Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. Երբ Արեւը Կ՛անհետանայ Աւելի Քան 2 Ամիս

Դեկտեմբեր 7, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ամերիկայի ամէնէն հիւսիսը գտնուող Ալասքայի մէջ Ութկիաքվիք քաղաքը այս տարուան իր վերջին արեւմարը ապրեցաւ 19 նոյեմբեր 2024-ին: Անոնք այլեւս արեւը պիտի չտեսնեն մինչեւ 23 յունուար 2025. այսինքն` անընդհատ 65 օր, կամ` 1560 ժամ մթութիւն:

Այս երեւոյթը կը պատահի ամէն տարի: Արքթիքի շրջագիծէն վերը գտնուող շրջանները ամէն տարի պիտի ապրին այն օրը, երբ արեւը մար պիտի մտնէ ամբողջ ձմրան ժամանակաշրջանին համար: Սակայն վախ չկայ, որովհետեւ ան պիտի վերադառնայ ամրան, եւ երկար օրերու ընթացքին ան մար պիտի չմտնէ:

Իսկ Ութքիակվիքի այս բեւեռային երկար գիշերը կը պատահի անոր դիրքին պատճառով: Ան կը գտնուի հիւսիսային բեւեռէն միայն 2092 քմ հեռու: Մենք գիտենք, որ մեր մոլորակը արեւուն շուրջ կը դառնայ 23,5 աստիճան շեղակի վիճակի մէջ: Ձմրան ընթացքին բեւեռներուն մօտիկ կարգ մը շրջաններ կը շեղեն արեւէն հեռու` շատ քիչ կամ բնաւ արեւուն լոյսը չստանալով: Հիւսիսային բեւեռին պարագային, այս ժամանակաշրջանը կը տեւէ սեպտեմբերէն մինչեւ մարտ:

Ճիշդ է, որ Ութքիակվիքի բնակիչները արեւը պիտի չտեսնեն, սակայն անոնք օրուան ընթացքին տակաւին պիտի ունենան քիչ մը լոյս:

Արեւուն ճառագայթները երկրագունդին շուրջ կը թեքին եւ կ՛երեւին ճիշդ հորիզոնին վրայ: Այս երեւոյթը նման է այն լոյսին, որ մենք կը տեսնենք արեւածագին, արեւը ամբողջովին յայտնուելէ առաջ: Այս պարագային, արեւուն ճառագայթները կը սփռուին երկրագունդին մթնոլորտին ընդմէջէն` գեղեցիկ գոյներու երանգներ յառաջացնելով: Սկզբունքով այս արեւածագը ամէն օր կը տեւէ մօտաւորապէս վեց ժամ: Սակայն դեկտեմբեր ամսուան կէսերուն ան Ւ իտի կարճնայ եւ տեւէ միայն երեք ժամ, մինչ հիւսիսային բեւեռը կամաց կամաց աւելի կը հեռանայ արեւէն:

* * *

Սակայն Ութքիակվիքը Ալասքայի միակ քաղաքը չէ, որ այս երեւոյթը պիտի ապրի: Յաջորդող շաբաթներուն բազմաթիւ քաղաքներ կարգով հրաժեշտ պիտի տան արեւուն քանի մը ամիսներու համար: Նոյն այդ վիճակը պիտի ապրին նաեւ հիւսիսային կարգ մը շրջաններ, ինչպէս` Ֆինլանտա, Նորվեկիա, Շուէտ, եւ նոյնիսկ` Սկովտիոյ կարգ մը շրջաններ, սակայն` աւելի կարճ ժամանակաշրջանի մը համար:

Այս շրջաններու բնակիչները լաւ կը վարձատրուին մութ եւ ցուրտ ձմեռներուն տոկալուն պատճառաւ: Ամրան ընթացքին անոնք կը վայելեն «Կէս գիշերուան արեւը», երբ արեւը տեսանելի կը մնայ թէ՛ օրուան ընթացքին, թէ՛ ալ գիշերը:

Ութքիակվիքի պարագային, արեւը մար պիտի չմտնէ 82 օրերու ընթացքին, 12 մայիս 2025-էն 31 յուլիս 2025:

Հարցարան

 Ընդհանուր Զարգացում

1) Ո՞ր երկիրը ճանչցուած է իբրեւ կրակի եւ սառոյցի վայրը:
ա- Ֆինլանտա, բ-Կրինլենտ, գ- Իսլանտա, դ- Քանատա:

2) Ո՞րն է Անգլիոյ ազգային ծաղիկը:
ա- Վարդը, բ-Կակաչը, գ-Մարգարտածաղիկը, դ- Մեխակը:

3) Ո՞րն է Աւստրալիոյ մայրաքաղաքը:
ա- Սիտնէյ, բ-Քանպերրա, Գ-Փըրթ, դ-Մելպուրն:

4) Ո՞րն է արեւուն ամէնէն մօտ մոլորակը:
ա- Լուսնթագ, բ- Հրատ, գ- Արուսեակ, դ-Փայլածու:

5) Ո՞վ ճանչցուած է իբրեւ արդի բնագիտութեան հայրը:
ա- Ալեքսանտր Ֆլեմինկ, բ-Իսահակ Նիւթըն, գ-Ալպերթ Այնշթայն, դ- Սթիվըն Հոքինկ:

6) Ո՞վ գտած է Փենիսելինը:
ա- Ալեքսանտր Ֆլեմինկ, բ- Ալպերթ Այնշթայն, գ-Իսահակ Նիւթըն, դ-Սթիվըն Հոքինկ:

7) Որքա՞ն է լոյսի արագութիւնը:
ա- Մօտաւորապէս, 299,792 քմ` մէկ երկվայրկեանի մէջ, բ-Մօտաւորապէս 399,792 քմ` մէկ երկվայրկեանի մէջ, գ-Մօտաւորապէս 499.792 քմ` մէկ երկվայրկեանի մէջ, դ-Մօտաւորապէս 500.000 քմ` մէկ երկվայրկեանի մէջ:

8) Ո՞վ ճանչցուած է իբրեւ Պատմութեան հայրը:
ա – Նափոլէոն Պոնափարթ, բ- Յուլիոս Կեսար, գ- Հերոդոտոս, դ-Դրարհ Ա.:

9) Ո՞վ եղած է Նոպելեան մրցանակ շահող առաջին կինը (1903-ին):
ա- Այա Լավլէյս, բ-Չիէն Շիունկ Ուու- գ- Տորոթի Հոճքին, դ-Մարի Քիւրի:

10) Ո՞րն է Իսլանտայի մայրաքաղաքը:
ա- Սթոքհոլմ, բ-Հելսինքի, գ- Ռէքեաւիք, դ-Քոփընհակն:

11) Ո՞ր կազը ամէնէն մեծ քանակներով կը գտնուի երկրագունդի մթնոլորտին մէջ:
ա-Նիթրոժեն, բ-Ազոթ, գ-Թթուածին, դ- Բնածխական կազ:

12) Ո՞րն է Նոր Զելանտայի մայրաքաղաքը
ա- Քանպերա, բ Ուելինկթըն, գ-Օքլենտ, դ- Համիլթըն:

13) Ո՞ր երկիրը աշխարհի ամէնէն շատ կղզիներ ունեցող երկիրն է:
ա- Ճափոն, բ-Շուէտ, գ-Ինտոնեզիա դ- Ֆինլանտա

14) Ո՞ր պատերազմը վերջ գտաւ Վերսայի դաշնագրով:
ա- 100 տարուան պատերազմը, բ-Համաշխարհային Բ. պատերազմը, գ-Խրիմեան պատերազմները, դ-Համաշխարհային Ա. պատերազմը:

Պատասխանները` վերջաւորութեան

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 14 տարբերութիւնները
Կրնա՞ս գտնել այն պատկերը, որ հայելիին մէջ իր ցոլացումը չունի:
Կրնա՞ս գտնել այն պատկերը, որ իր զոյգը չունի:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Պատասխաններ

1-գ, 2-ա, 3-բ, 4-դ, 5-գ, 6-ա, 7-ա, 8-գ, 9-դ, 10-գ, 11-ա, 12-բ, 13-գ, 14-բ, 15-գ:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (6 Դեկտեմբեր 2024)

Յաջորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԲ.)

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?