Դէպի Աղբիւրը Լոյսին
Մօտ չորս տասնեակ տարիներ են անցեր այն օրերէն, երբ Շահնուր կը գրէր, թէ կիրակնօրեայ խմբագրականները միշտ նուիրուած են սերունդի փրկութեան:
Երկար տարիներու բոլոր կիրակիները անցան գացին, նահանջը աւելի խորացաւ, երգը լռեց ու սերունդը դեռ չէ փրկուած, հակառակ բոլոր խմբագրականներուն` կիրակիներու եւ միւս օրերու:
Սերունդը` ապրիլեան, որ եկաւ ու ցրուեցաւ ի սփիւռս աշխարհի, ուզեց փոխանցել հուրը հայրենեաց սա միւս սերունդին, մե՛ր սերունդին, որ Արարատը չէ տեսած, եւ զայն փրկել ուրիշ ջարդէ մը, այս անգամ` սպիտակ որակուած: Ու բոլոր Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպա, մինչեւ Պարսկաստան, խմբագրականներու նիւթ դարձուց «օտար, այլ հիւրընկալ» ափերու վրայ ծաղկած երիտասարդութիւն մը` առանց որեւէ ձեւով փորձելու հասկնալ այդ երիտասարդութեան խառնուածքը, անոր տագնապը, անոր պահանջը:
Պէտք է խոստովանիլ, որ այդ երիտասարդութեան մէկ թեւը, ան, որ եւրոպական դպրոց տեսաւ, երբեմն մանաւանդ` համալսարան, հեռացաւ հայկական կեանքի առօրեայէն` խրտչեցուցիչ գտնելով անոր ներկան, վասնզի անտանելի է միջակութիւնը:
Մեղադրուեցաւ ու դատապարտուեցաւ այդ երիտասարդութիւնը: «Այլասերած» մակդիր մը իր ճակատին` ան գնաց երջանկութեան ձեւ մը փնտռելու, հրաժարելով իր ծագումին պատճառած տառապանքէն: Հոն ալ չգտաւ երջանկութիւն: Հասկցաւ հայ ծնած ըլլալու դժուարութիւնը: Եղաւ մէկը, որ ինքզինք ֆրանսացի զգաց, երբ հայերով շրջապատուած էր, ու անդարմանելի կերպով` հայ, երբ կը գտնուէր ֆրանսական շրջանակի մէջ: Սրտին խօսեցան Կոմիտասն ու Սայաթ Նովան, երբ միտքը լեցուցած էր Ֆլոպերով ու Փասքալով: Բայց ոչ ոք փորձեց հասկնալ զինք: Մօտենայ իրեն, խօսիլ սիրտ սրտի, լսել անոր հոգերն ու ցաւերը: Ու իւրաքանչիւր սերունդ քալեց իր ճամբով, հինը իր միջնադարեան ըմբռնումով, նորը` իր առանձնութեան տագնապով:
Ծնած հեռաւոր հայրենիքէն հեռու, աչքերը թրջեցան հայոց շարականը լսելով, վասզի չէր յուզուեր: Աւէ Մարիայէն, բայց դժգոհ ձգեց անապատէն եկած սերունդը, որ իր արիւնը տուած էր թշնամիին ու երդում ըրած Աստուծոյ, որ պիտի չմեռնի ժողովուրդն հայոց:
Ժողովուրդն հայոց տաժանակիր պայմաններու տակ ապրեցաւ հայրենիքին մէջ ու ճիւաղի մը մահէն ետք սկսաւ ծաղկիլ:
Ժողովուրդն հայոց նեղ պայմաններու մէջ սկսաւ իր արտասահմանեան օրերը ու բարգաւաճ կեանքի մը մէջ, սկսաւ ապրիլ իր հայութեան վերջալոյսը:
Երիտասարդութիւնն հայոց զգաց հօր մը ցաւը, ի տես իր «այլասերման», բայց հայրը չհասկցաւ, որ ջարդի մը անվերջանալի ռանկենը, չի բաւեր, որ տղան հպարտանայ իր ծագումով: Ու սերունդը սերունդէն հեռացնող փոսը խորացաւ:
Պիտի բաւէր սակայն, կը բաւէր սակայն, որ հինը փորձէր քիչ մը հեռանալ իր հնօրեայ գիտելիքներէն ու մօտենալ նոր ըմբռնումներու, ու նորը փորձէր հեռանալ արմատ ձգած իր քննադատական ոգիէն ու մօտենալ իր նախնեաց հորիզոնին` միասնաբար գտնելու համար ճանապարհը, որ պիտի տանէր դէպի աղբիւրը լոյսին:
ՅԱՌԱՋ
Ակնարկ
Ինչ Որ Կարելի Չէ Իւրացնել
Ամերիկացի լրագրող մը` Քէյթ Քարմայքըլ, խանդավառ տողեր նուիրած է Անիին, «Արամքօ ուորլտ» ամսաթերթին մէջ:
Երբ Անի կ՛ըսենք, անմիջապէս մեր աչքին առջեւ կը պատկերանան քաղաքին «հազար ու մէկ եկեղեցիները», որոնց աւերակներուն մէջ ժողովուրդի մը հոգին եւ անցեալի փառքը փնտռելու գացած է ամերիկացի լրագրողը:
Այսպիսի վկայութիւններ անհրաժեշտ են համաշխարհային մամուլին մէջ, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ թուրքերը, սեփականացնելէ ետք մեր հողերը, կ՛ուզեն տէր կանգնիլ նաեւ մեր պատմական արժէքներուն եւ զանոնք կը ներկայացնեն իբրեւ թուրք «հանճար»-ին հարազատ արտայայտութիւնը:
Բացէք քարոզչութեան համար հրատարակուած թրքական պրոշիւրները, որոնք Թուրքիան կը ներկայացնեն իբրեւ իտէալ երկիր մը` օտար զբօսաշրջիկներու համար: Այդ պրոշիւրներուն իւրաքանչիւր էջը զարդարուած է հայկական հին փառքը յիշեցնող նկարներով: Հոս Աղթամարն է, անդին` Անին, ուրիշ տեղ մը մեր աղջիկներուն նազելաճեմ պարը կը ներկայացուի իբրեւ թրքական, նոյնիսկ` «Պար» անունը պահելով վրան:
Ասիկա յիսուն տարի առաջուան Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է, որովհետեւ ցեղասպանութիւն` չի նշանակեր միայն ազգի մը հաւաքական ոչնչացում, այլ նաեւ ու մանաւանդ` այդ ազգին կապուած մշակութային եւ քաղաքակրթական արժէքներու քանդում կամ իւրացում:
Բայց այս բոլորը սին պատրանքներ են: Կարելի է գրաւել ու նստիլ ազգի մը պապենական հողերուն վրայ: Կարելի է սեփականացնել` ինչ որ նիւթական է: Բայց անհամեմատօրէն աւելի դժուար է, եթէ ոչ` անկարելի է, այդ ազգը մեռցնել իր հոգիին մէջ տիրանալով անոր իմացական եւ հոգեկան ժառանգութեան: Միայն թուրք պէտք է ըլլալ այս ճշմարտութիւնը չհասկնալու համար:
«Հողը, կը գրէր մեր ազնիւ բարեկամը` մեթր Մուսա Փրենս,- ի վերջոյ պիտի պատկանի անոր, որ տէր է այդ հողին` իր հոգիին մէջ»:
Այդ հոգին ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` Աղթամար, Անիի աւերակ: Մէկ խօսքով, ինչ որ արտայայտութիւնն է հայ հանճարին, որ այնքան հարազատօրէն կը դրսեւորուի իր ճարտարապետութեան մէջ:
Մեր ժողովուրդին մէջ եղող այդ անխոցելի տարրն է, որ ապրելու եւ գոյատեւելու կամք կու տայ մեզի, նաեւ կորով` լաւատեսութեամբ դիմագրաւելու ապագան, մինչ ուրիշներ պէտք է մսին ձմեռուան առջեւ, իրենց ամառուան վերարկուով, ինչպէս պիտի ըսէր անմահն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան:
Կը համարձակինք աւելցնել մանաւանդ երբ վարձու է այդ վերարկուն:
X