Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Օգոստոս 1967)

Օգոստոս 25, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրակէ Շապիկ…

Ծանօթ գրագէտ Կարապետ Փօլատեան «յարգոյ հասարակութեան» կը ներկայացնէ ահաւասիկ իր վերջին վէպը` ԿՐԱԿԷ ՇԱՊԻԿԸ:

Գրախօսական մը պիտի չըլլայ մեր գրելիքը հիմա, այլ պիտի ըլլայ քննարկումը «օրակարգ»-ի մը, որ սեղանի վրայ է այսօր, ինչպէս էր երէկ, եւ հաւանաբար սեղանին վրայ պիտի մնայ ընդմիշտ, բոլոր «օրակարգ»-երուն պէս, որոնք հեռուէն կամ մօտէն կրնան մեզի յիշեցնել գորդեան հանգոյցը…

Հանգոյց մըն ալ այս… շապիկն է, որ, կրակէ ըլլալով եւ կրակէ ըլլալու համար կ՛այրէ, կը մրկէ մեզ տարիներէ, նոյնիսկ` դարերէ ի վեր:

Զապէլ Եսայեան վիպակ մը ունի, նոյնպէս` «Կրակէ շապիկ» վերնագրով: Եղերաբախտ գրագիտուհիին համար այս շապիկը, որ «կրակէ» էր միւսին պէս, աղքատութիւնն է, չքաւորութիւնը, ընչազրկութիւնը: Ահա հարցը` իր իսկ բառերով.

«… Հայրս խոր հառաչանք մը կ՛արձակէր եւ երբեմն մլ կ՛ըսէր.

«Չիկային աչքը քէօռնայ…

«Այն ատեն մայրս, գերագրգռուած, գործը կ՛ընդհատէր, թեզկեահը անդին կը հրէր եւ ոտքի կանգնելով` կը գոչէր.

«Ա՛յ մարդ, չըսե՞ս` աղքատութիւնը կրակէ շապիկ է»:

Տարբեր է Փօլատեանի ըմբռնումը «շապիկ»-ի թէ՛ տեսակին եւ թէ՛ բնոյթի մասին: Աղքատութիւնը մեծ բան մը չէ հիմա մեզի համար, որ վտանգին տակն ենք կորսնցնելու ոչ թէ մեր ստացուածքը, այլ աւելի թանկագին բան մը` մեր ազգայնութիւնը, Փօլատեանի բացատրութեամբ` մեր հայութիւնը:

Աղքատ ըլլալ` այս կը նշանակէ մեծամասնութեան հետ ըլլալ, քանի որ ընչազուրկները կը ներկայացնեն մեր մոլորակի երեք միլիառ բնակիչներուն երեք չորրորդը: Ուստի առաւելութիւն մը ունին մնացած մէկ չորրորդին վրայ, մեծամասնութեան պատկանած ըլլալու առաւելութիւնը… Ասիկա անշուշտ կերպ մըն է մխիթարելու Զապէլ Եսայեանի «կարմիր շապիկ»-աւորները, բայց այս կերպը անզօր է մխիթարելու Փօլատեանի «կրակէ շապիկ»-աւորները:

Մեր բարեկամը կը գտնէ, որ հիմա, մեր այս դառն ու դժնի օրերուն, հայութիւնը դարձած է կարմիր շապիկ մը, զոր ունեցողը կ՛ուզէ հանել նետել իր վրայէն, չունեցողներուն բաժին հանելով Քրիստոսի «երանի»-ներէն մէկը կամ միւսը:

Փօլատեանի վէպին առանցքը կը կազմէ հիներու եւ նորերու, երէցներու եւ կրտսերներու յաւիտենական պայքարը, որ թէ՛ ձեւ կը փոխէ եւ թէ՛ բովանդակութիւն: Երէկ աղքատութիւնն էր բովանդակութիւնը, այսօր հայութիւնն է, հայ ըլլալու դժբախտութիւնը նորերուն համար, եւ հայ ըլլալու երանութիւնը` հիներուն համար:

Երկու սերունդներու բախման կէտին վրայ ի վերջոյ ո՛վ պիտի շահի եւ ո՛վ պիտի կորսնցնէ: Ո՛վ պիտի յաղթէ եւ ո՛վ պիտի պարտուի: Թերեւս շահողներ չըլլան, այլ միայն կորսնցնողներ ըլլան: Գուցէ յաղթողներ չըլլան, այլ միայն պարտուողներ ըլլան: Յամենայն դէպս պայքարը կը շարունակուի, եւ ոչ ոք կրնայ ճշդիւ նախատեսել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ այս յարաժամ, յարատեւ ու յարափոփոխ պայքարին ելքը:

Սաչափը ստոյգ է, որ դասական զէնքերով չի մղուիր պայքարը, այլ կը մղուի հիւլէական զէնքերով:

Կողմերէն մէկը կ՛ըսէ. «Մեզ հետաքրքրողը ներկան է, մեր հոգը չէ, թէ ի՛նչ եղած է անցեալը, կամ թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ ապագան մեզի համար: Մենք կ՛ապրինք ներկային մէջ, ներկայով, ներկային համար: Կ՛ուզենք վայելել կեանքը, եւ եթէ մեր հայութիւնը կրակէ շապիկ մըն է վայելքի մեր ճամբուն վրայ, մենք կամովին «կը հրաժարինք հայութենէ» եւ կրակի կու տանք շապիկն ալ, շապկընկերն ալ»:

Միւս կողմինները կ՛ըսեն. «Ներկան աննախօրէ չէ, անվաղորդայն ալ չէ: Ամէն ներկայ անցեալ մը ունի եւ ապագայ մը: Չենք կրնար օդին մէջ կախուած մնալ եւ այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ խարիսխ մը չկայ մեր ոտքերուն տակ, ոչ ալ հորիզոն մը` մեր տեսողութեան առջեւ: Հաճոյքը իտէալ չէ, վայելքը յարացոյց չէ: Չենք կրնար հրաժարիլ կրակէ շապիկէն, որ մեր հայրերէն մեզի կտակուած է իբրեւ «անուշ հրիտակ»: Ապրող մարդը հայր մը ունի եւ զաւակ մը պիտի ունենայ: Անցեալը մեր հայրն է, ապագան մեր զաւակն է»:

Ասանկ բաներ… Բայց այս երկխօսութիւնը կրնայ հեռուները տանիլ մեզ եւ հրապարակագրութենէն բանաստեղծութեան մէջ նետել:

Բ. Աշխարհամարտին, Ֆրանսայի պարտութենէն ետք, զօր. Փեթէն կը յայտարարէր. «Մենք հաճոյքի ետեւէն վազեցինք եւ կորսնցուցինք ոչ միայն ճակատամարտը, այլեւ` պատերազմը: Հաճոյքի զգայարանքը մթագնեց մեր ազգային գիտակցութիւնը եւ բթացուց մեր հաւաքական կամքը: Վայելքը յաւելում մը չէ, հանում մըն է: Մենք վերջինին հետ եղանք եւ` առաջինին դէմ, այս պատճառով ալ վրայ տուինք մեր ազգային պատիւը եւ վրայ տալու ետեւէ ենք նաեւ մեր կրակէ շապիկը»:

Եթէ չվախնայինք հասարակ տեղիք բան մը ըսելէ, պիտի յայտարարէինք մեր խօսքին ամբողջ զօրութեամբը, թէ մենք իրապէս հպարտ ենք մեր հայութեամբ, եւ թէ երբեք, որեւէ ատեն եւ որեւէ գնով մեր վրայէն պիտի չհանենք նետենք մեր կրակէ շապիկը, թէ իսկ այրէ, մրկէ մեզ:

Կրակէ այս շապիկը մեր ազգային ինքնութիւնն է, զոր պիտի պահենք, որուն վրայ պիտի գուրգուրանք, որմէ պիտի չհրաժարինք ո՛չ այս աշխարհին մէջ, ո՛չ ալ… միւս աշխարհին:

Միւս բոլոր շապիկները, նոյնիսկ մետաքսէ, նոյնիսկ վարդէ հիւսուած, մեզ չեն շլացներ: Ոչ մէկ բանով կրնանք փոխարինել մեր կրակէ շապիկը, զոր մեր վրայ պիտի կրենք պատուով, հաճութեամբ, հպարտութեան անխառն զգացումով:

Աստուած ստեղծած է մեզ այս շապիկով. անով պիտի ապրինք եւ անով պիտի մեռնինք:

Մեզի կը թուի, թէ մենք ամէն բան չըսինք: Բան մըն ալ ուրիշ օրուան պահեցինք:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

 

Ակնարկ

Բարեկամաբար…

Խորհրդային սահմաններուն մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող սփիւռքին վրայ երեսուն տարիներ առաջ նոր մասեր աւելցան, որոնք յայտնի են աշխարհին ու կը հանդիսանան կամայականութեան աննախադէպ օրինակներ: Արդարեւ, բարեկամութեան անունին տակ թերեւս ոչ մէկ ատեն աշխարհը այնքան անբարեացակամ կարգադրութիւններու ականատես եղած է, որքան եղաւ Ղարաբաղի եւ միւս շրջաններուն թաթարացման ատեն:

Խորհրդային հին ու յաւելուածական վէրքերու պատճառ նո՛ր սփիւռքին համար կը թուի, թէ մայր հայրենիքը ըստ բաւականին պատրաստ չէ, ու հոն ապրողները, ճի՛շդ մեզի պէս, զուրկ են հայրենական հոգածութենէ:

Այս ուղղութեամբ եղած գանգատները սկսան յաճախակի դառնալ վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար` Հայաստանի գրողներու հինգերորդ համագումարի նախօրեակին: Պաքուի, Թիֆլիսի, Ղարաբաղի գրողներուն համար տագնապի վերածուած է խնդիրը: Վերջերս երիտասարդ գրող մը` Բագրատ Ուլուբաբեան, ակնարկելով այդ շրջաններուն մէջ ապրող գրագէտներուն եւ խօսքը ուղղելով մայր հայրենիքի պատկան մարմիններուն` ի միջի այլոց դառնօրէն կ՛ընդգծէր.

«Նրանք հայ գրականութեան առողջ տունկերն են` հասակ նետած բնօրրանից հեռու, հոգատարութեան ու խնամքի կարօտ: Նրանք ոչ միայն գրականութիւն են ստեղծում, այլ ընթերցող են պահում իրենց դեռեւս տկար ձեռքերով: Օգնեցէք, որ զօրանան այդ ձեռքերը: Խրախուսեցէք, որ նրանք չզիջին իրենց դիրքերը` ազգապահպանութեան դժուար ու ազնիւ դիրքերը»:

Հո՞ն ալ:

Մեր հողերուն վրայ, հայրենի սահմաններուն մերձ, հայրենիքի մէջ չկարենալ տեղաւորելու ստիպումո՛վ ստեղծուած այս նոր մտահոգութիւնը աւելի՛ վիրաւորական կը թուի մարդուս, քան` Ցեղասպանութեան պատճառով ստեղծուած մեր սփիւռքին մաշեցնող տագնապը:

Թշնամիին թշնամաբար ստեղծած սփիւռքը դժուար է մէկ օրէն միւսը լուծել, բայց ըսուած է, կրկնուած` հազա՛ր անգամ, ու վերստին հազար անգամ չկրկնելու յոյսով պիտի ըսենք կրկին, որ մեր «բարեկամը» սրբագրէ այլեւս բարեկամական իր հասկացողութիւնը եւ բարեկամաբար վարուի մեր սահմաններուն հետ:

«Ազգապահպանութեան դժուար ու ազնիւ դիրքերը» հոս կը սպառեն արդէն մեզ: Պէտք է առիթ տրուի մեր ժողովուրդին, որ գոնէ՛ հոն, հայրենի հողերուն վրայ, ձերբազատի այդ տագնապէն եւ իր ուժերը, ուրիշ ժողովուրդներու պէս, նուիրէ մարդկային բարձր ու բարդ հարցերու լուծման, լուսաւորման…

XX 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հակաբեւեռ Երկու Ընկեր Ու Շաղկապող Դաստիարակներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?