Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Օգոստոս 1967)

Օգոստոս 23, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պարզ Ու Պայծառ Պարտէզ

 Խոստումի Մասին

 

Խոստումներու ջրհեղեղի մը մէջ ինկած է ողջ մարդկութիւնը:

Բոլոր երկիրներու մէջ յորդած են խոստումի գետերը:

Անհատներու կեանքին մէջ պատկերը նոյնն է:

Աշխարհը եղած է խոստումներու խառնարան:

Հակառակ այս անդիմադրելի հեղեղներուն եւ հոսանքներուն` զգուշանալու է խոստումներ տալէ ու խոստումներու հաւատալէ:

Դուք ինքնաբերաբար ոեւէ մէկուն որեւէ բան մի՛ խոստանաք, եթէ վստահ չէք, որ պիտի կարենաք կատարել ձեր խոստումը:

Երբ ձեզի դիմեն որեւէ խնդրի համար, դիմեն անհատապէս կամ հաւաքական կերպով, մի՛ խոստանաք, եթէ վստահ չէք, որ պիտի կրնաք կատարել ձեր խոստումը:

Նախընտրելի է, որ ըսէք.

– Ամբողջովին չեմ խոստանար, սակայն պիտի ջանամ կարելիս կատարել:

Խոստումը խօսք ըլլալուն ու խօսքը աժան ըլլալուն` շատեր խոստումները կը բաշխեն ձրի:

Ապա խոստացողը կը խայտառակուի, իսկ խոստումին իրականացման սպասողները կը յուսախաբուին:

Շատեր կ՛ըսեն.

– Խօսքը կը թռչի, կ՛աներեւութանայ. գրութիւնն է, որ կը մնայ:

Եւ խոստումը խօսք ըլլալով` կը թռչի, կը կորչի:

Չարաչա՛ր սխալ:

Խօսքը կամ խոստումը կ՛արձանագրուի մարդոց մտքին մէջ:

Ձեր խօսքը կապ ունի ձեր պատիւին, ձեր վարկին հետ:

Մարդ պէտք է իր խոստումին տէրը ըլլայ: Մարդ պէտք է յարգէ իր խոստումը, եթէ կ՛ուզէ, որ մարդիկ ալ զինք յարգեն, ոչ թէ միայն երեւութապէս, այլ յարգեն լրջութեամբ:

Հաւատարիմ մնացէք ձեր ուխտին, ձեր երդումին, ձեր խոստումին կամ խօսքին: Նոյնիսկ եղէք տէր եւ գերի:

Հոնորէ Պալզաք կը թելադրէ, որ մարդ իր երկրորդ կրօնը ընէ իր խօսքը եւ իր խոստումը համարէ` կապուած իր պատիւին:

Շատեր կ՛ընեն խոստում, ապա վրայէն կ՛ընեն ոստում: Ու կը ստեղծուի յաճախ որոտում: Մարդ մինչեւ որ բացարձակապէս ապահով չըլլայ, որ պիտի կարենայ կատարել իրմէ սպասուածը, վստահօրէն խոստանալու չէ:

Կրնան պատահիլ անսպասելի դժուարութիւններ, անակնկալ ձախորդութիւններ, յանկարծական արգելքներ, տագնապներ անսպասելի:

Եւ որպէսզի ո՛չ դուք սրտնեղիք, ո՛չ ալ ուրիշները սրտնեղին, եղէք չափաւոր ու պայմանադրական ձեր խոստումներուն մէջ:

Զգուշացէք մանաւանդ լիառատ, շլացուցիչ խոստումներէ:

Զգուշանալով զգուշացէք մանաւանդ հիւանդի մը շռայլելէ ոսկեզօծ խոստումներ:

Զգուշացէք այն խոստումներէն, որոնց իրագործումը վեր է ձեր կարողութենէն: Այդ խոստումները կը նմանին երդումներուն գինովի:

Մի՛ մոռնաք հին, իմաստուն առածը, որ կ՛ըսէ.

– Մարդիկը կը բռնուին իրենց խօսքերէն, ինչպէս անասունները` իրենց եղջիւրներէն:

Եթէ պիտի խոստանաք, խոստացէք քիչ ու եղէք խղճամիտ` կատարելու ձեր խոստումը, եւ կատարելու` աւելիով: Եւ այդպէս, ձեր պարկեշտութեան պարգեւը տուած կ՛ըլլաք:

Էմիլ Զոլա կ՛ըսէ, որ մարդիկ ժլատ չեն խոստումի համար: Թէ` քաղաքապետները, երեսփոխանները, նախարարները, նախագահներն ու կայսրերը կը խոստանան ու կը խոստանան:

Տկարները կը խաբուին խոստումներով:

Իշխանաւորները, երբ մանաւանդ բռնակալ են, հաւատալու չէ անոնց խոստումներուն:

Իշխանաւորներու խոստումներուն խառնապուրներով ապրեցաւ մեր ժողովուրդը:

Կաթսաներով խոստումներ խաշեցին ու խմցուցին մեզի:

Մենք այդ խոստումները խանդավառօրէն խմեցինք, կերանք, կլլեցինք:

Խոստում հրամցնողները մեծ հրէշներ էին, իսկ խոստումով իրենց միտքն ու փորը լեցնողները` միամիտներ:

Խոստում տուողները հիմա կ՛ըսեն.

– Դեռ ի՞նչ կ՛ուզէք, ծովերու չափ խոստումներ տուինք ձեզի, ծովէ ծով խոստումներ տուինք ձեզի…

Իսկ հիմա ա՛լ դադրած են խոստում անգամ տալէ, այսինքն դադրած են ստելէ, ոչ թէ պարկեշտ դարձած ըլլալնուն համար, այլ` խոստանալն իսկ առատաձեռնութիւն համարելով:

Մի՛ հաւատաք խստասիրտներու խոստումներուն:

Սակայն, երբ իշխանաւորները կը սպառնան, այն ատեն կրնաք հաւատալ անոնց խօսքին:

* * *

Իշխանաւորի մը խոստումները եւ սպառնալիքները պատկերացնող մեր սա առակը կը ներկայացնենք իբրեւ աւուր պատշաճի.

 

Առիւծն Ու Արջուկը

Առիւծն արքայ վերին պետ էր,
Չէր աշխատեր, միայն կ՛ուտէր:
Անասուններն անոր համար
Կը բերէին որսեր յարմար:
Պետն եղած էր պարարտ ու գէր,
Անտանելի մի շատակեր:
Միշտ աւելին կը պահանջէր,
Քիչ բերողին շատ կը տանջէր:
Ժողովի մէջ մի օր ըսաւ.-
«Ձեր հանգիստի ժամը հասաւ,
Հըպատակներս, վեց ամիսէն
Հըրաժարիմ պիտի միսէն:
Պիտի ոչինչ լափեմ, ծամեմ,
Տասը տարի պիտի ծոմեմ:
Պիտի տամ ձեզ բաժինս արդար…»:
Արջուկ մ՛ըսաւ.
«Ատ  ըսածիդ չեմ հաւատար»:

Շարունակեց արքան իր ճառ.
«Կ՛ընեմ ըսածս ես անպատճառ:
Ձեր փորն ըլլայ պիտի միշտ լիք.
Պիտ՛ ունենաք շատ ուտելիք:
Օրն երեք հեղ առատ սեղան,
Որսերն անուշ` պիտի տեղա՜ն…
Պիտի որսամ ե՛ս անդադար»:
Արջուկն ըսաւ.
«Ատ ըսածիդ չեմ հաւատար»:

Շարունակեց արքան իր ճառ.
«Վըկայ ըլլայ թող այս կաճառ,
Պիտի ընեմ ձեր կեանքն ուրախ,
Ամէն  գիշեր խնճո՜յք, խըրա՜խ…
Պիտի ճաշէք անյագաբար.
Պիտի դառնաք մեծ խըմբապար:
Կը խոստանամ երգ ու կիթառ»:
Արջուկն ըսաւ.
«Ատ ըսածիդ չեմ հաւատար»:

Արքան եղած էր հըռետոր.
«Ձեզ մեկենաս կ՛ըլլամ, մենտո՜ր…:
Կան, որ կ՛ընեն լայն, լայն խոստում,
Վերջն ալ լայնքէն կ՛ընեն ոստում:
Թէ կը սըտեմ, բիւր մեղք կըրեմ…
Խօսքս արիւնով կը ստորագրեմ:
Բարիքս յիշուի թող դարէ դար»:
Արջուկն ըսաւ.
«Ատ ըսածիդ չեմ հաւատար»:

Առիւծն ըսաւ այդ արջուկին.
«Թէ ընդմիջես ճառըս կըրկին,
Քու արիւնըդ կը դատարկեմ,
Քեզ վեց տարի կը բանտարկեմ,
Օրը վեց ժամ քեզ կը տանջեմ,
Լեզուդ, աչքերդ ալ կը ջընջեմ…
Դեռ պատիժներ շատ գէշ կու տամ…»:
Արջուկն ըսաւ.
«Ատ ըսածիդ կը հաւատամ»:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Երկիր Ու Երկինք (Հեղինակ` Արամ Քէթէնճեան)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?