, 1917-ին դեկտեմբերին անգլիացի աղջիկներ եւ կիներ ֆութպոլի խաղ մը կը խաղան 10 հազար հանդիսատեսներու առջեւ: Այս ձեւով անոնք մեծ գումար մը կը հաւաքեն` օգնելու համար զինուորներուն:

29 ապրիլ 1920-ին Մանչեսթըրի մէջ տեղի կ՛ունենայ աղջիկներու ֆութպոլի առաջին միջազգային խաղը` ֆրանսացիներուն եւ անգլիացիներուն միջեւ:

Դժբախտաբար 1921-ին աղջիկներու ֆութպոլը կ՛արգիլուի Անգլիոյ մէջ:

Սակայն աղջիկներու ֆութպոլը դարձեալ հրապարակ կու գայ 1970-ական թուականներուն: Աղջիկներու ֆութպոլի առաջին ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Չինաստանի մէջ, 1991-ին: Յաջորդ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին, Ֆրանսայի մէջ, 24 երկիրներ պիտի մասնակցին այս մրցաշարքին:

Ֆութպոլի Աշխարհի
Ախոյեանութիւնը

Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը հիմնուած է 1929-ին ֆրանսացի Ժիւլ Ռիմէի կողմէ: Ան ՖԻՖԱ-ի (ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոն) նախագահն էր, երբ յղացաւ գաղափարը առաջին անգամն ըլլալով աշխարհի տարբեր կողմերէ երկիրներ համախմբող մրցաշարք մը կազմակերպելու:

Առաջին մրցաշարքը տեղի ունեցաւ հարաւային Ամերիկայի մէջ, Ուրուկուէյ, 1930-ին: Յաղթող խումբին տրուած բաժակը կը կրէր անոր անունը:

Այս բաժակին արժանացաւ Պրազիլ երեք անգամ (1958, 1962, 1970): 1979-էն ետք անիկա փոխարինուեցաւ ներկայ բաժակով, որ ոսկիէ արձանիկ մըն է:

Մոնտիալ 2018

Հետաքրքրական Թիւեր

1 – Իտալիան միակ յաղթական երկիրն է, որ դուրս մնաց 2018-ի մրցաշարքէն:

2 – Իսլանտա եւ Փանամա իրենց պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցին Մոնտիալին:

7 – Ռուսիոյ մէջ ներկայ եղող յաղթական խումբերը` Պրազիլ (5 անգամ), Գերմանիա (4), Արժանդին (2), Ուրուկուէյ (2), Սպանիա (1), Ֆրանսա (1):

12 – Մրցումները պիտի խաղցուին 12 դաշտերու մէջ, որոնք կը գտնուին 11 տարբեր քաղաքներու մէջ. (Մոսկուայի մէջ կան 2 տարբեր դաշտեր):

21 – Պրազիլ մասնակցած է 21 մոտիալիներուն ալ: Ան բնաւ չէ բացակայած: Ասիկա մրցանիշ մըն է:

32 խումբեր պիտի մասնակցին 2018-ի Մոնտիալին:

736 մարզիկներ ներկայ պիտի ըլլան:

20 տարեկան աւստրալիացի Տանիէլ Արզանի 2018-ի Մոնտիալին մասնակցող ամէնէն փոքր խաղցողն է:

45 տարեկան եգիպտացի բերդապահ Ահմետ Հատերի այս Մոնտիալին մասնակցող ամէնէն երէց խաղցողն է: Եթէ խաղայ, ան պիտի արժանանայ քոլոմպիացի կոլար Ֆարիտ Մոնտրականին մրցանիշին. Մոնտրական 43 տարեկան էր, երբ խաղաց 2014-ի մրցաշարքին:

20,1 մեթր, իր հասակով Խրուաթիոյ բերդապահ Լովրը Քալինիք մրցաշարքին ամէնէն բարձրահասակ խաղցողն է: Մինչ սէուտցի Եահիա Շէրի մրցաշարքին ամէնէն կարճահասակն է (1,64 մեթր):

Ժամանց
Թիւերը միացուր` 1-67 գտնելու համար նկարը:
Թիւերը միացուր` 1-61 գտնելու համար պահուած նկարը:
Արջուկներէն մէկը. նաեւ ծաղրածուներէն մէկը տարբեր է միւսներէն: Գտի՛ր ու ներկէ տարբերները:
Աքլորը առաջնորդէ իր ընկերոջ մօտ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Յունիս 1968)

Յաջորդը

Թանգարանի Վերածուած Գիւղին Մէջ Ամէն Ինչ Մնացած Է Այնպէս, Ինչպէս` Կոտորածէն Ժամեր Անց

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?