Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Սեպտեմբեր 1967)

Սեպտեմբեր 7, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրական Առօրեայ

 Ոչ Միայն Հացիւ…

Հոս-հոն կրկնուող տխուր ու տխրեցնող  բարքերուն կողքին, զայրոյթ յառաջացնող լճացումներուն քովն ի վեր, ուրախալի երեւոյթներ կը պատահին տակաւին, որոնք քաղցր մխիթարութեան մը պէս կը բացուին մեր առօրեային վրայ:

Մխիթարութիւններէն մէկը գիրքն է, հայ մտաւորականին ճիգը:

Ստեղծագործական հաճոյքին վարժ հայ միտքը կը շարունակէ իր հերկը, հակառակ անոր որ պայմանները շատ ձեռնտու չեն մտաւորական երկունքներու:

Ճշդենք անմիջապէս, որ նիւթական հնարաւորութիւններու չի վերաբերիր մեր ակնարկը: Ի՛նչ առարկութիւններ ալ առաջ քշուին, պիտի ընդունինք, որ նիւթապէս կը գտնուինք բարգաւաճ միջինի մը վրայ: Կարելի է նոյնիսկ պնդել, որ նիւթապէս այսքան բարգաւաճ չենք եղած:

Տագնապը բարոյական է: Չունինք ընթերցող զանգուած մը, որ հետաքրքրութեամբ ու խանդով մօտենար մատուցուածին, քննարկէր, վիճէր ու հաստատելու  կամ բզկտելու կիրքով նոր գիրք մը գրելու խանդավառութիւնը կամ վրէժխնդրութիւնը բորբոքէր ասպարէզին մարդոց մէջ:

Չենք կրցած պատրաստել ընթերցող զանգուած մը:

Գաղափարական սերունդները, որոնք պիտի խմորուէին դպրոցներուն մէջ, կը թուի, թէ հարկ եղած խնամքը չեն ստանար լուսոյ յարկերուն տակ: Մեր մեծ զոհողութիւններուն փոխարէն` ազգային մեծ տարերքը դրսեւորելու գաղափարական անհրաժեշտ ճիգերը չեն մղուիր, եւ բարձունքներու սեւեռուած բոցավառ աչքերու տեղ, դիւրակեցութիւնը դիւրացնող, վկայականներու նայող պաղ աչքեր կը տեսնուին ամէնուրեք:

Տասնեակ նախակրթարաններ ունինք եւ երկրորդական վարժարաններու պատկառելի թիւ մը` միայն մեր գաղութին մէջ, բայց ազգը պահող անշահախնդիր նիւթերուն համն ու հմայքը արծարծելու կրակով տաղուած ուժեր չունինք, որոնց շունչով թեւաւոր մատաղ հոգիները գային եւ երիտասարդական թափով տէր կանգնէին մեր գրականութեան ու արուեստին, յաւելումներ բերէին մեր գրականութեան եւ արուեստին վրայ:

Հակառակ այս դառն իրականութեան` գիրքեր կը գրուին սակայն եւ գիրքեր կը հրատարակուին, երբեմն հեղինակներու զոհողութիւններով եւ երբեմն` հայ գրականութեան բարեկամներուն աջակցութեամբ, ինչպէս ցոյց կու տայ քովի սիւնակին պարզուած պատկերը:

Մեկենասներու ստեղծած այս գեղեցիկ պատկերը նոր երեւոյթ չէ մեր իրականութեան մէջ, հայ դասական գրականութեան համարեա՛ բոլոր գլուխ-գործոցները երկնուած են մեկենասներու հովանաւորութեամբ, բայց վերջին տարիներուն զգալի թիւ մը կազմեցին գիրք հրատարակելու այդ ազնուական ուրախութեամբ տրոփող հոգիները: Հոս երեւցողները ամէնքը չեն, անոնց կարելի է հանդիպիլ ամէնուրեք, Հիւսիսային Ամերիկայէն մինչեւ Պէյրութ, Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Փարիզ, Մեքսիքայէն մինչեւ Պարսկաստան եւ Ատիս Ապապա:

Ի՛նչ լաւ է երեւոյթը: Ի՛նչ լաւ է հաստատել, որ մարդիկ կան, որոնք «ո՛չ միայն հացիւ» կ՛ապրին, այլ հացի չափ կենսական կը նկատեն հայ գիրքը, գիտեն հոգեկան խնճոյքներ սարքել…

«ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԻՆԵՐՈՎ»
(Զ. Հատոր)
Հեղինակ` Ս. ՎՐԱՑԵԱՆ
«Ինչպէս 5-րդ հատորի համար, սիրայօժար 500 տոլարով նիւթական աջակցութիւն հասցրեց ընկ. Քերոբ Առաքելեանը, Մեքսիքոյից»:

Այս հատորը` վեցերորդը եւ վերջինը «Կեանքի ուղիներով»-ի շարքում, պարունակում է իր մէջ «Հայաստանի Հանրապետութեան» կեանքի 1921 փետրուար-օգոստոս ժամանակաշրջանի «դէպքերը եւ ապրումները», երբ հայ ժողովուրդը բուռն միասնականութեամբ տապալեց իր ուսերից բռնաւորի լուծը եւ մի պահ ազատ շունչ քաշեց:

Գրեթէ կէս դար է անցել այն փոթորկայոյզ օրերից, եւ դեռ պատմութիւնը չի արտասանել իր վերջին խօսքը, եւ մարդիկ կրքով վիճում են եւ իրար ամբաստանում այն դէպքերի համար, որոնք տեղի ունեցան այդ օրերին Հայաստանում: Ոմանց համար այդ դէպքերը «աւանտիւրա» են, «դաւաճանութիւն»` հայրենիքի դէմ: Ոմանց համար` հայրենասիրութեան գերագոյն արտայայտութիւն: Երկու դէպքում էլ` հայ ժողովրդի կենսական ուժերի արտակարգ լարում: Մի բան, սակայն, պարզ է եւ անվիճելի. նրանք, որ իրենց կեանքը զոհեցին փետրուար 18-ի համար, յօժար կամքով զոհեցին, որպէսզի հայրենիքը եւ հայ ժողովուրդը ապրեն ազատ եւ ինքնիշխան իրենց սեփական հողի վրայ:

Ս. Վ.

«ԴԷՄՔԵՐ»
(Ա. Հատոր)
Հեղինակ` ԵԴ. ՊՕՅԱՃԵԱՆ
«Այս հատորը հրատարակուեցաւ մեկենասութեամբ Պր. Յակոբ Աշճեանի:

ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ: Հայոց առաջին մտաւորականը` ամբողջական առումով: Մեր դպրութեան տեսակ մը Հոգին Սուրբը` բառին ծայրագոյն տարողութեամբ: Գաղափարապաշտ անձերու թերեւս ամենամեծն ու ամենաշքեղը մեր մէջ, բազմարդի՛ւնը անկասկած` Տառերու Գիւտին այս ու այն կողմը տարածուող ժամանակներուն մէջ: Հայ մտաւորականութեան ընդհանուրին եւ անոր ընդհանրական խռովքներուն հայրը հետեւաբար` կեանքին մէջ հայր չեղած այս մարդը, զաւակութեան ու խոնարհութեան մէջ իր գոյութիւնը աւարտած այս տարօրինակ միաբանը` տառապակէզ Մեսիայի մը դաւանանքէն ասդին, խորհրդասքանչ ուսմունքի ջահակրութեան ամենաբորբ օրերուն:

Փոթորիկ հոգիով այս սուրբը գործեց փոթորիկներուն ոճով: Ինքնամաշ, ինքնատրոփ, ինքնասպա՛ռ կատաղութեամբ մը: Գործեց, Վաղարշապատի գունատ վանականը, բոլորովին մութ ու մրրկայոյզ շրջանի մը, երբ հայ մարդը, աստուածընտիր տեսակը անոր, պէտք էր առաւել ուժգին ուրականի մը վերածէր ինքզինք…

Ե. Պ.

«ԿՐԱԿԷ ՇԱՊԻԿԸ»
Հեղինակ` Կ. ՓՕԼԱՏԵԱՆ
«Ներկայ հատորը կը հրատարակուի եթովպահայ հետեւեալ բարեկամներու շնորհիւ, որոնց կը յայտնեմ իմ խորին շնորհակալութիւններս. Ե. Տէրեան, Մ. Երեւանեան, Պ. Կարապետեան, Ե. Չորպաճեան, Մ. Քէօշկերեան, Վ. Ծերունեան, Ա. Գալպեան, Պ. Ասլանեան, Ն. Սադաճեան, Կ. Գալայճեան, Մ. Գույումճեան, Ժ. Մարգարեան»:

Ամէն անգամ, որ կը դիզուէին այդպէս անձկութիւնն ու ցաւերը, կը դիզուէին յարկ-յարկ, գորշ ամպերու նման ու կը վերածէին իր կեանքը մթին բանտի, Վրէժ ա՛լ չէր սպասեր, գլուխը կ՛առնէր կը քալէր:

Ահա՛ թէ ինչու նստած էր այդ առաւօտ իր սիրելի սօսիին շուքին տակ, ծովեզերեայ այդ մեկուսի սրճարանին մէջ:

Կ՛այրէր հոգին…

Օրերէ ի վեր տուն, գործ ձգած` ինկած էր փողոցները: Ելք մը կը փնտռէր: Կը փնտռէր, բայց չէր գտներ:

Ու հասած էր ծայրը… Ծայրը այն ճամբուն, ուրկէ անդին ա՛լ անդունդ էր, անխուսափելին:

Ամբողջ գիշերը, անյայտ պանդոկի այդ աղտոտ սենեակին մէջ, կոպը կոպին վրայ չէր դրած: Եւ առաւօտ կանուխ վազած` եկած էր հոդ:

Կ. Փ.

«ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ»
Հեղինակ` Զ. Մ. ՈՐԲՈՒՆԻ
«Մեկենասութեամբ պէյրութաբնակ բնիկ տէրսիմցի Գէորգ Երեւանեանի, որուն կը յայտնէ հեղինակը իր սրտագին շնորհակալութիւնը»:

Ազնիւ օրիորդ Արշալոյս,

Վահագնը մեռաւ,

Այո՛, Վահագնը մեռաւ: Այսօր ոստիկանական կառքը մարմինը դիարան փոխադրեց: Հաւանաբար դիտարանն ալ զայն յանձնէր բժշկական համալսարանին, եթէ երկու օրուան ընթացքին դիակին տէր ելլող չըլլար: Եկեղեցին չուզեց զբաղուիլ անձնասպանութեամբ, մեռած ըլլալուն համար: Մոռցայ ըսելու, որ Վահագն անձնասպան եղաւ: Երէկ, երբ աշխատանքէս սենեակ մտայ, Վահագնը գետին երկարած գտայ: Նախ կարծեցի, թէ գետինը երկարած` թերթ կը կարդար, քանզի չորս կողմը թերթերով շրջապատուած էր, երբ աչքիս զարկաւ պաղած արիւնի լիճը: Ածելիի շեղբով ձախ դաստակին բազկերակը բացած ու դրած էր լրագիրներէ կազմած անկողինի մը վրայ: Յետոյ խաղաղութեամբ սպասած էր մահուան` ըստ դէմքին վրայ արձանացած տպաւորութեան, որ վերջապէս խաղաղած հոգիի մը արտայայտութիւնն էր:

Զ. Ո.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Դպրոցական Վերամուտը Տարբեր Երկիրներու Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?