Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Օգոստոս 1967)

Օգոստոս 22, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիթլերէն… Մուսա Փրենս

Մուսա Փրենսի մամլոյ ասուլիսը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց հայ հասարակութեան մէջ:

Ընդհանրապէս այսպէս եղած ենք: Երբ որ հայ մը զբաղած է հայով, հայութիւնը քաղցր սարսուռ մը անցուցած է:

Այն իրողութեան համար, որ օտարները մեզ թողլքած են յաճախ, մեզմով չեն զբաղած կամ զբաղած են պարագայականօրէն երբեմն նման առկայծող ճրագներ խարոյկի տաքութիւն են առթած մեզի: Հասկնալի բարդոյթ:

Երբ օտար որոշ հեղինակութիւն մը ձայն է բարձրացուցեր մեզի ի նպաստ, յոյսով ենք վարակուած յեղակարծօրէն:

Թաքուն մեղքի բաժին մըն ալ` այս երեւոյթին տակ: Մենք նուազ վստահած ենք մեզի, առաւել` օտարներուն, հակառակ մեր դառն ու դարերու փորձառութեան…

Մուսա Փրենսի պարագայով շեշտուած սա «օտար» բառը օտար է ինքն իր մէջ: Մի՛ զարմանաք, եթէ վաղը մեզմէ ոմանք պնդեն, ուրիշներ նոյնինքն Մուսա Փրենսին հարցնեն, թէ, իրօք, այսպէս, իր ընտանեկան ծառի ուսումնասիրութեան ատեն չէ՞ հանդիպած արդեօք հայ անունի մը: Հեռուէն մօտէն հայու արիւն չէ՞ անցած իր երակներուն…

Մեզ սիրողը երբեք օտար չենք նկատած, երբեք, ու` բարեբախտաբար: Հազուագիւտ այդ բարեկամները զգացած են, որ մենք երախտամոռ չենք եղած իրենց նկատմամբ: Ասիկա գէթ, եղած է օտարամոլութեան մեր առաւելութիւնը:

Այս պարագային, սակայն, օտարամոլութիւն բացատրութիւնն ալ շատ ալ տեղին չէ: Մուսա Փրենսով  խանդավառուիլը օտարամոլութեան ոչինչ ունի: Բոլոր փոքր ազգերը կարիքը ունին այլացեղ բարեկաներու:

Ու Մուսա Փրենսը, մանաւանդ, ի յառաջագունէ, ունի խիզախ ճշդում մը. հայասիրութիւնը այնքան իր սրտին չի խօսիր, որքան հայութեան ընդմէջէն` մարդասիրութիւնը:

Ազնիւ մեթրին Հիթլերէն այն մէջբերումը, թէ` ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՇՈՒՈՎ ԱՅՍՕՐ Ո՞Վ ԿԸ ՅԻՇԷ ՀԱՅԵՐՈՒ ՍՊԱՆԴԸ, համամարդկային մտահոգութեան մը ու գերբարոյականի մը ամրութիւնը կը փաստէ:

Աշխարհ վատ արարքներու անպատիժ մնալու իրողութիւնը պէտք չէ կարենայ վահան ընել` նոր վատ արարքներ ծրագրելու ու գործադրելու համար:

Եթէ Հիթլերէն առաջ հիթլերատիպ թուրքերը աշխարհի արդար դատարանէն անցնէին, նոյն Հիթլերը պիտի չհամարձակէր ըսել այն, ինչ որ ըսաւ ու ըրաւ:

Հո՛ս է Մուսա Փրենսի հասկացողութեան ու կիրքին ակունքը:

Ոճիրները պէտք չէ անպատիժ մնան, որպէսզի նոր ոճիրներ չգործուին: Այս իմաստով առած` հայասպանութիւնը կը դառնայ մարդասպանութիւն` իր համաշխարհային առումով:

Այս իմաստով առած` հայոց ճակատագիրը կը դառնայ վաղուան ճակատագիրը բոլոր ազգերուն (մեծ ու փոքր) ճիւաղներու պարագայական, բայց անխուսափելի երեւումներու պարագային:

Հայութեան համար արդարութիւն ընել` պիտի նշանակէր աշխարհը փրկել նմանօրինակ աւերներէն:

Հո՛ս է Մուսա Փրենսի խանդին ակունքը: Պէտք է փոշիանայ, ու վերջնականօրէն` հիթլերներու տրամաբանութիւնը: Այդ տրամաբանութեան դէմ է, որ կը խիզախեն մուսա փրենսները, ու մուսա փրենսներու բանակն է, որ պիտի փորէ հիթլերներու գերեզմանը` բարօր աշխարհի մը կառոյցի անսահման հաւատքով:

Ու Հիթլերի գերեզմանը, մուսա փրենսներու քայլով, թալէաթներու խաչափայտէն է, որ կ՛անցնի:

ԱՍՏՂ

 

Միացեալ Նահանգներու Մէջ

 Թրքական Ցուցահանդէս
… Հայկական Վարձու Գորգերով 

Հայուհի Մը Վար Առնել Կու Տայ
Թրքական Դրօշակները

Ֆրեզնոյի մեր պաշտօնակիցին` «Ասպարէզ»-ի թղթակիցը կը գրէ.-

Յունիս 23-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Կոլտըն Կէյթ փարքի «Տի Եունկ» գեղարուեստական մեծ թանգարանին մէջ բացուեցաւ թրքական գեղարուեստի ցուցահանդէս մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ օգոստոս 6: Մուտք նշանակուած է 1 տոլար: Բացման օրը, երեկոյեան, թուրքերը թանգարանի սրահին մէջ մեծ ընդունելութիւն մը կազմակերպած էին, որուն հրաւիրուած էին քաղաքիս հարիւրաւոր բարձր դասի տիկիններ եւ պարոններ: Շամփանիան եւ քոքթէյլը ջուրի պէս կը հոսէին, իսկ ցուցահանդէսին հետ եկած քանի մը թուրք պաշտօնեաներ, շողիքը բերաններուն, զանազան բացատրութիւններ կու տային ներկաներուն, որոնց մէջ` բազմաթիւ թերթերու, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի թղթակիցներ: Տեղական թերթերը քանի մը օր նկարազարդ յօդուածներ տպեցին, իսկ ձայնասփիւռի վրայ ամէն օր յայտարարութիւններ կ՛ըլլան ցուցահանդէսը այցելելու:

Թրքական այս ցուցահանդէսին մէջ կը տեսնուէին նաեւ զանազան մեծութեամբ 40 պարսկական հազուագիւտ գործեր, որոնք կախուած էին մեծ դահլիճի եւ քովընտի երկու սենեակներու պատերէն: Մեծ դահլիճի մուտքի ճակատին անգլերէն գրուած էր` «Գէորգեան հիմնարկութեան հաւաքածոյէն», իսկ մուտքի երկու կողմերը տնկուած էին մօտ քսան ոտք մեծութեամբ երկու հսկայ թրքական դրօշակներ:

Արլին Գռուզեան, որ այս երկիրը ծնած եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած մեր նոր սերունդին կը պատկանի, յուլիս 3-ին կը հրաւիրէ հին սերունդէն երեք ընտանեկան բարեկամներ եւ միասին կ՛այցելեն թրքական ցուցահանդէսը:

Ա. Գռուզեան սուր հետաքրքրութեամբ եւ խուզարկու աչքերով կը դիտէ ցուցադրուած հնութիւնները, եւ երբ դուրս կ՛ելլեն միջանցքը, իր բարեկամներուն կ՛ըսէ. «Ես այստեղ թրքական որեւէ գեղարուեստական գործ չտեսայ»: Արդարեւ, ցուցադրուած հին մինչեւ 2200 թուականը (Ք. Ա.) եւ հետագայ դարերու արձաններ, ամանեղէններ, զարդեղէններ եւ այլն, ամբողջութեամբ կը պատկանէին թուրքերու գալէն առաջ Փոքր Ասիոյ մէջ ապրած եւ մեծ քաղաքակրթութիւններ ստեղծած ժողովուրդներուն`             հիթիթներ, ուրարտացիներ, փռիւգիացիներ, յոյներ, հռոմէացիներ, բիւզանդացիներ եւ այլն: Մեծ մասը յունական եւ բիւզանդական առարկաներ էին, որոնք պեղուած եւ լոյս աշխարհ հանուած են եւրոպացի եւ ամերիկացի հնախոյզներու կողմէ, որոնք վերջին տարիներուն միայն քանի մը փշրանքներ թողած են թուրքերուն, իսկ անկէ առաջ, մօտ երկու դար պեղած եւ իրենց երկիրները տարած են փոքրասիական բազմաթիւ հին գանձեր: Գէթ ես ծանօթ չեմ թուրքերու կողմէ կատարուած որեւէ հնախուզական պեղումներու` իրենց իսկ երկրին մէջ:

Որպէս թրքական ապրանք` կային քանի մը հին մետաքսէ հագուստներ` ճիւպպէ, քանի մը գոհարազարդ գօտիներ, սաղաւարտներ եւ սուրեր, որոնց մէջ` Պոլսոյ Թոփգափու թանգարանէն այն թանկագին կեռ թուրը, որ քանի մը տարի առաջ արկածախնդրական շարժապատկերի մը նիւթ դարձած էր: Իբր թէ միջազգային աւազակախումբ մը փորձեց գողնալ այդ թուրը, բայց բռնուեցաւ: Ի տես այդ սուրերուն` ինծի թուեցաւ, թէ միլիոնաւոր հայերու եւ ուրիշ քրիստոնեաներու անմեղ արիւնը դեռ կը ծփար անոնց վրայ…

Կային նոյնպէս քանի մը ձեռագիր գեղեցիկ ղուրաններ եւ Քէօթահիոյ մէջ հայերու կողմէ շինուած յախճապակիէ ամաններ: Ղուրանները անպայման արաբական կամ պարսկական ձեռագործներ ըլլալու են:

Ահա ա՛յս է թուրքերու «գեղարուեստական ցուցահանդէս»-ը, զոր անոնք, կարգ մը ամերիկացիներու միջոցով, այնքան ճարպիկօրէն կ՛օգտագործեն ի նպաստ իրենց քարոզչութեան:

Ամբողջ ցուցահանդէսին ամէնէն գեղեցիկ եւ աչքի զարնող առարկաները «Գէորգեան հիմնարկութեան» հին եւ աննման գորգերն էին, զորս թուրքերը իւրացուցած են եւ բերած` իրենց ցուցահանդէսին:

Արլին Գռուզեան շատ կը նեղուի այս երեւոյթէն եւ կ՛ուզէ հասկնալ, թէ ի՛նչ տեսակ հայ եղած է Գէորգեանը, մինչդեռ հաւանական է, որ իր ծնողները կամ իրենց գերդաստանի բազմաթիւ անդամներ սպաննուած են թուրքերու կողմէ:

Ցուցահանդէսին հետ եկած թուրքերէն մէկը կը պատասխանէ Արլինի հարցումին եւ կ՛ըսէ, թէ իրենք այդ գորգերը… վարձած են Նիւ Եորքէն:

«Բայց չէ՞ որ այս գորգերը բոլորն ալ պարսկական են եւ հայու մը կը պատկանին, հետեւաբար դուք իրաւունք չունիք ձեր դրօշակները կախելու այստեղ եւ ցուցադրելու զանոնք որպէս թրքական գործեր», կ՛ըսէ Արլին բարկացած:

Այս կրքոտ խօսակցութեան ընթացքին թանգարանի պաշտօնեաներէն մէկը եւ երկու պահակներ կը մօտենան հասկնալու համար, թէ ի՛նչ է վէճին պատճառը: Ա. Գռուզեան պաշտօնեային դառնալով` կ՛ըսէ.

«Այս թուրքերը Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին կոտորեցին հայ ժողովուրդին կէսը. այսօր ալ հայու մը պատկանող պարսկական գորգերը հոս բերած են եւ կը հպարտանան անոնցմով: Այստեղ որեւէ թրքական արուեստ կամ ապրանք չկայ, հետեւաբար ես կը պահանջեմ, որ այս թրքական դրօշակները անմիջապէս հեռացնէք այստեղէն»:

Թանգարանի պաշտօնեան երեւի խնդիրը աւելի չբարդացնելու համար կը հրամայէ պահակներուն երկու թրքական դրօշակները անմիջապէս վերցնել եւ թուրքերուն սենեակը տանիլ:

Ստուգեցինք, որ Գէորգեանին կինը սկովտիական ծագումով ամերիկուհի մըն է եւ դրամի սիրոյն գորգերը վարձու տուած է թուրքերուն:

Արլին Գռուզեան զաւակն է Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Գրիգոր եւ Մելինէ Գռուզեաններուն, որոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են մեր ազգային-եկեղեցական գործերուն եւ շատ օգտակար եղած են մեր գաղութին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հայ Ընտանիք Եւ Հայ Մանուկ». Անընկճելի Միութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?