Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
8 եւ 5 տարեկան երկու սկովտիացի եղբայրներ ուզած են մեծ արկածախնդրութիւն մը ապրեցնել իրենց ծովահէնի «փլէյմոպիլ» խաղալիք նաւուն` աշխարհի շուրջ ճամբորդութիւն մը:
Օլի եւ Հերի Ֆըրկըսընները ուզած են, որ իրենց խաղալիքը ճամբորդէ աշխարհին չորս կողմերը: Սկիզբը անոնք կ՛ուզէին պարզապէս շիշ մը նետել ծով: Արկածախնդրութիւնը աւելի հետաքրքրական դարձնելու համար անոնք նախընտրած են ջուր իջեցնել իրենց ծովահէնի «փլէյմոպիլ» նաւը, սակայն նաւը ջուրին վրայ դնելէ առաջ անոնք, իրենց ծնողքին օգնութեամբ, զայն ամրացուցած են, վրան դրած են սթայրոֆոմ, որպէսզի ան լաւ ծփայ, եւ` ծանրութիւն, որպէսզի ան միշտ ուղիղ կենայ: Ապա անոնք փորձեր կատարած են լողաւազանին մէջ, զայն ծով նետելէ առաջ, Սկովտիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Փիթըրհետ քաղաքէն:
***
Երկու եղբայրները կարճ նամակներ զետեղած են նաւուն մէջ` բացատրելով իրենց ծրագիրը եւ խնդրելով նաւը գտնող անձերէն` զայն դարձեալ ծովուն մէջ նետել, որպէսզի անիկա կարենայ իր արկածախնդրութիւնը շարունակել: Նաւուն վրայ դրուած է նաեւ պզտիկ GPS գործիք մը, որ կարելիութիւնը կու տայ հետեւելու անոր ուղեգիծին համացանցին վրայ, ֆէյսպուքի «Տը տէյզ ար փեքըտ» կայքէջին վրայ: Երկու եղբայրները իրենց նաւուն տուած են «Ատվանչըր» (արկածախնդրութիւն) անունը:
Ըստ երեւոյթին, երկու եղբայրներուն ցուցմունքները արդիւնաւէտ եղած են: Ամէն անգամ, երբ նաւը գտնուած է, անիկա դարձեալ ծով նետուած է զայն գտնողներուն կողմէ: Օրինակի համար, Շուէտի մէջ, բնակիչներ նաւակը գտած են ծովեզերքին վրայ, ծառի կոճղի մը մէջ կախուած…
Շնորհիւ տարբեր շրջաններէ ղրկուած նկարներու, Օլի եւ Հերի կրցած են կերպընկալէ նաւուն բռնած ճամբան գծել քարտէսին վրայ: 2017-ի մայիսին ճամբայ ելլելէ ետք, նաւը կտրած է հազարաւոր քիլոմեթրեր: Ան այցելած է Դանիոյ, Շուէտի եւ Նորվեկիոյ ծովեզերքերը: 15 ապրիլ 2018-ին ան կը հասնէր Կիւյեանի մօտ:
Ըստ վերջին լուրերուն, նաւը կը գտնուի Հարաւային Ամերիկայի ջուրերուն մէջ, Վենեզուելայի մօտերը: Այս ծովահէններու նաւը «միտք չունի» ընկղմելու եւ կը շարունակէ իր արկածախնդրութիւնները, որուն մօտէն կը հետեւին Օլի եւ Հերի, որոնք կը յուսան օր մը աշխարհին շուրջը ընել իսկական առագաստանաւու մը միջոցով:
Նոր Անջրպետանաւ Մը` Դէպի Հրատ
5 մարտին նոր անջրպետանաւ մը ղրկուեցաւ դէպի Հրատ մոլորակ` ուսումնասիրելու համար մոլորակին մակերեսը:
Անջրպետանաւը ընթացաւ առանց որեւէ մէկ հարցի: Ան իր ճամբորդութիւնն ալ կը շարունակէ առանց հարցի: Եւ ըստ հաշիւներուն, «ինՍայթ» անջրպետանաւը Հրատ մոլորակ պիտի հասնի 26 նոյեմբերին: Այս անջրպետանաւը առաջինն է, որ ՆԱՍԱ կը ղրկէ վերջին անջրպետանաւուն` «Քիւրիոսիթի»-էն ետք, որ Հրատ ուղղուեցաւ 2012 թուականին վեց ամսուան ճամբորդութենէ ետք «Քիւրիոսիթի»-ն հասած էր Կարմիր մոլորակ, 6 օգոստոս 2012-ին: Այս մարդամեքենան շատ կարեւոր տեղեկութիւններ հաւաքած էր մոլորակին մասին, ինչպէս` ջուրի հետքեր: Այս տեղեկութիւնները կարեւոր են գիտնալու համար, թէ կեանք կրնա՞յ գտնուիլ Հրատի վրայ:
«ԻնՍայթ» անջրպետ նաւուն պաշտօնը քիչ մը տարբեր է: Ան պիտի ուսումնասիրէ մոլորակին մակերեսին վրայ գտնուող մօտաւորապէս 100 քմ հաստութիւն ունեցող խաւերուն շարժումները: Ան պիտի արձանագրէ նաեւ, թէ աստղաքարեր երբեւիցէ ինկա՞ծ են Հրատի վրայ:
Այս տուեալները հաւաքելու համար մարդամեքենան պէտք է գործածէ երեք գործիքներ. սիսմոմեթր մը` գետնին շարժումները արձանագրելու համար, տաքութիւն արձանագրող գործիք մը եւ դիրքը ճշդող գործիք մը: Ան այս տեղեկութիւնները ուղղակիօրէն պիտի ուղարկէ ՆԱՍԱ:
«ԻնՍայթ»-ի պաշտօնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ անիկա կարելիութիւնը պիտի տայ գիտնականներուն` լսելու Հրատի «սրտի տրոփումները»: Սակայն անոնք տակաւին պէտք է քիչ մը սպասեն, որովհետեւ «ԻսՍայթ» իր առաջին տեղեկութիւնները պիտի կարենայ ուղարկել 2019 թուականին սկիզբը:
Մաքս Հերոս Շունը
Մաքսը 17 տարեկան պլու հիլըր տեսակի շուն մըն է: Ան խուլ է, գրեթէ ամբողջովին կոյր, սակայն կրցած է փրկել 3 տարեկան աղջնակի մը կեանքը: Այլեւս ան մաս կը կազմէ աւստրալիական ոստիկանութեան:
Ապրիլ ամսու վերջերը 3 տարեկան Օրօրա դուրս կ՛ելլէ իր ծնողքին տունէն, որ կը գտնուի Աւստրալիոյ հիւսիս-արեւելքը` Քուինզլենտի փոքրիկ գիւղի մը մէջ: Երբ ծնողքը զայն չի գտներ, կը դիմէ ոստիկանութեան: Սակայն փնտռտուքները ո՛չ մէկ արդիւնքի կը յանգին: Օրօրա կորսուած է անտառին մէջ եւ գիշերը պիտի անցընէ հոն, անձրեւին տակ:
Բարեբախտաբար աղջնակը մինակ չէր. իր շունը` Մաքսը հետն էր: Մաքս ամբողջ գիշերը կ՛անցընէ անոր մօտ: Յաջորդ առտու շունը կ՛երթայ օգնութիւն փնտռելու, կը հանդիպի ոստիկաններուն եւ զանոնք կը հասցնէ մինչեւ աղջնակին գտնուած վայրը: Այս քաջագործութեան համար Մաքսը կը վարձատրուի ոստիկանութեան կողմէ եւ անոնց խումբին պատուոյ անդամը կը դառնայ:
Քիչ Մը Ընթերցանութիւն
Ֆրանսայի հիւսիսը գտնուող Լանս քաղաքին մէջ հանրային փոխադրակառքը սպասող ճամբորդները ձանձրանալու ժամանակ չունին:
Երբ անոնք շարքի կեցած` իրենց կարգը կը սպասեն տոմսակ գնելու, անոնք կրնան կարդալ: Թուղթի մը վրայ կարճ պատմութիւններ տպող մեքենայ մը դրուած է այդ վայրերուն մէջ: Այս ձեւով ճամբորդները իրենց տրամադրութեան տակ ունին 1,3 կամ 5 վայրկեան տեւող ընթերցանութեան նիւթեր:
Երկիրը Իր Անունը Կը Փոխէ
Ափրիկեան Սուազիլանտի թագաւորը տուած է իր որոշումը: Իր երկիրը դարձեալ պիտի գործածէ իր նախկին անունը` Իսուաթինի: Ան այս որոշումը տուած է, որովհետեւ նկատած է, որ մարդիկ յաճախ Սուազիլանտի անունը կը շփոթէին Սուիթցըրլենտի (Զուիցերիա) հետ…
Խամաճիկ Մը`
Թռչունները Կերակրելու Համար
Չեխիոյ Փրակա մայրաքաղաքի կենդանաբանական պարտէզին մէջ կարելի է հանդիպիլ աշխարհի ամէնէն հազուագիւտ թռչուններէն` կարճ պոչիկով Ժավայի թռչունին: Վերջերս պարտէզին թռչուններու փոքրիկ խումբը մեծցած է, երբ պարտէզը կրցած է փրկել ձագ մը` այդ թռչունին կերպարանքը ունեցող խամաճիկով մը զայն կերակրելով: Այս ձեւով փոքրիկ թռչունը գէշ սովորութիւններ չորդեգրեց մարդոց հետ շփման մէջ մտնելով: Հետեւաբար ան պիտի կարենայ երթալ եւ ապրիլ իր տեսակի միւս թռչուններուն հետ: Փրակայի կենդանաբանական պարտէզը կրցած է ընդամէնը 5 թռչուն փրկել այս ձեւով:
Ծովուն Ջուրը Կրնայ Տաքութիւն Հայթայթել
Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի Սմարթսէյ թաղամասին բնակիչները այլեւս կազ չեն գործածեր ձմեռը տաքնալու համար: Փոխարէնը` անոնք կը գործածեն Միջերկրական ծովուն ջուրերը: Ասիկա կը կոչուի «թալասոթերմի», որ եկած է յունարէն թալասա բառէն, որ կը նշանակէ ծով:
Ինչպէ՞ս կը բանի այս դրութիւնը: Սկզբունքը շատ պարզ է: Ջուրը կը քաշուի 4 մեթր խորութենէն, կ՛անցնի գետնին տակ գտնուող խողովակներէն, որոնք կը քաշեն անոր արտադրած տաքութիւնը: Այս տաքութիւնը կը դառնայ ուժանիւթ եւ կարելիութիւնը կու տայ ջերմութիւն հայթայթելու կրակարաններուն, սակայն նաեւ` էր-քոնտիշըններուն եւ տան տաք ջուրին:
Ժամանց

