Տխուր Լուրեր
Փարիզի «Յառաջ»-ին մէջ խորունկ կսկիծով մը կարդացինք Շահան Զօտեանի մահուան գոյժը:
Ֆրանսայի սահմաններէն դուրս այս անունը մեծ բան չ՛ըսեր մարդոց: Գրող մը չէր Շահան Զօտեան, արուեստագէտ մը չէր, լայն առումով գործիչ մը չէր, խոնարհ մարդ մըն էր, գործօն խոնարհութիւն մը, ներկայութիւն մը` ուրիշ խօսքով:
Անուս կամ թերուս երկու տիպար ունի մեր իրականութիւնը` յաւակնոտը եւ խոնարհը: Առաջիններուն մէջ ամէն օր զարգացաւ իմաստակը, առանց վաստակի հեղինակութիւն դառնալու մարմա՛ջը զարգացաւ, մինչ միւսը իւրաքանչիւր օրուան ու նոր ծանօթութեան հետ աւելցուց իր խոնարհութիւնը:
Մեր հանրային կեանքին մէջ այս վերջիններէն էր Շահան: Կը ճանչնար իր համեստ ուժերը եւ անուղղակի միջոցներով տեղ հասնելու փառասիրութիւնը տեղ չունէր, չունեցաւ իր հոգիին մէջ, երբեք չձգտեցաւ նմանիլ այն «անվաստակ հեղինակութիւն»-ներուն, որոնք առ ի չգոյէ ազնիւ յաղթանակներուն տանող ազնի՛ւ միջոցներուն, կը դիմեն իրենց զէնքերուն, դաւին ու քսութեան` դառնալու համար ի վերջոյ հաւաքականութեան կոյր ուժերը:
Շահան Զօտեան շրջապատը կը լեցնէր ազնուութեամբ, բարութեամբ, կ՛ապրէր ազնիւ ու բարի գործերուն, գործիչներուն տեղ բանալու, ասպարէզ տալու անհանգիստ կիրքով մը: Երկար ատենէ ի վեր բնակութիւն հաստատած էր Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ, եւ, հայկական առումով ու հազարաւոր մարդոց համար կարելի է ըսել, որ Նիսը ի՛նքն էր, գրեթէ ամէն բան էր Նիսի մէջ` թղթակից, ցրուիչ, գործիչ:
Որբերու սերունդէն էր Շահան, դառնութեան բաժակները ըմպելէ ետք յաջողած էր նաեւ հպարտութեան պատճառներ ստեղծել ինքն իրեն համար: Վայելած էր Նարդունիի, Շուշանեանի եւ տաղուած ու կրակոտ միւս տղոց մտերմութիւնը, եւ ձուլումին դէմ ու վերականգնումի համար մղուած պայքարներուն իր երիտասարդութիւնը նուիրաբերելէ ետք, երիտասարդական կորովով դեռ կը հաւատար պայքարի նոյն միջոցներուն` թերթին, գիրքին, ակումբին, դրօշակին եւ ազգը համախմբող ոգեկան բոլոր ծիսակատարութիւններուն:
Շապինգարահիսարցի էր ու հազար դժոխքներէ անցնելէ ետք աչքը բացած էր Ֆրանսա, բայց Շապինգարահիսարի արծիւներէն արծուային բան մը կը պահէր իր հոգիին մէջ, կը պահէր ամէնէն առաջ «իբրեւ արծիւ» սաւառնող եւ երկինքն ու երկիրը տենդօրէն թնդացնող յեղափոխականներուն հմայքը:
Եթէ յեղափոխական մթնոլորտի մը մէջ ապրէր, անպայման ֆետայի կ՛ըլլար Շահան: Այնքան մեծ էր իր պաշտամունքը յեղափոխութեան եւ յեղափոխականներուն հանդէպ:
Եթէ դպրոցէ մը անցնէր, անպայման մտաւորականի վարկ մը կ՛ապահովէր մեր իրականութեան մէջ: Այնքան խոր էր իր հետաքրքրութիւնը մտքի մեր իրագործումներուն մասին:
1962-ի գարնան, Նարդունիի եւ Փօլատեանի հետ ձեռնարկուած դասախօսական շրջապտոյտի մը ընթացքին առիթ ունեցանք ճանչնալու այս հաւատաւոր անձը: Ջերմ էր, մարդամօտ: Ձգեց գործը եւ երեք-չորս օր մեզի հետ եղաւ: Ուրախ էր իր մթնոլորտին մէջ: Կը վազէր հոս հոն, կը կազմակերպէր հաւաքոյթները, բացման խօսքեր կ՛արտասանէր: Յուզիչ էր տեսնել իր վարակիչ խանդը:
Լաւ կը ճանչնար իր շրջապատը, շրջապատին կլանող պայմաններն ու կուլ գացող հարազատներուն համար շարունակ կը տագնապէր հոգին: Ոչ ոք կը մեղադրէր ատոր համար, հեղ մը կը հայհոյէր այդ ճակատագրին մեզ ենթարկող ոսոխին եւ իրեն յատուկ կորովով մը կը շարունակէր երիտասարդներուն հայկական ամպիանս ստեղծելու հերոսական ջանքը:
Ամէնէն առաջ աչքերը դաւաճանեցին իրեն.
– Անտանելի է այս կացութիւնը,- կ՛ըսէր, կը գրէր, կը կրկնէր,- չեմ կրնար կարդալ եւ առանց կարդալու տխուր է կեանքը:
Աշխատաւոր մարդու առօրեային մէջ սորված էր հայերէնը, «Յառաջ»-էն, եւ հրեղէն անձերու, հրեղէն թուականներու հետ ապրելու մխիթարութիւն մը ստեղծած` իր հոգիին համար, որմէ կը զրկուէր ու կեանքը տխուր էր…
Աւելի տխուր է այս սերունդին կանխահաս տերեւաթափն ու այն «ամայութիւնը», որ կը յաջորդէ մեկնողներուն…
Պ. Ս.
Ակնարկ
Թուղթ, Երկու Թուղթերու Մասին
Թուղթերէն մէկը «Ազդակ»-ի շաբաթ օրուան թիւին մէջ ստորագրած Մուսա Փրենսի «Հայկական լինելութիւն»-ն է եւ միւսը` Հայաստանի մտաւորականներէն մէկուն գրչով գրուած այն լուսասփիւռ էջերուն շարքը, որ «Ճշմարտութեան վրէժխնդրութիւնը» պարագայական վերնագրին տակ ներկայացուեցաւ ընթերցողին:
«Հայկական լինելութիւնը»:
«Ճշմարտութեան վրէժխնդրութիւնը»:
Այսպիսի գրութիւններ միշտ չեն գրուիր: Յօդուածային ծաւալներու մէջ հազուադէպ է այսքան ուժ ու լոյս ամփոփել: Ճանաչումներու ճոխութիւնը, թափանցումը, արդարադատութիւնն ու քաջութիւնը քով քովի եկած են ու ստեղծած` այնպիսի որակ մը, որ հիացում կը պատճառէ միայն ու երկիւղած յարգանքի կը մղէ մարդս:
Կը նշանակէ, թէ ո՛չ օտարը անծանօթ է մարդկութեան անհրաժեշտ մեր ընդոծին կարողութիւններուն, ո՛չ ալ մեր սահմաններուն մէջ օտարացնող հետեւողական ջանքը յաջողած է արմատախիլ ընել հայ մարդուն մէջէն ճշմարտութեան սէրը:
Հայ հոգիին ու արեան շռայլ կարելիութիւնները ըստ էութեան քննութեան ենթարկող անփշրելի փորձ մըն է Մուսա Փրենսի վերլուծումը, իսկ հայաստանցի անծանօթ մտաւորականին գրութիւնը կը հանդիսանայ պատմութեան մէկ պահուն դրսեւորած ճակատագրական մեր խոյանքներուն ճշմարիտ վաւերագրութիւնը:
Առաջինը տեւականութեան համար մղած մեր պայքարը փիլիսոփայական խորքի մը վրայ դնող կախարդական նկարագիր մը ունի, իսկ երկրորդը` ազգը զգաստացնող հաշտարար բնոյթ մը:
Երկու թուղթեր: Մարդկային արժանաւորութիւնն ու արժանապատուութիւնը վեր հանող լրջութեան ու խոհականութեան բնորոշ երկու օրինակներ` համոզիչ ու կեցուցիչ:
Մի՛ փճացնէք: Գուրգուրանքով պահեցէք երկուքն ալ: Վհատութեան ատեն պէտք կ՛ըլլան անոնք, անխուսափելի իմաստակներուն դէմ մղուելիք անխուսափելի պայքարներուն ատեն անհրաժեշտ են` զինաթափող, զինավառող թուղթեր:
Կարդացէք վերստին, կարդացէք ձեր բարեկամներուն, թշնամիներուն կարդացէք ու մի՛ մոռնաք անոնց բովանդակած իմաստութիւնն ու ճշմարտութիւնը հաղորդել կազմաւորուող ձեր որդիներուն: Վասնզի ճշմարտութիւնը պէտք է շուտով տեղ գտնէ եւ հայկական լինելութեան առջեւ ցցուող խոչընդոտները այժմէն հարթուին:
XX