Յանուն Արդարութեան
Տուինք մանրամասնութիւնները հրէշային եղելութեան մը, որ յղացուած ու գործադրուած է թուրք-թաթար իշխանութեան կողմէ` հայկական Ղարաբաղի մէջ:
Ըսենք անմիջապէս, որ լուրը մեզի համար նորութիւն չէ: Կողմնակի աղբիւրներէ հատուկտոր տեղեկութիւններ ունէինք այդ մասին գրեթէ ամիսուկէսէ ի վեր, բայց զայն հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու համար կը սպասէինք լրացուցիչ մանրամասնութիւններու:
Եւ ահա արժանահաւատ աղբիւրներ այսօր կը հաստատեն մեր ունեցած տեղեկութիւնները` որոշ մանրամասնութիւններով:
Տարակոյս չկայ, որ ոեւէ հայ, կարդալով տրուած տեղեկութիւնները, պիտի փշաքաղուի եւ ընդվզի թաթարական այս խենէշութեան դէմ, որ ո՛չ առաջինն է եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ, ապահովաբար:
Այս պարագային, մեզի համար կարեւորը եղելութիւնը չէ, այլ` ոճրային այն հոգեբանութիւնն ու մտայնութիւնը, որոնց պատճառով կէս դար առաջ անճիտուեցաւ արեւմտահայութիւնը:
Բնածին ոճրականութեամբ «օժտուած» թուրք-թաթարական ուղեղը մազաչափ չէ փոխուած 50 տարիներ ետք ալ: Կողոպտելու, ջարդելու, բռնաբարելու եւ ուրիշին արդար քրտինքը ծծելու բնազդը կը մնայ նոյնը, ինչ որ էր Օսմանեան կայսրութեան շրջանին:
Կարմիր ծիրանին իր ուսին նետած այսօրուան թաթարը կը մտածէ ու կը գործէ այնպէ՛ս, ինչպէս կ՛ընէր ասկէ կէս դար առաջ:
Մէկ խօսքով, նոյն արեան ձայնն է, որ այսօր ալ կը խօսի թուրք-թաթարական ցեղին մէջ:
Երէկ անոնք կը կոչուէին թալէաթներ, այսօր կը կոչուին ախունտովներ:
Տարբերութիւնը ա՛յն է, որ երէկ մեզ կը ջարդէին իբրեւ ռայաներու, իսկ այսօր մեզ կ՛ուզեն սեղմել, աքցանի մէջ առնել եւ արիւնաքամ ընել «եղբայրաբա՜ր»:
Մեզ ընդվզեցնողը աւելի պիղատոսական այն կեցուածքն է, զոր որդեգրած է Մոսկուան` ի տես հայութեան եւ Հայաստանի կատարուած ու կատարուող անիրաւութեանց:
Քրեմլինի այսօրուան ղեկավարները շատ լաւ գիտեն, թէ Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն խլուած եւ Ազրպէյճանին ու Վրաստանին նուէր տրուած հայկական միւս հողամասերու հայ զանգուածներու ողբերգութիւնը հետեւանքն է իրե՛նց իսկ հաւանութեամբ եղած անարդար տնօրինութիւններուն:
Այսօրուան Հայաստանէն խլուած ներքին գաւառներու վերամիացման մասին եղած դիմումները Մոսկուայի մօտ` մնացին ձայն բարբառոյ յանապատի:
Պատմականօրէն, աշխարհագրականօրէն եւ ազգագրականօրէն Ղարաբաղը (երբեմնի Սիւնեաց աշխարհը), Լոռին, Ախալքալաքը եւ Նախիջեւանը այսօր պէտք է մտած ըլլային Հայաստանի սահմաններուն մէջ:
Այդպէս չեղաւ սակայն:
Մոսկուան կը յամառի աչք գոցել գործուած անիրաւութիւններուն հանդէպ եւ մեր հայրենիքը պահել այսօրուան իր նեղլիկ սահմաններուն մէջ` ձգելով, որ հայութեան ընդհանուր համրանքին մօտաւորապէս երկու երրորդը հալի ու կորսուի աշխարհի քառուղիներուն եւ ռուսական տափաստաններու տարածքին վրայ:
Եւ հարցումը կու գայ դարձեալ մեր շրթներուն. ինչո՞ւ Մոսկուայի այս անարդար կեցուածքը` հանդէպ հալածուած, ջարդուած եւ բնահան եղած հայ ժողովուրդին, որ 19-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ Բ. Աշխարհամարտը իր արիւնը չսակարկեց ռուսական սուիններու յաղթանակին համար:
Այդքան շո՞ւտ մոռցուեցան ռուսական բանակին մէջ ծառայած մասնաւորաբար ղարաբաղցի զինուորականներու եւ զինուորներու քաջագործութիւնները` հիթլերական գրոհներու դէմ:
Այդքան շո՞ւտ մոռցուեցան ռուսական բանակին մէջ ծառայած մասնաւորաբար ղարաբաղցի զինուորականներու եւ զինուորներու քաջագործութիւնները` հիթլերական գրոհներու դէմ:
Այդքան շո՞ւտ մոռցուեցաւ վերջին պատերազմի ընթացքին Խրիմի թերակղզիին մէջ հայ զինուորներու հերոսական դիմադրութիւնը եւ թուրք-թաթարներու դաւաճանութիւնը:
Ինչո՞ւ Մոսկուայի այս յամառութիւնը` ի՛ր իսկ հաւանութեամբ եւ պարտադրանքով եղած անիրաւութիւնները չդարմանելու համար:
Ի վերջոյ ի՞նչ է հայ ժողովուրդի այսօրուան պահանջը: Հայաստանին վերադարձնել ներքին այն գաւառները, որոնք հայկական են ամէն տեսակէտով:
Չենք սպասեր ու չենք ալ յուսար, որ այսօրուան Ռուսիան իր ընդհանուր քաղաքական ուղղութիւնը փոխէ կամ ինքզինքը վտանգի ենթարկէ մեր սեւ աչքին ու մեր սեւ յօնքին, կամ` մեր շահերուն ու խաթէր համար, վէճ ստեղծելով իր եւ Թուրքիոյ միջեւ` ի խնդիր արեւմտահայ հողամասերու:
Այսօր բաւական պայծառատես եւ իրապաշտ դարձած է հայութիւնը…
Արեւմտահայ հողամասերու հարցի` Հայ դատի, հետապնդումը պիտի ընէ ինքը` հայութիւնը, սպասելով միշտ միջազգային քաղաքական նպաստաւոր դիրքաւորումներու:
Մեր այսօրուան սպասածը Մոսկուայի մատի մէկ շարժումն է, որ կրնայ սրբագրել Հայաստանի ներքին գաւառներուն հանդէպ եղած զռացող անիրաւութիւնները:
Իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին հայը երբեք աշխարհակալ չէ եղած եւ չէ՛ այսօր ալ, այսինքն ուրիշի ստացուածքին վրայ չէ ուզած ձեռք դնել: Բայց ուզած է, որ ուրիշներ ալ յարգեն արեւուն տակ եւ իր սեփական հողերուն վրայ ապրելու իրաւունքը:
Այսօր ալ նոյնը կը մնայ հայութեան ձգտումը: Ո՛չ Պաքուն կը պահանջենք, ո՛չ ալ Թիֆլիսը: Կը պահանջենք միայն մեր սեփական ժողովուրդով բնակուած սեփական հողամասերը: Կը պահանջենք ազգովին, ամբողջութեամբ: Չկայ հայ մը, որ դէմ ըլլայ այս արդար պահանջին: Աւստրալիոյ, Քանատայի, Ամերիկայի կամ աշխարհի որեւէ մէկ շրջանին մէջ ապրող հայը նոյն ցանկութիւնը ունի, ինչ որ ունի Ղարաբաղի, Նախիջեւանի, Գանձակի կամ Լոռիի հայը:
Ասիկա ազգայնամոլութիւն չէ, այլ` արդարութեան եւ ապրելու իրաւունքի պահանջ:
Յանուն ժողովուրդներու ինքնորոշման, արդարութեան եւ հաւասարութեան` աշխարհի չորս ծագերուն իր ձայնը հասցնող եւ մինչեւ իսկ կիսավայրենի ժողովուրդներու «ազատութեան» համար իր տնտեսական ու զինուորական օժանդակութիւնը չխնայող Մոսկուայէն կը պահանջենք, որ ոչ միայն սանձ դնէ կարմիր քղամիդը ուսին նետած մերօրեայ ճիվանշիրներու` ախունտովներու ազգայնամոլութեան ախորժակներուն, այլեւ արդարութիւնը վերահաստատէ հայկական ներքին գաւառներու նկատմամբ` չստիպելու համար աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայ բեկորները աղաղակելու. «Ո՛վ արդարութիւն, ի՜նչ անարդարութիւններ կը գործուին քու անունով»…
«ԱԶԱՏ ՕՐ»
Ահաւոր Արկած Պիքֆայայի Ճամբուն Վրայ
Մթէյնի «Հայկական» Օթոպիւսը Ջախջախուեցաւ`
Ժայռի Մը Զարնուելով – 35 Վիրաւոր, Եօթը` Ծանր
Երէկ առտու Մրուժ, Պուա տը Պոլոնիա, Տհուր Շուէր, Պիքֆայա գիծին վրայով Պէյրութ իջնողները ականատես եղան ճամբու ահաւոր արկածի մը, որուն զոհերը գրեթէ ամբողջութեամբ հայ գիւղագնացներ են:
Մթէյն-Պէյրութ գիծին վրայ աշխատող օթոպիւս մը, զոր կը վարէր Գոգօ անունով հայ երիտասարդ մը, զարնուած էր Պիքֆայայի հայկական վանքին ստորոտը գտնուող ժայռի մը եւ ամբողջովին ճզմուած` հարուածին ուժգնութեան տակ:
Առաջին քննութիւններուն համաձայն, Պիքֆայայի էջքին օթոպիւսին արգելակները չեն գործած, եւ շարժավարը ուզած է թիւ երկու արագութեան վրայ դնել ինքնաշարժը, բայց յաջողած չըլլալով` նախընտրած է ժայռին զարնուիլ, քան թէ` քիչ մը առաջ գտնուող խորխորատին մէջ իյնալ:
Արկածէն քանի մը վայրկեան առաջ ոստիկան-զինուորներ կեցուցած են օթոպիւսը եւ կրկնակի տուգանք գրած` նկատի ունենալով, որ օրինականէն շատ աւելի մեծ թիւով ճամբորդ առած էր: Այս տուգանքը աւելի ջղայնացուցած պէտք է ըլլայ շարժավարը եւ արագացուցած` անոր ընթացքը:
Արկածին պատճառով 35 հոգի վիրաւորուած է, եօթը հոգի կը գտնուի շատ ծանր վիճակի մէջ: Շարժավարը, նոյնպէս վիրաւոր, փախած է: Վերջին լուրերուն համաձայն, ձերբակալուած է Պէյրութի մէջ:
Եօթը վիրաւորներէն չորսին վիճակը յուսահատական կը նկատուի:
Վիրաւորներուն մէջ են` Նազարէթ Թերճանեան, Եորկի Փանայոթի, Յարութիւն Մայէլեան, Զապէլ Թամաքեան, Փանոս Պենկեան, Եղիա Մեսրոպեան, Յասմիկ Պենկեան, Յովհաննէս Մեսրոպեան, Եղիա Արմենակեան, Նեժիպ Քարամ, Գաբրիէլ Ժամկոչեան, Ֆուատ Սամրա, Ֆուատ Տաղեր, Սիմոն Հատիտեան, Յովսէփ Համամճեան, Ժոզեֆ Պասմաճեան, Մարի Ասատուրեան, Ժան Ասատուրեան, Ժորժ Ֆարհաթ, Գէորգ Ուրֆալեան եւ Անդրանիկ Մանսուրեան: