Պալեան Հռչակաւոր Գերդաստանը
Այց Մը Անոնց Շիրիմներուն
Ո՞ր պոլսահային ծանօթ չէ անունը մեծահռչակ ՊԱԼԵԱՆ գերդաստանի: Անոնք փառքն ու պատիւն են պոլսահային եւ հայութեան: Ամէն մէկ քայլիդ, ամէն մէկ աջ ու ձախ շարժումիդ` առջեւդ կը ցցուի սուլթաններու ճարտարապետ Պալեաններու հանճարին արգասիքին եղող հիասքանչ պալատ մը, քէօշք մը կամ կոթող մը: Վեհապետներ, թագաւորներ ու կայսրեր սքանչացումով դիտած ու գնահատած են Պալեաններու կոթողական կառուցումները:
Ամսոյս 17-ին այց մը տուի յարգելի բարեկամիս` Գէորգ Փամպուքճեանի ընկերակցութեամբ` Սկիւտարի հայոց գերեզմանատան (Ս. Խաչ), ուր կը հանգչին աճիւնները Պալեան գերդաստանի քանի մը դէմքերու: 1960-ին, առաջին անգամ, այցելած էի նոյն վայրը եւ տեսած` Պալեաններու շիրիմները, բայց այս անգամուն Պալեանները իրենց տեղէն խախտուած գտայ: Մուտքի դրան մօտ էին անոնք 1960-ին, բայց հիմա բաւական հեռու տեղ մը տարուած են, եւ չեմ գիտեր, թէ մարմիններո՞վ, թէ՞ լոկ շիրմաքարերով փոխադրուած են:
Նպատակս է հաւաքել բոլոր հնարաւոր նիւթերը եւ հատորի մը մէջ ամփոփել ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ:
Կոչ կ՛ընեմ այսու ի սփիւռս ցրուած մեր ժողովուրդի մտաւորականներուն եւ մանաւանդ Պալեան գերդաստանի մնացորդաց սերունդին` օգնել եւ օժանդակել ինծի` ղրկելով որեւէ տեղեկութիւն, նշխար, լուսանկար, մանաւանդ Պալեաններէ մնացած ժամանակագրութիւն ընտանեկան արձանագրութիւն, անուններու ցանկ եւ այլն: Որեւէ նիւթի հայթայթիչին անունը պիտի պիտի յիշեմ երկիս մէջ առանձին երախտագիտութեամբ:
1960-ին, երբ կը ձեռնարկէի ուսումնասիրութեան Տատեան գերդաստանի պատմութեան, ոչ մէկ ողջ Տատեան անձ ծանօթ էր ինծի. նոյն տարին «Մարմարա»-ի մէջ տուած «Կոչ»-ի մը միջոցով կը ծանօթանայի աւելի քան 50 ողջ տատեանցիներու եւ կ՛ունենայի առանձին հատորի մը նիւթ: Այսօր ալ նոյն պայմաններու մէջ է, որ կ՛ընեմ այս կոչը` չունենալով ծանօթութիւն ոչ մէկ ողջ անձի Պալեաններէն: Չկա՞յ արդեօք. չէ՞ մնացած ոեւէ ողջ անձ: Սպառեցա՞ւ, վերջացա՞ւ, այնքան անուանի գերդաստանի մը սերունդը, Օ՜, որքան ցաւալի պիտի ըլլար այդ: Բայց ես յոյս ունիմ լսելու, իմանալու, թէ կայ, կը գտնուի տակաւին ողջ անդամ մը այդ հոյակապ ընտանիքէն: Թերեւս մէկէ աւելի անդամներ կան հոս` Պոլիս (խնդրեմ հասցէն) կամ արտասահմանի մէջ:
Կը խնդրեմ բոլոր հայ թերթերէն, որ հաճին տեղ տալ այս կոչիս:
Ահա իմ հասցէս.-
Հ. Եփրեմ Պօղոսեան
Քոլեճ Մեքիթարիսթ, Հազմիյէ
Պէյրութ-Լիբանան
Հ. ԵՓՐԵՄ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
ՎԻԵՆՆ. ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Պոլիս, 19/8/1967
Ճեմարանի Գիտական
Աշխատանոցը
1966-1967 ուսումնական տարեշրջանին զուգադիպող եւ Ճեմարանի մէջ իրագործուող «յաւելում»-ներուն ամէնէն ուրախառիթը պէտք է սեպել հոն հաստատուած նոր գիտական աշխատանոցը:
Նախապէս Ճեմարանի վերի կարգերու ուսանողութիւնը գիտական իր փորձերը կը կատարէր հին շէնքի գետնայարկը, լապորաթուարին մէջ, որ ունէր երկու մաս` բնագիտութեան եւ քիմիաբանութեան բաժինները: Երկուքն ալ կը կրէին ամերիկահայ իրենց բարերարներուն անունները, առաջինը` Ռշտունի Թովմասեան, իսկ երկրորդը` Յովսէփ Նահիկեան:
Անցեալ ամառ, շնորհիւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեան, հնարաւոր դարձաւ կառուցել լապորաթուարը` գիտական աշխատանոցը թիւ 1 շէնքին հինգերորդ յարկը: Այս զոյգ նպատակներու իրագործման` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը մասնակցեցաւ քսան հազար տոլարով:
Անցնող ուսումնական տարեշրջանին գիտական նոր աշխատանոցը լաւագոյնս ծառայեց իր նպատակին` արդիական իր նոր սարքաւորումով:
«Մարտիկեան թանգարան»-ին վրայի յարկը գրաւող գիտական այս աշխատանոցը ունի հետեւեալ բաժինները.
ա) Ամփիթատրոն-լսարան մը, ուր կը դասաւանդուին գիտական բոլոր նիւթերը` հարկ եղած պարագային հոն զետեղուած շարժանկարի մեքենայի լուսասփռումներուն օժանդակութեամբ:
բ) Երկու իրերայաջորդ, ընդարձակ եւ լուսաւոր սրահներ, առաջինը բնագիտութեան, իսկ երկրորդը` քիմիաբանութեան համար
գ) Երկու երկրորդական սրահներ`
1.- Օփթիքի սրահը (լոյսի վերաբերեալ փորձերու մութ սենեակը).
2.- Ընդհանուր սրահը, որ մօտ ապագային կը ծրագրուի յատկացնել բնական գիտութիւններուն: Բնական գիտութիւններու փորձերը ներկայիս կը կատարուին քիմիագիտութեան բաժնին մէջ:
դ) Մէկ դասարան, որ հետագային կոչուած է ըլլալ լիբանանեան պաքալորէայի գիտական դասարան, իսկ ներկայիս դասարանն է ֆրանսական պաքալորէայի Բ. բաժնի փիլիսոփայութեան ճիւղին:
Բոլոր բաժիններն ալ ունին արդիական ու մաքուր սարքաւորում եւ կազմածներ: Գիտական փորձերը հաճելի դարձնելու եւ գիտութիւնը սիրցնելու նպատակայարմար վայր մը: Քաղաքիս կրթական բոլոր հաստատութիւնները նկատի առած` Ճեմարանի գիտական նոր աշխատանոցը, լաւագոյններէն մէկն է իր արդիականութեամբ եւ ընդարձակութեամբ:
Անշուշտ, կատարեալ ըլլալու համար ունի պակասներ, մասնաւորաբար` սարքի տեսակէտէն: Բայց հպարտութիւն առթող Ճեմարանի այս բաժինն ալ շուտով ամբողջացած տեսնելու յոյսերը մե՛րն են, քանի որ ան հետաքրքրուողներ ունի արդէն, եւ կը յուսայ ունենալ ուրիշներ ալ հետզհետէ:
«Պապիկեան» հաստատութիւնը նուիրած է անոր` ելեկտրական ժամացոյց մը պատի, Հրաչ Թուրիկեան` խոշոր ջերմաչափ մը պատի, Նշան Թիւյսիւզեան` գիտական գրքերու շարք մը` անոր գիտական գրադարանին:
Իսկ Հրաչ Տասնապետեան, որուն հմտութեան եւ ձեռնհասութեան վստահուած է այս շատ կարեւոր բաժնին պատասխանատուութիւնն ու կազմակերպումը, ոգի ի բռին կ՛աշխատի նպատակին լաւագոյնս ծառայող նուիրական վայր մը դարձնել գիտական այս աշխատանոցը: Այսպէս է, որ անոր կը յատկացնէ ոչ միայն դասաւանդումներէն դուրս թանկագին ժամեր, այլ տրամադրած է անոր հանքաբանական իր անձնական հաւաքածոն:
Ահաւասիկ բոլորին առջեւ նուիրաբերման նոր խորան մը` վասն նոր սերունդներու լաւագոյն պատրաստութեան:
Որքան շնորհաւորելի պիտի ըլլար, օրինակ, երբ փոխ առնուած շարժապատկերի մեքենան դառնար սեփական:
Որքան ուժ եւ շունչ խնայուած պիտի ըլլար ուսանող-ուսանողուհիներուն, ուսուցիչներուն եւ այցելուներուն, եթէ գիտական աշխատանոցը (հինգերորդ յարկ) կարելի ըլլար բարձրանալ վերելակով, մանաւանդ որ անհրաժեշտութիւնը նկատի առնուած եւ վերելակի տեղ նախապատրաստուած է արդէն:
Չենք տարակուսիր, որ ասոնք եւ մնացեալ սարքերը չեն ուշանար, եւ մենք կ՛ունենանք ի մօտոյ ամբողջական եւ գերարդիական գիտական աշխատանոցը:
Յ. Գ.