Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կուաթեմալայի Թռուցիկները Ազգային «Գանձ» Մըն Են

Յունուար 18, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Դեկտեմբեր ամսուան Կուաթեմալայի (Կեդրոնական Ամերիկա) հսկայական թռուցիկներու շինութիւնը անցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ոչ նիւթական հայրենական ժառանգութեան ցանկին մէջ: Այս ցանկին մաս  կը կազմեն աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող իւրայատուկ աւանդութիւններ, ինչպէս, օրինակի համար, մարզաձեւ մը, տօն մը, ուտելիք մը (ինչպէս` մեր հայկական լաւաշ հացը: Այս քայլին նպատակն է տարբեր երկիրներու այս «գանձերը» արժեւորել եւ զանոնք պահպանել:

* * *

Հսկայ թռուցիկները գոյութիւն ունին աւելի քան 100 տարիէ ի վեր, Կուաթեմալայի երկու քաղաքներու մէջ` Սանթիակօ Սանթափեքեզ եւ Սումփանկօ: Անոնք կլոր են եւ մինչեւ 20 մեթր տրամագիծ կրնան ունենալ: Երկրին պաշտօնական լեզուով` սպաներէնով, անոնք կը կոչուին պարիլեթես խիկանթես:

Ամէն տարի նոր թռուցիկներ կը շինուին, անոնց շինութիւնը կը տեւէ բազմաթիւ ամիսներ: Աշխատանքները կը հսկուին արուեստագէտներու կողմէ, որոնք կ՛աշխատին մէկ թաղամասէ, մէկ ակումբէ… եկած խումբերու հետ:

Աշխատանքներուն գլխաւոր փուլը շրջանակին զարդարուած բաժինն է: Ան կը ներկայացնէ` երկրաչափական բնական ձեւեր, բնութենէն տեսարաններ, տեսարաններ` պատմութենէն, կրօնէն, կամ` մարդկային հարցերու շուրջ նիւթեր, ինչպէս, օրինակի համար, մարդկային իրաւունքներ: Առաջին հերթին արուեստագէտները իրենց գաղափարները կ՛արտայայտեն մանրակերտ թռուցիկներով: Ապա մեծ կտաւը կը ներկեն եւ անոր վրայ կը փակցնեն մետաքսեայ թուղթով կտրուած ձեւերը:

* * *

Երկու քաղաքներուն թռուցիկները կը հաւաքուին գերեզմանատան մէջ 1 եւ 2 նոյեմբերին. այս երկու օրերը կրօնական տօներու օրեր են, որոնք յատկապէս հանգուցեալները յիշելու համար են: Այս հսկայ թռուցիկները չեն թռցներ (անոնցմէ փոքրիկ օրինակներ, յաճախ` մանուկներու կողմէ շինուած, կը տեսնուին երկինքին մէջ): Կտաւը հաստատուած է պամպու եղէգէ ցպիկներու վրայ եւ կը կանգնի գերեզմաններուն վրայ: Պարաններ զայն հաստատուն կը պահեն: Մարդոց համար այս առարկան կապ մը կը հաստատէ իրենց պապերուն հետ եւ կը հեռացնէ չար ոգիները:

Բազմաթիւ անձեր` բնակիչներ եւ այցելուներ, կը հաւաքուին գերեզմանատուն: Մթնոլորտը ուրախ է, թռուցիկները գոյն կը մտցնեն վայրին մէջ: Նոյն ատեն անոնք խաղաղութեան եւ սիրոյ պատգամ են:

Հետաքրքրական

 Սառոյցէ Պանդոկը

Շուէտի հիւսիսը, Ժուքարսժարվի շրջանին մէջ, երբ ձմեռը կու գայ, Թորն գետի ջուրերը կը դանդաղեցնեն իրենց հոսանքը եւ սառոյցի կը վերածուին: Այս գետի սառոյցներով է, որ 1989 թուականին կառուցուեցաւ առաջին Այսհոթելը, սառոյցէ պանդոկը: Ժամանակի ընթացքին այս պանդոկը աշխարհահռչակ դարձած է, եւ այս տարի ան կը տօնէ իր 35-րդ տարեդարձը:

Ամէն տարի արուեստագէտներ կը հաւաքուին այդ համեստ քաղաքին մէջ` սառոյցին մէջ քանդակելու պանդոկին 12 իւրայատուկ սենեակները: Սենեակներուն ջերմաստիճանը կը հասնի – 6 աստիճանի, հոն քնանալու համար իջեւանողները շատ հաստ հագուստներ կը հագուին եւ կը փաթթուին շատ դիմացկուն եւ հաստ քնապարկի մը մէջ:

Սակայն երբ գարունը կը վերադառնայ, պանդոկը կը լքուի, սառոյցը կը սկսի հալելու, եւ ջուրը դարձեալ իր բնական ճամբան կը գտնէ դէպի գետ: Պանդոկի այցելուները ստիպուած պիտի ըլլան սպասելու մինչեւ յաջորդ ձմեռ, երբ սառոյցէ կտորներով դարձեալ պիտի ստեղծուի նոր պատկերով սառոյցէ պանդոկը:

Մրցանիշ

 Աշխարհի Ամէնէն Տարիքոտ Անձը

Ինա Քանապարօ Լուքաս ծնած է 8 յունիս 1908-ին, Պրազիլի մէջ. հետեւաբար ան 116 տարեկան է: Ըստ մասնագէտներու, ան աշխարհի բնակչութեան երէցն է, այսինքն` տակաւին ապրող ամէնէն տարիքոտ անձը:

Ինա այժմ մայրապետ է, սակայն ան սկիզբը ուսուցչուհի էր: Ան կը սիրէ քարտերով խաղալ, նկարչութիւն եւ պարտիզպանութիւն ընել: Սակայն մէկ տարի է ի վեր անոր առողջական վիճակը լաւ չէ, եւ ան ստիպուած եղած է իր գործունէութիւնը նուազեցնել:

Ինայէն առաջ մարդկութեան երէցը 116 տարեկան Թոմիքօ Իթուքան էր, որ անցեալ շաբաթ մահացած է Ճափոնի մէջ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել անկողին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող 2 սանտրերը:
Կրնա՞ս գտնել այն 2 նկարները, որոնք հայելիին մէջի իրարու ցոլացումն են:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (17 Յունուար 2025)

Յաջորդը

Տասնութ Տարի Առաջ. Հրանդ Տինք Զոհ Կ՛երթար Անարգ Ոճիրի Մը

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?