Յուշեր Անցեալէն
Կոմիտասի
Բարի Շունչին Տակ
Կոմիտաս մէկն էր անոնցմէ, որոնք իմ սերունդս բախտաւոր ըրին շնչելու իրենց օրերուն: Թոյլ տուին, որ բռնկինք իրենց յուզումներէն եւ տեսիլքներէն, ու համեստ, ինչպէս կ՛ըլլան մեծ հոգիները, չմերժեցին, որ երբեմն մօտենանք իրենց, շփուինք իրենց հետ, ու չարհամարհեցին մեր ճղճիմ գործակցութիւնը:
Կոմիտասը ճանչցայ իր Պոլիս եկած պահէն: Ու յետոյ, ամբողջ հինգ տարի, 1910-էն մինչեւ 1915, մօտն ապրեցայ` հետեւելու համար իր գործունէութեան, նաեւ ատկէ ետք` անոր կեանքին եղերական փուլերուն:
Ձեռնհասներու ձգելով խօսիլ մեծ արուեստագէտին մասին, որ Կոմիտասն էր, ես ինծի թոյլ տուած եմ մենագրութեան մը մէջ, որ լոյս կը տեսնէ շուտով, պատմել, թէ Կոմիտասը ինչպէս էր կեանքի մէջ, եւ` հանգրուանները, ուրկէ անցան իր կեանքն ու գործունէութիւնը:
Կոմիտաս մեծ արուեստագէտ մը չէր միայն, ան մեծ եղաւ նաեւ խանդավառութեամբ, զոր ստեղծեց իր շուրջ, եւ` տքնելու իր կիրքով, որով համակեց նաեւ ուրիշները:
Կոմիտաս Պոլիս կու գար այնպիսի պահու մը, երբ հայ կեանքը ալեկոծ օրեր կ՛ապրէր: Կուսակցական կռիւներ բուռն էին որեւէ ատենէ աւելի ու բազմաթիւ ճակատներ ստեղծած էին հայ ժողովուրդի ծոցին մէջ, երկու ճակատի բաժնուած նաեւ` հայ գրչի ու արուեստի մարդիկը:
Ու ահա Կոմիտաս արդէն մեր մէջն է: Իր բնակարանը հայ մտաւորականութեան համար հոգեւոր ապաստան մը եղաւ առաջին օրէն: Ան եղբայրացուց մեզ բոլորս: Հոն իրարու սկսան հանդիպիլ հայ մտաւորականութեան տարբեր հատուածները` այլեւս իրարմէ առանց խրտչելու: Այն օրերու մեր բարքերուն մէջ հրաշք մըն էր աս, որ մինչեւ այսօր ալ մարդ չի կրնար առանց յուզումի յիշել: Քաջալերուած սրտբաց այն վերաբերումէն, որ Կոմիտաս ցոյց կու տար բոլորին հանդէպ, շատերը այցի կու գային անոր, օրուան որեւէ ժամու: Ու հոն զիրար կը գտնէին մարդիկ, որոնք դուրսը իրարու փառաբանութիւն էր գաւառին եւ անոր հոգեկան արժէքներուն:
Խանդավառութեամբ բռնկած նոյն այդ տարուան պտուղն էին «Մեհեան»-ը եւ «Նաւասարդ»-ը եւս: Երբ Վարուժանին հետ «Նաւասարդ»-ը կը հիմնէինք, մեր կողքին ունեցանք նաեւ Կոմիտասը: Բայց որքան ճիգ թափել պէտք եղաւ համոզելու համար զայն, որպէսզի գրի առնէ թանկագին իր ուսումնասիրութիւնը` Լոռու գութաներգի մասին: Բծախնդիր ու գրելու մէջ ժլատ էր Կոմիտաս եւ մեզ շատ չարչարեց մինչեւ իր յօդուածը մեզի յանձնեց:
Կոմիտաս բովանդակ երիտասարդութեան կուռքն էր այդ օրերուն: Եւ ինք, փոխադարձաբար, կ՛ոգեւորուէր անոր բոլոր քայլերով: Մարզական շարժումը, օրինակ, որ թափ առնել սկսած էր մեր մէջ, մօտ կը սեպէր իր սրտին: Եւ ինքն էր, որ նախագահեց նոյն այդ տարուան ողիմպիականին:
Տարին փակելէ առաջ ցնծութեան օրեր ապրեցաւ բովանդակ հայութեան հետ նաեւ Պոլիսը: 1913 հոկտեմբերին հայ ժողովուրդը տօնախմբեց մեծագոյնը տօներուն` 1500-ամեակը տառերու գիւտին: Եւ միշտ Կոմիտասն էր, որ կազմակերպողներու կողքին կեղաւ, եւ իր երգչախումբով ու իր մեներգներով բացառիկ տօներու վերածեց զոյգ մեծ հանդէսները, որոնք
կը զլանային իրենց բարեւը: Հաղորդական այն հոգին, որ Կոմիտասինն էր, սիրտէ սիրտ կը փոխանցէր իր ջերմութիւնը:
Ու դիպուածը Կոմիտասը դրացի ըրեր էր արուեստագէտ մը, որ նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանն էր: Արուեստի երկու մեծ դէմքեր միեւնոյն կտուրին տակ եղբայրաբար կ՛ապրէին` իրենց հասարակաց հմայքով ուխտավայրի մը վերածելով իրենց բնակարանը: Հոգիներու մէջ սառը արդէն շատ էր հալած, երբ մեզի հասաւ 1913 տարին. տարի մը, որ պատմական դառնալու կոչուած է արեւմտահայ տարեգրութեանց մէջ: Հայ դատը սեղան էր եկեր անգամ մը եւս, ու հայը նորէն էր գացեր ծեծելու Եւրոպայի դուռերը` յոյսը այլեւս կտրած թուրքէն: Պահը շատ էր դժնդակ, որպէսզի հայ ժողովուրդը շարունակէր սպառիլ ունայն վէճերու մէջ ու հայ մտաւորականութիւնը ձեռք ձեռքի չտար:
Կոմիտաս օգնութեան հասաւ մեզի: Եթէ կրցանք հոգիներու մէջ կամուրջ ձգել այդ օրերուն, բան մը կը պարտինք եւ Կոմիտասին: Սիրոյ մթնոլորտը իր օճախէն սկսաւ:
Առաջին քայլը, որ Կոմիտասի հովանիին տակ ըրին, գրչի եւ արուեստի եղբայրներու միջեւ հոգեկան կապ մը ստեղծելու մեր փորձն էր: Աստեղատուն պիտի կոչուէր ընկերակցութիւնը, զոր ստեղծել կ՛ուզէինք` խմբուած Կոմիտասի շուրջ նպատակ ունենալով հանդիպումներ սարքել, պարբերականներ լոյս ընծայել, հանդէսներ կազմակերպել: Աստեղատուն-ը չիրականացաւ: Հոգիները դեռ պատրաստ չէին:
Ինչ որ հնարաւորութիւն չունեցանք ընել Աստեղատան անունով, փորձեցինք ուրիշ տիտղոսի մը տակ: Գրական ասուլիսները եղան մեր այդ նոր փորձը, եւ մեզ քաջալերողը միշտ Կոմիտասն էր: Ինք եւս մաս կազմեց` Զոհրապի եւ ուրիշ եօթը մտաւորականներու հետ մէկտեղ: Ինքն էր, որ նախագահեց Զարդարեանի նուիրուած ասուլիսին` այդ առթիւ խօսելով հակիրճ, բայց գեղեցիկ ճառ մը, որ տեսակ մը փառաբանութիւն էր գաւառին եւ անոր հոգեկան արժէքներուն:
Խանդավառութեամբ բռնկած նոյն այդ տարուան պտուղն էին «Մեհեան»-ը եւ «Նաւասարդ»-ը եւս: Երբ Վարուժանին հետ Նաւասարդ»-ը կը հիմնէինք, մեր կողքին ունեցանք նաեւ Կոմիտասը: Բայց որքան ճիգ թափել պէտք եղաւ համոզելու համար զայն, որպէսզի գրի առնէ թանկագին իր ուսումնասիրութիւնը` Լոռու գութաներգի մասին: Բծախնդիր ու գրելու մէջ ժլատ էր Կոմիտաս եւ մեզ շատ չարչարեց մինչեւ իր յօդուածը մեզի յանձնեց:
Կոմիտաս բովանդակ երիտասարդութեան կուռքն էր այդ օրերուն: Եւ ինք, փոխադարձաբար, կ՛ոգեւորուէր անոր բոլոր քայլերով: Մարզական շարժումը, օրինակ, որ թափ առնել սկսած էր մեր մէջ, մօտ կը սեպէր իր սրտին: Եւ ինքն էր, որ նախագահեց նոյն այդ տարուան ողիմպիականին:
Տարին փակելէ առաջ ցնծութեան օրեր ապրեցաւ բովանդակ հայութեան հետ նաեւ Պոլիսը: 1913 հոկտեմբերին հայ ժողովուրդը տօնախմբեց մեծագոյնը տօներուն` 1500-ամեակը տառերու գիւտին: Եւ միշտ Կոմիտասն էր, որ կազմակերպողներու կողքին կեցաւ, եւ իր երգչախումբով ու իր մեներգներով բացառիկ տօներու վերածեց զոյգ մեծ հանդէսները, որոնք սարքեցին մայր եկեղեցիի եւ Բերայի մէջ:
Յաջորդ տարին` 1914-ը, նոր յոյսերով բացուեցաւ: Այդ տարուան փետրուարին ստորագրուեր էր հայկական գաւառներու բարենորոգութեանց ծրագիրը` Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ: Ոգեւորութեան նոր ալիք մը համակեց հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը: Վարակուած էր նաեւ Կոմիտաս, խանդավառ` մանաւանդ այն բանին համար, որ ռուս ժողովուրդը կը կոչուէր այսպէս դեր խաղալու հայ ժողովուրդի ճակատագրին մէջ:
Ու մեր խանդավառութեան այդ նոր օրերուն գաւառը սկսաւ առինքնել մեր բոլորիս սիրտն ու տրամադրութիւնները: Յոյսը, որ կը կապէինք խոստացուած բարենորոգումներուն, գաւառ կը տանէր մեր մտածումները: Եւ Կոմիտասի տանը մէջ էր, որ մարմին առաւ այն նոր ընկերութիւնը, որ պիտի նուիրուէր հայոց աշխարհը ուսումնասիրելու, ինչպէս նոյն այդ յարկին տակ էր, որ գծուեցաւ գեղեցիկ այն ծրագիրը, որով խանդավառներու խումբ մը յանձնառու կ՛ըլլար Սասուն երթալու: Այդ խումբին մէջ էին` Կոմիտաս, Թերլեմեզեան, Վարուժան եւ Չէօկիւրեան: Կոմիտաս եւ Վարուժան չկրցան մեկնիլ, Թերլեմեզեան եւ Չէօկիւրեան թէեւ մեկնեցան, բայց չկրցան Սասուն հասնիլ: Դէպքերը փոխեցին անոնց ճամբան:
Կոմիտասին վիճակուած էր, սակայն, ճիշդ այդ օրերուն, այլապէս մեծ իր միւս առաքելութիւնը: Պիտի երթար Փարիզ` միջազգային երաժշտական համաժողովին մասնակցելու եւ փառք քաղելու հայ ժողովուրդին:
Փարիզէն դարձին աշխարհ փոխուիլ սկսած էր արդէն: Վրայ հասաւ մեծ փոթորիկը: Մեր պատրանքները չքացան, գեցին մէկէն, եւ մղձաւանջը պաշարել սկսաւ մեզ: Ճիւաղին ոտնաձայնը կ՛առնէինք:
Մտատանջութեան օրեր Կոմիտասն ալ սկսաւ ապրիլ: Տեղեակ եմ հոգեկան իր տագնապներուն:
Մարդիկ հետզհետէ մռայլ կը դառնային: Չարաշուք ապրիլն էր, որ կը մօտենար: Այդ օրերուն եւս յաճախ կը տեսնէի ես Կոմիտասը, մռայլ դարձած էր ինքն ալ, եւ մեր բոլորին պէս` կը նախազգար մեծ փոթորիկը: Ապրիլ 24-ի առտուն վերջին անգամ տեսայ զայն: Գէշ երազ էր տեսեր ու ինծի պատմեց տեսակ մը դողով:
Գիշերը զինք ալ բռնեցին եւ օր մը ետք քշեցին աքսոր: Ի սկզբանէ պահած էր կ՛ըսեն` հոգեկան բովանդակ կորովը: Սիրտ էր տուած իր շուրջիններուն Պոլսոյ բանտին մէջ ու նաեւ ճամբան:
Յետոյ, դուք բոլորդ գիտէք այն, ինչ որ պատահեցաւ:
1916 հոկտեմբերին էր, որ զայն բուժարան նետեցին:
Ու հիմա, կէս դար ետք այն չարաղէտ հարուածէն, որ խամրեցուց իր հոգին, չսարսափինք այն մտածումէն, որ ան հեռացաւ մեզմէ` կէս թողած իր առաքելութիւնը:
Կոմիտաս կէս չթողուց զայն: Կրնար, այո՛, դեռ երգեր գրի առնել եւ դաշնակել, երգչախումբեր դեռ մարզել եւ ձեռնասուն հասցնել, կրնար դեռ ուսումնասիրել հայ երգը: Կոմիտաս կատարեց, ինչ որ պիտի կատարէր: Ան գտաւ մեր հոգին:
Կոմիտաս հիմա ալ կ՛ապրի իր առաքելութեան հետ: Ու ան պիտի ապրի միշտ:
