Մեր Մեղքերէն
Իրերօգնութեան Պակասը
Ընդհանրապէս մեր շրջապատին մէջ այն տպաւորութիւնը կայ, որ մենք` հայերս «զիրար կը բռնենք»:
Իբրեւ մեծ առաքինութիւն` յարգանքով, նոյնիսկ որոշ նախանձով կ՛ընդգծենք այս «իրողութիւնը»:
Յաճախ եւ բնականօրէն շոյուած կը զգանք մենք մեզ, երբ կը լսենք այս գովեստը, սակայն անմիջապէս կ՛անդրադառնանք, որ ըսուածին մէջ որոշ չափազանցութիւն կայ:
Խորանալով նիւթին մէջ` կը տեսնենք, որ նոյնիսկ շատ ալ իրականութեան չի համապատասխաներ այս հաստատումը:
Մենք` հայերս «զիրեր չենք բռներ» այն չափով, որքանով որ պէտք է «բռնենք», որքանով ու ՁԵՒՈՎ, որ անհրաժեշտ է, որ «բռնենք»:
«Զիրար բռնել» բացատրութիւնը նախ պարզաբանենք: «Զիրար բռնել»` կը նշանակէ իրարու օգնել, իրարու ներել, իրարու հասնիլ, իրարու տէր ըլլալ, իրարու զիջումներ կատարել, ձեռք երկարել, զիրար չհարուածել, իրարու յաջողութեամբ ուրախանալ, բաժնել իրարու ցաւը գործնականօրէն:
Հասարակաց վտանգին դէմ ունինք իրարու մօտ կծկուելու բնազդը, որ սակայն բնական երեւոյթ է եւ շատ ալ ՁԵՌՔ ՁԳՈՒԱԾ առաքինութիւն մը չէ:
Հաւաքական ելոյթներ արձանագրած ենք, մասնաւոր առիթներով: Սակայն` ո՛չ միշտ, ոչ առանց բարոյական պարտադրանքի:
Շատ աւելի շեշտուած է անհատական մեր կեանքին մէջ «զիրար չբռնելու» դժբախտութիւնը: Պարագայական հազուադէպ ու ՄԱՏՈՎ ՑՈՅՑ ՏՐՈՒԵԼԻՔ դէպքերը` արդարօրէն զանց ըրած:
Զիրար բռնել` չի նշանակեր երբեք ըլլալ այլամերժ: Չի նշանակեր կղզիանալ, դառնալ մարդկութիւն մը մարդկութեան մէջ:
Քանի ազգ բացատրութիւնը նուիրագործուած է եւ անժխտելի իրաւութիւն է, ապա ազգի յատկանիշներէն մէկը պէտք է նկատել ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ըլլալու բնականութիւնը:
Տրուած ըլլալով, որ փոքր ազգ ենք, ենթակայ` փոքր ցնցումներէ մեծ վնասներու, պարտինք քիչ մը աւելի գիտակցօրէն մշակել ու կիրարկել իրարու տէր ըլլալու սկզբունքը:
Անհատական թէ հաւաքական կեանքի մէջ, բացի զգացական ՄԻՈՒԹԵՆԷ մը, կը հաստատենք յաճախ, աւա՜ղ, կիրքին, մրցակցութեան, ոխին, նախապատուութեան տիրապետութիւնը` «զիրար բռնելու» գիտակցութեան վրայ:
Ինչպէ՞ս կարելի է դիտել, որ դրացին կը մխայ ինչ-որ դժբախտութենէ եւ չմտածել ջուր հասցնել անոր:
Ինչպէ՞ս կարելի է տեսնել երիտասարդ մը, որ գործ կը փնտռէ ու չճգնիլ` անոր գործ հայթայթել:
Ինչո՞ւ դրամագլուխ չունեցողին դրամագլուխ չտալ:
Ինչո՞ւ ԻՐԸ չնկատել իւրաքանչիւրի յաջողութիւնը եւ այդ յաջողութիւնը կայունացնելու կամաւոր յանձնառութիւնը պարտականութիւն չնկատել գիտակցօրէն:
Մեծ կարողութեամբ փոքր ժողովուրդ ենք: Մեր յաւակնած մեծ կարողութիւնը իրապէս կրնանք բազմապատկել, եթէ մշակենք քիչ մը աւելի, քիչ մը առարկայօրէն զիրար բռնելու կարիքը:
Իւրաքանչիւր պետութիւն ունի իր քաղաքացիները պաշտպանող օրէնք, իր քաղաքացիներուն օժանդակող միջոց: Պետութեան մը քաղաքացին ըլլալով հանդերձ, ունինք մեր իւրայատուկ դժուարութիւնները, որոնք կրնան լուծուիլ միայն մեր իրերօգնութեամբ:
Ոչ մէկ պետութիւն խորթ աչքով պիտի դիտէր նման իրաւութիւն մը մեր մէջ. ընդհակառա՛կն, ո՞վ պիտի չուզէր իր քաղաքացիները տեսնել այս իտէալ վիճակին մէջ:
Օժանդակել` չի նշանակեր ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆ տալ, եւ երբեք այդ իմաստով պէտք չէ առնել առաջարկի իմաստը: Այլ այն, որ պէտք է որոշ վստահութիւն ցոյց տալ շրջապատի նկատմամբ եւ հաւաքականօրէն հետապնդել, որ այդ վստահութիւնը չարաչար չգործածուի ոեւէ մէկուն կողմէ:
Դրամատան մէջ դրամ ունեցողը վարկ ունի: Մեր ընթացիկ կեանքին մէջ ընենք այնպէս, որ անհրաժեշտ վարկը հայութիւնը ըլլայ:
Ոչ ոք պիտի տուժէ, ամէն ոք ու աշխարհ պիտի շահի մեր առարկայական միութենէն, մեր իրերօգնութեան կազմաւորումէն:
ԱՍԻԱՑԻ
Ինչպէ՞ս Պիտի Ըլլայ Կեանքը
2001 Թուականին
Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ մարդոց կեանքը 21-րդ դարու սկիզբը:
Անկասկած, ոչ ոք կրնայ ճշգրիտ պատասխանել այս հարցումին: Այսուհանդերձ, վերջերս այս հարցին շուրջ Քալիֆորնիոյ մէջ գումարուեցաւ համաժողով մը: Մասնակցող ամերիկացի գիտնականները հետեւեալ կարծիքները յայտնած են:
Մասաչուսեցի արհեստագիտութեանց համալսարանի (Էմ. Այ. Թի.) դասախօսներէն եւ նախագահ Քենետիի նախկին գիտական խորհրդական Ճերով Վիեզների կարծիքով, 2001-ին «օթորութ»-ներու երկայնքին նեղ եւ երկար քաղաքներու կուտակում մը պիտի տեսնենք: Այդ քաղաքները զերծ պիտի ըլլան մթնոլորտային ապականութիւններէ, որովհետեւ երթեւեկութեան միջոցները եւ մինչեւ անգամ ինքնաշարժները ելեկտրականութեամբ պիտի գործեն:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ամերիկեան ազգային յանձնախումբի նախագահ փրոֆ. Թոմըս Մալընի կարծիքով, երթեւեկութիւնները օժտուած պիտի ըլլան ապահովութեան ամէն միջոցներով: Ոչ մէկ տեսակէտով պիտի նմանին 1967 թուականի մեթոտներուն:
Քսանմէկերորդ դարու կեանքի պայմաններուն մասին ժողովականներէն շատեր արտայայտուած են լաւատեսօրէն:
Մինչեւ 2001 թուական երկրագունդի գրեթէ թիւով կրկնապատկուած ժողովուրդը ուտեստեղէնի դժուարութիւններու պիտի չմատնուի, որովհետեւ մինչեւ այդ թուականը գիտնականները պիտի կարենան ժողովուրդը նպաստաւորել ովկիանոսներուն յատակը գտնուող ուտեստեղէններով:
Ամերիկացի գիտնականներու կողմէ նախատեսուած այլ կարելիութիւններու շարքին կը դասուին նաեւ շաբաթական երեքօրեայ աշխատանքի որդեգրումը եւ տնական զանազան կարիքներու համար ելեկտրոնային գործիքներու օգտագործումը:
Նոյնիսկ կարելի պիտի ըլլայ փարատել Լոս Անճելըսի աւազանին վրայ տեւականօրէն ճնշող մշուշը: Քաղաքին մերձակայ Ուիլսըն լերան վրայ պիտի զետեղուի 60 մեկավաթնոց հիւլէական կեդրոն մը, որուն հայթայթած ջերմութեան շնորհիւ` կարելի ըլլայ մշուշային խաւը 500 մեթր վեր բարձրացնել: