Խմբագրական
Ինչ Որ Կը Պահանջուի Մեզմէ
Երեք շաբաթ անցաւ: Ու լռութեան դաւադրութիւնը կը շարունակուի:
Նոյնքան ծանր, որքան` այն դաւը, տասնամեակներ առաջ թաթարին կը յանձնէր հայապատկան եւ հայաբնակ Ղարաբաղը:
Երեւանէն թերթ կու գայ: Արտասահմանի մէջ թերթեր լոյս կը տեսնեն: Բայց ոչ մէկ ակնարկութիւն` այն զզուելի ոճիրին մասին, որուն արձագանգ հանդիսացած էինք օգոստոս 12-ին: Չենք խօսիր մեր մամուլին մասին, այլ այն մամուլին, որ ստրկահաճ համակերպութեամբ մը կը շարունակէ խուլ ձեւանալ, կամաւոր կուրութեան մը պարտադրանքը ապրիլ` զուտ ընդհանրական խնդրի մը մէջ տեսնելով վարչակարգի խնդիր, անոր տալով կուսակցական հանգամանք, մինչ եղածը կը հետաքրքրէ ամբողջ հայութիւնը, այդ եղածին առիթով կատարուած հաստատումները եւ ախտաճանաչումները հայութեան կապուած են, անոր ապագային եւ քաղաքական իտէալներուն:
Ցաւալի է: Հայրենասիրութեան այս տեսակը անըմբռնելի է:
Մինչդեռ տարբեր էր մեր ակնկալութիւնը: Կը հաւատանք, թէ տարբեր է հայ ժողովուրդին ակնկալութիւնը, որովհետեւ Ղարաբաղը ասոր կամ անոր չի պատկանիր, այլ հանուր հայութեան, մեր նախնեաց հողերուն անանջատելի մասը, որ աշխարհագրական ամբողջութիւն մը կը կազմէ պատմական Հայաստանի հետ:
Ասիկա` մեր հաշուոյն: Սփիւռքի հայութեան մէկ հատուածին ղեկավարութիւնը ստանձնած կարգ մը հոսանքներու հաշուոյն:
Պատկերը նուազ տխուր չէ նաեւ Հայաստանի մէջ, որուն ժողովուրդը, որուն ղեկավարութիւնը ընդվզած է ի լուր պատահածին, բայց չի կրնար արտայայտուիլ, չի կրնար բողոքել, պարտադիր ինքնազսպումի մը ծանր տառապանքը ապրելով:
Այս հաստատումը` անցողակի, անցնելու համար բուն նիւթին:
Պատմութեան ընթացքին, պետութիւններ սխալներ կը գործեն: Անիրաւութիւններ կ՛ըլլան, անարդար կարգադրութիւններ: Բայց այդ սխալները, անիրաւութիւնները, անարդար կարգադրութիւնները չեն կրնար տեւական բնոյթ ունենալ: Պէտք չէ ունենան մանաւանդ այն երկրին մէջ, որ ժողովուրդներու պաշտպանութեան ախոյեանութիւնը ոչ ոքի կ՛ուզէ զիջիլ, սկսած` Փոլինեզիոյ բնիկներէն, մինչեւ Ափրիկէի խորերը:
Յստակ է, թէ ինչ կ՛ըսենք: Յստակ է նաեւ մեր ակնկալութիւնը: Տասնեակ տարիներ առաջ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ծանր անիրաւութեան մը: Քմահաճօրէն Ղարաբաղը անջատուեցաւ Հայաստանէն եւ տրուեցաւ Ազրպէյճանին` իր 90 տոկոս հայ բնակչութեամբ: Յիսուն տարի է, Ղարաբաղը կը տառապի օտար տիրապետութեան տակ: Թող չխօսին մեզի «եղբայրական»-ին մասին: Շատ լաւ գիտենք, թէ ի՛նչ է այդ, մանաւանդ երբ միակողմանի է, մանաւանդ երբ տուժողը միշտ մենք ենք, «եղբայրութեան» տուրքը վճարողը մենք, անիրաւուողը մենք:
Եղբայրութիւնը` շատ լաւ: Հայ ժողովուրդը բարեկամ է բոլոր ժողովուրդներուն: Կրնայ մոռնալ շատ բան: Այս է անյիշաչարութեան մեր չափանիշը:
Բայց հայ ժողովուրդը նաեւ անդրդուելի է պահանջատէրի իր իրաւունքներուն պաշտպանութեան մէջ: Ու ասիկա վարչակարգի խնդիր չէ: Անցողակի երեւոյթ չէ: Ժողովուրդին, անոր կեանքին ու ապագային հետ կապուած հարց է, որ միակամ կը գտնէ մեզ` հակառակ դաւադիր լռութեան, որ դեռեւս օտար իշխանաւորներուն մատուցուած տուրք է, դեռեւս անցեալէն եկող ինչ որ կամազուրկ հպարտութիւն, զոր պէտք է թօթափել, ազգային պայքարը իր լրումին հասցնելու համար:
Ոչ մէկ անարդարութիւն կրնայ դիմանալ ժողովուրդին միահամուռ կամքին, մանաւանդ այդ կամքին արտայայտութեան` իր բոլոր ձեւերուն մէջ:
Այսօր մեզմէ պահանջուածը` սփիւռքի հայութենէն, հայրենիքի մեր եղբայրներուն չկարողացածը ընելն է. բողոքել, պահանջել, դուլ ու դադար չճանչնալ, մինչեւ որ անարդարութիւնը սրբագրուի, հայապատկան հողերը վերադարձուին մայր երկրին, իրենց իսկական տէրերուն:
Ինչ որ Հայաստան չի կրնար ընել, սփիւռքը կրնայ ընել: Պէ՛տք է ընէ:
Նոթեր Ու Նետեր
Յօդուածագիրներու Անունը
Մեր թերթերէն ոմանք իրենց աշխատակիցներուն անունը կը դնեն գրութեան վերնագիրին տակը. ուրիշ թերթեր ալ իրենց աշխատակիցներուն անուն մականունը կը զետեղեն գրութեան վերջաւորութեան:
Թէեւ մէկը կամ միւսը հարց է ճաշակի, բայց մենք կը նախընտրենք, որ գրողին անունը իր յօդուածին խորագիրին ներքեւ ըլլայ: Ահա թէ ինչո՛ւ: Ընթերցողներ կան, որոնք մականունէն անմիջապէս կը հասկնան յօդուածը կ՛արժէ՞ կարդալ: Յաճախ ընթերցողը, երբ վերնագիրը կը կարդայ, կ՛ուզէ գիտնալ, թէ ո՛վ է գրողը, որպէսզի կարդալու կամ չկարդալու իր որոշումը տայ: Բայց միշտ դիւրին չէ գտնել յօդուածագիրին անունը, երբ ան գրութեան վերջաւորութեան դրուած է: Յօդուած կայ, որ առաջին էջէն կը սկսի ու կը վերջանայ չորրորդ էջին մէջ: Յօդուած ալ կայ, որ երկրորդ էջէն կը սկսի ու կը վերջանայ երրորդ կամ չորրորդ էջին մէջ: Յօդուած ալ կայ, որ երկրորդ էջէն կը սկսի ու չի վերջանար ոչ մէկ էջի մէջ: Փնտռեցէք վերջաւորութիւնը եթէ գործ չունիք: Այդ յօդուածին մնացեալ մասը կամ ա՛լ չէք կարդար, կամ կը կարդաք յաջորդ համարին մէջ: Յօդուած ալ կայ երրորդ էջէն կը սկսի, ու տակը փակագծի մէջ արձանագրուած է. շար.ը կարդալ երրորդ էջ, երկրորդ սիւնակ: Կը դարձնէք. երրորդ էջին երկրորդ սիւնակին մէջ չկայ շարունակութիւնը: Երրորդ էջին բոլոր սիւնակները աչքը կ՛անցընէք, վերով ու վարով, չկայ ու չկայ: Եւ սակայն շարունակութիւնը կայ. չորրորդ էջին մէջն է, մահազդի մը տակ:
Ուրեմն դժուար է յօդուածագիրին անունը տեղեկանալ դիւրութեամբ: Եւ ուրեմն, նախընտրելի է յօդուածագիրին անունն ու մականունը արձանագրել խորագիրին ներքեւ, քան թէ` դնել յօդուածին պոչին տակ ու պոչ փնտռել:
Իսկ ատենէ մը ի վեր այլ քանի մը թերթեր իւրացուցած են նոր սովորութիւն մը: Յօդուածագիրին անունն ու ազգանունը կը դնեն թէ՛ գրութեան սկիզբը, թէ՛ գրութեան վերջը: Թէ ինչո՛ւ այդպէս կ՛ընեն, մտածելիք կէտ մըն է: Բաւական մը մտմտալէ ետքը հասանք լուսաբանութեան մը. կ՛երեւի, թէ թերթին խմբագրութիւնը կ՛ուզէ ըսել.
– Սիրելի՛ ընթերցողներ, այս գրութեան սկզբնաւորութիւնն ալ, վերջաւորութեան ալ գրուած է Փիլոն Փիլիպպոսեանի կողմէ:
Հապա միջնամասը..
Այդ պարագային, կ՛առաջարկեմ, որ յօդուածին ճիշդ մէջտեղն ալ արձանագրուի Փիլոն Փիլիպոսեանին փայլուն անունը, որպէսզի գրութիւնը ամբողջովին իրմէ ըլլալուն մասին տարակոյս չմնայ:
Ուրեմն յօդուածագիրին անունը նշանակել երեք անգամ: Եւ երեքը սուրբ թիւ է: Մէկը վեհապետական թիւ է, իսկ երկուքը բան մը չէ, ըլլալու է երեք, որպէսզի հրաշափոխուի աստուածային թիւի` դառնալով թրիմուրտի, թրիահա, թրինիթէ:
Այո՛, երեք անգամ տպելու է յօդուածագիրին անունը, ինչպէս լաւորակ քոնեաքի շիշերուն վրայ կ՛ըլլայ երեք աստղ: (Թէեւ մենք մինչեւ այսօր դեռ չենք հանդիպած քոնեաքի շիշի մը, որ ունենայ մէկ կամ երկու աստղ):
Աւելի աստղ ունեցողներ կան, սակայն երեքէն պակաս աստղ ունեցողներ չկան:
Մեր յօդուածագիրները քոնեաքի շի՞շ մըն ալ չեն արժեր, որպէսզի ունենան երեք աստղ, այսինքն` իրենց անունին երեք անգամ տպուիլը ու փողփողիլը:
Յիսուս միայն ունեցաւ մէկ աստղ, որ մոգերը առաջնորդեց Բեթղեհէմ: Բայց Յիսուս ո՛չ յօդուած է, ո՛չ հեղուկ, ո՛չ գրութիւն, ո՛չ քոնեաք: Յիսուս համեստութիւն է:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
