Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Դեկտեմբեր ամսուն սկիզբէն արդէն, տուներուն, խանութներուն մէջ, հրապարակներու վրայ Կաղանդի ծառերը զարդարանքներով կը ծածկուին եւ լոյսերով կը փայլփլին: Սակայն ուրկէ՞ կու գայ այս սովորութիւնը:
Բազմաթիւ երկիրներ իրենք զիրենք այս սովորութիւնը հեղինակը կը սեպեն: Ինչպէս, օրինակի համար, Լաթուիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ կարելի է տեսնել հրապարակին վրայ հաստատուած տախտակի մը վրայ գրութիւն մը, որ կը հաստատէ, թէ հոն դրուած է առաջին Կաղանդի ծառը:
* * *
Այս հարցին վերաբերեալ, բազմաթիւ պատմաբաններ փնտռտուքներ կատարած են: Ըստ անոնց մեծամասնութեան, այժմ մեզի ծանօթ Կաղանդի ծառը յայտնուած է 16-րդ դարուն, Ալզասի մէջ, որ այդ ժամանակաշրջանին Գերմանիոյ մաս կը կազմէր: Սթրազպուրկի նման քաղաքներ սկսած են Կաղանդի ծառեր դնել հանրային վայրերուն մէջ` Նոր տարին տօնելու համար:
Հետագային, 18-րդ դարուն, այդ վայրերու բնակիչներն ալ կ՛որդեգրեն այդ սովորութիւնը, եւ Կաղանդի ծառերը կը մտնեն տուներէն ներս: Այդ ժամանակաշրջանին մարդիկ զանոնք կը զարդարեն` պզտիկ կարմիր խնձորներով, շաքարեղէններով, կարկանդակներով… Համեղ ուտելիքներով, որոնք առնէտներուն համար շատ գրաւիչ կրնան դառնալ: Այս պատճառով այս առաջին Կաղանդի ծառերը առաստաղէն կը կախուէին: Կամաց-կամաց այս սովորութիւնը կը տարածուի դրացի երկիրներուն մէջ: Ան նոյնիսկ ովկիանոսը կը կտրէ եւ կը հասնի մինչեւ Ամերիկա:
* * *
Այժմ Կաղանդի ծառերը ամէն տեղ են: Ըլլան անոնք բնական, կերպընկալէ, կամ պարզապէս պատկեր մը պատին վրայ, անոնք մեծ դեր կը խաղան ստեղծելու այս տարուան վերջի տօնական օրերու կախարդական մթնոլորտը:
Գիտէի՞ր, Թէ
Բուրդէ Կաղանդի Ծառը
Իտալիոյ Թրիվենթօ գիւղին մէջ, 2020 թուականէն ի վեր, ամէն Կաղանդի 6 մեթր բարձրութիւն ունեցող քրոշէէ պատրաստուած Կաղանդի ծառ մը կու գայ զարդարելու գիւղին հրապարակը:
Այս իւրայատուկ ծառը, որուն բարձրութիւնը կը հասնի 7,5 մեթրի, երբ գագաթին վրայ կը դրուի աստղը, ունի մօտաւորապէս 3 մեթր տրամագիծ եւ կազմուած է 12 սմ կողմ ունեցող մօտաւորապէս 3000 բուրդէ քրոշէ քառակուսիներէ: Գիւղէն մօտաւորապէս քսան կամաւոր մեծ մայրիկներ գործի կը լծուին ապրիլ ամիսէն սկսեալ` կարենալ ժամանակին վերջացնելու համար ծառը:
Այս գիւղին գեղեցիկ արուեստի գործը դարձած է աշխարհահռչակ` շնորհիւ համացանցին, եւ շատեր զայն նշած են իբրեւ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ Կաղանդի ծառը:
Ձեռային Աշխատանք
Կաղանդի Սեղանին Վրայ
Կաղանդի սեղանը գունազարդելու եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու համար հոս պիտի գտնես քանի մը շատ պարզ ձեռային աշխատանքներ:
ա) Կաղանդի տերեւներ
– Այս աշխատանքին համար պէտք ունիս պարզապէս տարբեր երանգներով կանաչ, բարակ խաւաքարտներու:
– Պզտիկ խաւաքարտի կտորները երկուքի ծալէ: Ծալուած բաժինին վրայ գծէ եւ կտրէ Կաղանդի տերեւի օրինակի մը կէսը: Երբ կտրես եւ բանաս թուղթը, պիտի ստանաս լման տերեւը:
– Տերեւներդ զետեղէ սեղանին երկայնքին` անոնց միջեւ փոքրիկ կարմիր հլունքներ դնելով:
– Կրնաս նաեւ քանի մը տերեւ զետեղել իւրաքանչիւր հիւրի պնակին մէջ` զայն զարդարելու համար:
բ) Թուղթէ մոմեր
– Այս ժամերուն համար դարձեալ բարակ խաւաքարտներու պէտք պիտի ունենաս:
– Կրնաս մոմերդ ճերմակ կամ գունաւոր թուղթերով պատրաստել:
– Մոմերուն համար խաւաքարտին վրայ գծէ երեք մոմերուն օրինակը: Կտրէ սեւ գիծերուն վրայէն:
– Ճերմակ խաւաքարտի մը վրայ գծէ, ներկէ եւ կտրէ բացիկները:
– Կանաչ խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ տերեւները:
– Կարմիր խաւաքարտի կտորի մը վրայ գծէ եւ կտրէ երեք երիզներ:
– Մոմերը ծալէ կէտաւոր գիծերու հետեւելով: Ապա անոնց վրայ փակցուր բացիկները:
– Մոմերը փակցուր խաւաքարտի մը վրայ` զանոնք կանգուն պահելու համար:
– Կարմիր երիզները մատիտի մը շուրջ փաթթէ անոնց կլոր ձեւ մը տալու համար:
– Վերջապէս, տերեւները եւ կարմիր կլորակները փակցուր մոմերուն քով:
գ) Պզտիկ նուէրներ
– Այս աշխատանքին համար կրնաս գործածել ձեռային աշխատանքի յատուկ, տափակ ցպիկներ, կամ նոյնիսկ` պարզ լաթակալներ:
– Իւրաքանչիւր ցպիկի վրայ մելան ներկերով գծէ եւ ներկէ Կաղանդի յատուկ կերպարներէն մէկը` Կաղանդ պապա, եղնիկ, ձիւնեմարդ…
– Գունաւոր թուղթերով աւելցուր մանրամասնութիւնները (գլխարկ, մօրուք, վզկապ, եղջիւր…):
– Ցպիկներուն վրայ կրնաս գրել «լաւագոյն մաղթանքներ» կամ անձին անունը եւ թուականը:
– Լաթակալները դիր իւրաքանչիւր հիւրի պնակին մէջ` անոր պզտիկ յիշատակ մը նուիրելու համար այս տարուան Կաղանդէն:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել Կաղանդի ծառին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Իւրաքանչիւր առարկայէ քանի՞ օրինակ կրնաս գտնել պատկերին մէջ: