Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Օգոստոս 1967)

Օգոստոս 24, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն Տարեկան
Բանակումը Այնճարի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Սկաուտական խորհուրդի, այսօր` ուրբաթ, 25 օգոստոս, Այնճարի մէջ բացումը պիտի կատարուի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական տարեկան ընդհանուր բանակումին: Տպաւորիչ մթնոլորտի մը մէջ տեղի պիտի ունենայ դրօշակներու արարողութիւնը:

Այնուհետեւ, շաբաթէ մը ի վեր բծախնդրութեամբ պատրաստուած սկաուտական գեղեցիկ բանակավայրին մէջ բազմաթիւ այցելուներ ուրախութեամբ պիտի դիտեն ՀՄԸՄ-ական սերունդի ցուցադրած արժանիքները:

Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի նպատակը բարձր գնահատող նուիրեալներ` վարիչներ, խմբապետ-խմբապետուհիներ, աքելլաներ, սկաուտներ, արենուշներ, արծուիկներ, բոլորը անխտիր ոչ մէկ ջանք խնայած են յաղթահարելու համար բոլոր տեսակի դժուարութիւնները, որպէսզի միշտ բարձր պահուի ՀՄԸՄ-ի դրօշը:

Կիրակի, 27 օգոստոս, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, բանակավայրին մէջ, հովանաւորութեամբ Պեքաայի նահանգապետ Ժորժ Սարուֆիմի եւ ներկայութեամբ բարձրաստիճան հիւրերու եւ բազմահազար հանդիսականներու` տեղի պիտի ունենայ բանակում-հանդէս:

Անտարակոյս կիրակին պիտի ըլլայ ցնծատօն: Սրտագրաւ տեսարան մը պիտի պարզուի: ՀՄԸՄ-ի անունը եւ դրօշը յաղթականօրէն պիտի երեւին ՀՄԸՄ-ով հպարտացող սրտերուն վրայ:

Սկաուտներ, գայլիկներ, արենուշներ, Լիբանանի օգնութեան խաչի արծուիկներ սկաուտական խաղերով, պարերով, անակնկալներով եւ դրօշակներու արարողութեամբ խանդավառ ծափեր պիտի խլեն:

Կիրակի, 27 օգոստոս, հոգեկան խնդութեան եւ ազգային հպարտանքի առիթ մը եւս` Պէյրութէն, Պեքաայի գիւղագնաց վայրերէն բանակավայր գացողներուն եւ յատկապէս Այնճարի հայութեան համար:

Կիրակի, 27 օգոստոս, ապրումի անմոռանալի եւ յիշատակելի թուական մը` բանակումին մասնակցող սկաուտներուն համար:

Կիրակի, 27 օգոստոս, անգամ մը եւս պիտի գնահատուի սփիւռքի հայ մարմնակրթական մեծագոյն կազմակերպութեան` ՀՄԸՄ-ի կատարած գործը, անոր կարգապահ ոգին, վարիչներուն ցուցաբերած անվերապահ զոհողութիւնը, որ պատիւ կը բերէ ոչ միայն հայ ազգին, այլեւ` Լիբանանին եւ այն երկիրներուն, ուր կը գտնուի ՀՄԸՄ:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Աղօթք` Աղթամարի
Պատմական Եկեղեցիին Մէջ

52 հոգիէ բաղկացած ֆրանսացի գիտնականներու խումբ մը այցելած է Վան: Փրոֆեսէօրներէ, պատմաբաններէ, բժիշկներէ եւ գրողներէ բաղկացած այս խումբին նախագահը` եկեղեցական հայր Պոփեռ, աղօթած է Աղթամարի հայոց պատմական եկեղեցիին մէջ:

Գիտնականները նախ ուսումնասիրած են Վանայ բերդը, ապա ուսումնասիրած են Աղթամարի դարաւոր եկեղեցին: Հիացած են անոր ճարտարապետական շքեղութեան եւ բարձր քանդակներուն վրայ: «Աշխարհի որեւէ անկիւնը այսպիսի հրաշալիքներու չհանդիպեցանք», ըսած են անոնք:

Ֆրանսացի գիտնականները Վանէն պիտի անցնին Կարս, ուրկէ պիտի երթան Ռուսիա` նոր պրպտումներու համար:

 

Ակնարկ

Հերոս Վեհապետը

Երէկ իրիկուընէ ի վեր Լիբանան կը վայելէ ներկայութիւնը ականաւոր հիւրի մը:

Պատմութեան մէջ, հազուադէպօրէն, զինուորական պարտուած պետ մը կ՛արժանանայ հերոսի դափնեպսակին: Հայոց պատմութիւնը կու տայ նախատիպարը առասպելական նման դէմքերու, որոնց հետ եղած է միշտ բարոյական յաղթանակը:

Էմիր Ապտալլայի թոռը բարեբախտաբար չենթարկուեցաւ Կարմիր Վարդանի ճակատագրին, բայց ատիկա եղաւ արդիւնքը կրկնակի հրաշքներու, որոնք տասնչորսամեայ իր իշխանութեան արտասովոր դրուագները հանդիսացան` յանգելու համար սիոնական վերջին նախայարձակումէն փրկուելու գերագոյն հրաշքին, երբ ռումբ կը տեղար նոյնիսկ իր պալատին վրայ:

Յունիսի դժբախտ դէպքերէն ետք, «քաջարի վեհապետը», որ կորսնցուց այն բոլորը, որոնք կանգուն կը պահեն պետութիւն մը, հիմնական նպատակի մը անխոնջ առաքեալը դարձած է: Միացնել արաբական շարքերը, սպունգ քաշել անցեալի սխալներուն վրայ եւ միաճակատ ներկայանալ աշխարհին` լաւագոյն պայմաններու մէջ պաշտպանելու համար պաղեստինեան դատը, որ ամբողջ արաբական աշխարհին դատն է, անոր գոյութեան եւ ապագային առնչուող քաղաքական պայքար մը:

Ուրախալի է այն երեւոյթը, որ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով արաբ ղեկավարներ, նոյնիսկ անոնք, որոնք անցեալին թագաւորին «ճերմակ»-ին «սեւ» կ՛ըսէին անպայման, սկսած են բաժնել անոր տեսակէտները` աւելի իրապաշտ, խոհեմ, առարկայական եւ հետեւողական քաղաքականութեան մը կապակցութեամբ:

Եթէ արաբական վեհաժողովը գումարուի (գումարուելու հաւանականութիւնները տակաւ կ՛աւելնան` հակառակ կարգ մը մայրաքաղաքներու վերջին վերապահութիւններուն), ատիկա պիտի ըլլայ առաջին յաղթանակ մը Հիւսէյն թագաւորին համար: Երկրորդը պիտի ըլլայ այն, որուն համար երիտասարդ եւ կորովի վեհապետը տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի օրինակելի հետեւողականութեամբ մը. ստեղծել համերաշխ եւ հանդուրժողական մթնոլորտ մը` արաբական աշխարհին մէջ, նախապայմանը այն վերականգնումին, որ առաջնահերթ հարցը դարձած է այսօր արաբական աշխարհին համար:

Լիբանան ուշադիր եւ համակիր խօսակից մը պիտի ըլլայ Հիւսէյն թագաւորին, որ նոյնիսկ իր իշխանութեան ամէնէն դժնդակ օրերուն այս երկրին ու անոր ժողովուրդին մէջ ունեցաւ անկեղծ բարեկամ մը: Թագաւորին սրտին խօսող ձեռնարկը` վեհաժողովը եւ անոր կապուած ակնկալութիւնները ուղղակի կը մտնեն կոչումին մէջ մեր երկրին, որ միջարաբական համերաշխութեան եւ եղբայրութեան անխոնջ ախոյեանը հանդիսացած է շարունակ:

Եւ աշխարհագրական պատահականութեան արդիւնք չէ, երբ վեհապետը իր շրջապտոյտին վերջին հանգրուանը կը դարձնէ Լիբանանը:

Համոզելու յոգնութիւնը պիտի չունենայ հոս:

Այլ առիթը` անձամբ վկայելու իր անձին կապուած անսահման համակրանքն ու նաեւ` կատարելու համադրութիւնը իր լսած կարծիքներուն:

Այս վերջին աշխատանքը կը կատարուի միայն բարեկամ երկրի մը մէջ:

Ու Լիբանան բարեկամ երկիր մըն է Յորդանանի վեհապետին համար:

X

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անյայտ Արձաններ. «Պիպլիական Դաւիթ»` Չարի Եւ Բարիի Պայքար

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?