Նոթեր Ու Նետեր
Մաքրութիւն, Առողջապահութիւն
Թուրքիոյ Մէջ
Թուրքիոյ առողջապահութեան նորընտիր նախարարը` տոքթ. Վետատ Ալի Էօզքան, հետեւելով երբեմնի Թուրքիոյ թղթատարական նախարար Ոսկան Մարտիկեանի, անակնկալ ու գիշերային այցելութիւններ կատարած է, ուր որ անկ է:
Ապա թէ ի՛նչ կը հաղորդուի Անգարայէն.
Առողջապահութեան նախարարը կայծակնային քննութիւններ կատարեց վեց նահանգներու հիւանդանոցներուն եւ առողջապահական հաստատութեանց մէջ, ու տեսածներէն դժգոհ` յայտարարեց, որ կը պատրաստէ օրինագիծ մը` գործերը մէկ ձեռքի մէջ կեդրոնացնելու համար: Նախարարը գիշերանց այցելեց հիւանդանոցները եւ տեսաւ բացակայութիւնները հերթապահ բժիշկներուն: Բուժարան մը փակ էր: Այլ տեղ մը անձնակազմը մշիկ-մշիկ կը քնանար: Բազմաթիւ հաստատութիւններ անմաքուր եւ անխնամ էին: Հիւանդապահուհիները զինք չճանչցան ու ըսին. «Ո՞վ էք, ի՞նչ կ՛ուզէք, ինչո՞ւ եկած էք»:
Նախարարը տակաւին յայտարարեց.
– Հիւանդանոցներու մէջ մուկերու բացած ծակերը պէտք է գոցուին: Սառնադարանները վերածուած են հանդերձարանի: Արեւելեան նահանգներու մէջ բժշկական «ընկերվարացում»-ի դրութեան նշոյլն անգամ չկայ: Պաշտօնի կոչուած բժիշկները մէկիկ-մէկիկ կը փախչին, դասալիք կ՛ըլլան: Համալսարանէն պիտի պահանջենք, որ վկայական չտրուի անո՛նց, որոնք չեն ուզեր գաւառներու, գիւղերու մէջ ծառայել:
Իսկ «Միլլիյէթ» թերթը կը գրէ.
«Մեր հիւանդանոցներուն աղտոտութիւնը եւ անկերպարան վիճակը երեւան ելան: Ամէնէն աւելի այդ հաստատութիւններն էին, որ պէտք էր ըլլային մաքրամաքուր ու խնամեալ, մինչդեռ ողբալի վիճակի մէջ են: Անշուշտ այս գայթակղութիւնը նորութիւն մը չէ, բայց ցաւալին այն է, որ կարելի չ՛ըլլար դարման մը գտնել ու վերջ տալ այս ողբերգութեան»:
Բայց ամբողջ Թուրքիան հիւանդանոց մըն է, բերնէ բերան լեցուն` զանազան զազրելի ախտեր ունեցող հիւանդներով: Լայնատարած այդ հիւանդանոցն ալ հիւանդ մըն է` աղտոտ ու ախտավարակ:
Թուրքիոյ մէջ քանի՞ գորշ գայլ կարելի է գտնել, որ չունենայ ջերմամիզութիւն, սիֆիլիս, բորոտութիւն, հիւծախտ, դեղնախտ եւ այլ հիւանդութիւններ` յայտնի կամ գաղտնի: Թուրքիան հարուստ է հիւանդութիւններով: Թուրքիան հանք է հիւանդութեանց:
Աղտոտութի՞ւնը… Մշտական ցուցահանդէսներ սարքուած են կողտոտութեան` թրքական պանդոկներու, ճաշարաններու եւ բոլոր խանութներուն մէջ` մսավաճառի, նպարավաճառի, անուշավաճառի ու փուռի:
Առողջապահութեան նախարարը ինքն ալ հիւանդ մըն է, քանի որ յաւակնութիւնը կամ միամտութիւնը ունի ամէն ինչ դնելու կարգի: Յաւակնութիւնն ալ միամտութիւնն ալ մտային հիւանդութիւններ են:
Թուրք ըսելը` աղտոտութիւն ըսել է. իսկ աղտոտութիւնը կ՛արտադրէ տեսակ-տեսակ մանրէներ, որով` հիւանդութիւններ:
Եթէ ես գիտնական ըլլայի, միքրոպներուն ամբողջութիւնը պիտի անուանէի «թուրք»:
Մէկ միջոց կայ Թուրքիան փրկելու հիւանդանոց ըլլալէ ու թուրքը փրկելու` միքրոպներու լիակատար հաւաքածոյ մը ըլլալէ: Միայն ու միայն մէկ միջոց: Այդ միջո՞ցը. ամբողջ Թուրքիան պէտք է յանձնել հայոց, իսկ թուրքերը պէտք է վերածուին հլու հպատակի: Չե՞ն ուզեր. իրենք գիտեն: Ապականութեամբ կը տարբաղադրուին, այսինքն կը փտին, կը փրթին, կը թափին: Ո՛չ ամերիկեան տոլարներով, ո՛չ իսկ եթէ երկինքէն ոսկիներ տեղան, չեն կրնար փրկուիլ:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ