Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Սեպտեմբեր 1967)

Սեպտեմբեր 5, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քար` Քարկոծողներուն

Սկսեալ պատմութեան առաջին շրջաններէն` մարդկութեան մեծագոյն անիծեալը գրագէտը եղած է ու աշխարհի բոլոր անկիւններուն նոյն ճակատագիրը կը շարունակէ տակաւին լուսափաղփ բանին այս դժբախտ սպասարկուն:

Հեղ մը նայեցէք ձեր շուրջը:

Այս օրերուն քանի մը պետութիւն միաժամանակ խաչակրութիւն սարքած են իրենց իմացական բերքը հարստացնող կարկառուն դէմքերուն դէմ: Ռուս Վոզնեսենսկիին չարչարանքը նոր սկսաւ, իսկ եուկոսլաւ բանտարկեալ գրագէտ Միխայիլովի երկրորդ դատավարութեամբ վերանորոգուած վիրաւորանքը վերստին ցնցեց շահագրգռուողներուն խղճմտանքը: Ու վերջին տարիներուն միւսներուն պատահածները տակաւին, միւսները` Պորիս Փասթեռնաք, Անտրէ Սինեաւսկի, Եուրի Դանիէլ, Վալերի Թարսիս, Սոլժենիցի: Մեծեր, մեծութեան նշաններ` արդարութեան ծարաւ, ազատութեան կարօտ, յեղափոխական պայմաններու պէտք, ու արդարութեան համար` հալածանք, ազատութեան համար` բանտ, ըմբոստութեան համար` աքսոր:

Բայց մարդուն մարդկային իրաւունքները արգիլելու ձգտող բռնակալական միջոցները ազդու միջոցներ չեն այլեւս: Այս ուղղութեամբ խիստ պերճախօս էր Անտրէ Վոզնեսենսկիի նամակը, իսկ եուկոսլաւ Միխայիլովը ապշեցուցիչ արութեամբ մը քանի մը շաբաթ առաջ կը պոռար դատախազներուն երեսին.

«Եթէ ազատ ըլլայի եուկոսլաւ մամուլին մէջ յօդուածներ գրելու, արեւմտեան թերթերուն համար յօդուածներ պիտի չգրէի»:

Ուրախալի են այս լուրերը:

Կը նշանակէ, որ մարդը իր կոչումին ծառայելու քաջութիւնը չէ կորսնցուցած եւ «կեանքից թանկ բանը» իր կեանքով նուիրագործելու աստուածային կամեցողութիւնը չէ բթացած բռնութեան թաթին տակ:

Մենք` հայերս հաւանաբար բոլոր ժողովուրդներէն աւելի կը զգանք վերոյիշեալ գրագէտներուն հասցուած ե՛ւ վիրաւորանքը ե՛ւ անոնց դրսեւորած ոգին, որովհետեւ լաւ կը ճանչնանք թէ՛ բռնութեան ահաւորութիւնը, թէ՛ ազատութեան գինը: Մենք թուրք ունեցած ենք մեր գլխուն վերեւ եւ համայնավարութեան կիրարկած առաջին թրքութիւններէն զերծ չենք մնացած: Մենք խորութեամբ կը զգանք նման երեւոյթներէն բխած խռովքները:

Մէկ բան յստակ է սակայն, մխիթարական է մէ՛կ բան, բռնութիւնը բռնութիւն է ի վերջոյ, սեւ է, հիւանդագին խառնուածքներու հետեւանք է, մերժելի, հայհոյելի, կ՛անցնի եւ իսկոյն կը վերականգնի անոր կործանել կարծած տենչը, խոհը, փառքը, ինչպէս գիտենք ամէնքս, ինչպէս կ՛անդրադառնանք այս օրերուն, Չարենցի առիթով, բանաստեղծին ծննդեան եօթանասունամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն ու հրատարակութիւններուն ի տես:

Միայն թէ պայծառ ու պայծառանուն դէմքերուն դէմ շղթայազերծուած խաչակրութիւնները միշտ պետական հաշիւներով ու մեքենայութիւններով չեն կատարուիր: Նոյն դերը կը կատարեն երբեմն մանր մարդոց մեծ քէները եւ չարահանճար տկլորներուն նախանձը: Օրինակները շատ են ու մօ՛տ են: Մոռցէք, եթէ կ՛ուզէք վերը յիշուած օտար գրագէտները, օտար բռնակալութիւնները, թուրքը, համայնավարը, եւ յիշեցէք մեր գրականութեան վերջին երկու քուրմերը` Օշականը եւ Չարենցը կրկին, ասոնց վերջին օրերը: Ի հարկէ ոչ ոք մոռցած է առաջինին դէմ կազմակերպուած «Հակակրանքի երեկոն» ու քսութեան հազար ցերեկոյթները, եւ ոչ ոք կրնայ մոռնալ նախանձի եւ փոքրոգութեան նոյն շարժառիթներով երկրորդին դէմ սարքուած արիւնոտ դաւերը:

Օրէնք է կարծես, ու սովորականէն վեր մարդերը ընդունելի չեն ժամանակակից սովորականներուն համար: Պարզ մարդոց ներքին պարզութեամբ ապրելու անընդունակ եւ մեծերուն մեծութեան հասնելու անկարող դա՛սն է ընդհանրապէս այդ անհանդուրժողութեան հեղինակը, միջակութի՛ւնն է, ու դաւը ի՛ր գործն է, իրմէ վեր հասակներուն քար նետելու ձգտումը իր բնաւորութիւնն է: Ե՛ւ Օշական, ե՛ւ Չարենց անդրադարձած են ատոր: Օշական` երբեմն, Չարենց` յաճախ: Թերեւս այս բոլորին մէջ միակ շահը քարկոծիչներուն անձը բնութագրող մեծերուն լուսաւոր ախտաճանաչումն է: Անհոգի հոգիներուն թոյլ ձեռքերով նետուած քարը տեղ չի հասնիր, կ՛ըսեն անոնք, կը վերադառնայ նետողին, ինչպէս պատկերացուցած է Չարենց իր հպարտ վեցտողեակին մէջ.

Չնչին, ինչպէս Արարատին նետուած քար`
Դաւերը սեւ մարդուկների այդ անկար-
Օ՜, չըհասած քղանցքներին անգամ քո`
Վայր են թափւում համայնացած քո կամքով-
Եւ առյաւէտ կորչում անզօր ու անկար,
Ինչպէս անհաս Արարատին նետուած քար…

Այսպէս եղաւ: Այսպէ՛ս է: Բամբասանքներով ու քսութիւններով ու դաւերով մարդիկ երբեք չեն կրցած յառաջընթաց գրագէտի մը զօրութիւնը արգիլող փաստեր արձանագրել:

Հիմա հայրենիքին մէջ Չարենցի ծննդեան 70-ամեակը կը տօնեն` բոլոր անկիւններուն, շռնդալից կերպով: Հոն է իր դաւերուն սեւ պտուղները օրին ապրած սեւ մարդուկների անկար ամբոխին մնացորդացը ու կ՛ապրի, չենք գիտեր` ինչպէ՛ս կ՛ապրի, քարը սրտին հաւանաբար, արեւու լոյսէն ահաբեկ, տխուր` քա՛րը գլխուն…

ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ

Անդրանիկ

Բռնակալութեան դէմ ծառացող իւրաքանչիւր ժողովուրդի ազատագրական պայքարը իր անհրաժեշտ խորհրդանիշը կը գտնէ հերոսի մը անուան մէջ: Իտալացի ժողովուրդը Կարիպալտի կ՛ըսէ, ու իր աչքին առջեւէն կը տողանցեն անցեալ դարու հրաշապատում արարքները, որոնք Իտալիոյ անկախութեան յանգեցան:

Որեւէ ազատագրական պայքար անխուսափելիօրէն կը ստեղծէ իր առասպելատիպ խորհրդանիշը անունի մը շուրջ, որ կարելի բոլոր առաքինութիւններով կ՛օժտուի, ժողովրդական լայն զանգուածներու ներշնչումի աղբիւր կը դառնայ եւ զինակիր հերոսին անձով կը բովանդակէ արեան գիրքը, որ պատմութիւնն է ժողովուրդի մը ազատութեան ի խնդիր մղած կռիւներուն:

Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը չէր կրնար խուսափիլ այս անհրաժեշտութենէն: Տասնամեակներու մաքառումները մարմնաւորելու համար հերոս մը պէտք էր, որ իր գործունէութեամբ առաւելագոյնս կարողանար ներկայացնել բռնակալութեան դէմ շղթայազերծուած պայքարը:

Այդ հերոսը հայ ժողովուրդը գտաւ Անդրանիկի մէջ: Գիւղացիի զաւակ, տեղական պայմաններու ծնունդ, գրեթէ անգրագէտ` ան իր առասպելական հերոսամարտերով եւ սխրագործութիւններով յարմարագոյն տիպարն էր, հերոսի իսկական դէմքը, որուն մէջ կը խտանային հայ ժողովուրդին բոլոր առաքինութիւնները: Ու բանաստեղծներէն սկսեալ մինչեւ յետին գիւղացին` գովերգներ հիւսեցին անոր անուան շուրջ եւ մեր ազատագրական շարժումը երգեցին Անդրանիկին նուիրուած երգերով:

Անդրանիկի համահաւասար ու գուցէ աւելի արժէքով հերոսներ արձանագրեց մեր ազատագրական շարժումը: Աղբիւր Սերոբ, Գէորգ Չաւուշ, Հրայր, Մուրատ, Դուման, Քեռի` ոչինչով ետ կը մնային Անդրանիկէն` իրենց ռազմական յատկութիւններով, վտանգին առջեւ իրենց յայտնաբերած սառնասրտութեամբ, հայ ժողովուրդին նուիրուելու իրենց վճռակամութեամբ: Բայց ընտրութիւնը կատարուած էր, եւ Անդրանիկ դարձած` ազգային հերոս, խորհրդանիշը` մեր ազատագրական պայքարներուն:

Ու այսօր ալ տակաւին, երբ այդ օրերը պատմութեան գիրկը նետուած են, երբ հայ ժողովուրդը, երկրէն ներս թէ դուրս, նորաձեւ պայքար մը կը մղէ ամէն գոյնի բռնակալներու դէմ, Անդրանիկի անունը բոլորին շրթներու վրայ է` դպրոցական պատանիներէն սկսած մինչեւ հին սերունդը:

Չկայ հայ մը, որուն սրտին թելերը չթրթռան ի լուր մեծանուն հերոսին նուիրուած երգերուն, մանաւանդ երբ ժողովրդական բանաստեղծը անոր մէջ կ՛ուզէ տեսնել արծիւ մը, որ կը «սաւառնի լեռ ու ձոր»:

«Հայ ժողովուրդի պաշտպան»-ն էր ան երէկ, իսկ այսօր` նոր պայքարներու կարելիութեան խորհրդանիշ: Սրբազան դրօշակ` բոլոր բռնակալութիւններու դէմ: Հաւաքական կամք` նոր յաղթանակներու:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սուրիոյ Տէր Զօր Նահանգին Տիրելու «Մրցումը» Կը Սկսի Շուտով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?