Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա23 Սառցալեռը Կը Շրջի Ատլանտեան Ովկիանոսին Մէջ

Փետրուար 22, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս հսկայ սառցալեռը ունի 3500 քառ. քմ մեծութիւն: Անոր ընդհանուր բարձրութիւնը կը հասնի 400 մեթրի` Էյֆէլ աշտարակէն աւելի բարձր, սակայն անոր միայն 40 մեթրը (13 յարկանի շէնքի մը բարձրութեան) տեսանելի է ջուրին մակերեսին:

Ա23 սառցալեռը Անթարքթիքէն (Հարաւային բեւեռ) բաժնուեցաւ 1986 թուականին: Նոյն ատեն ուրիշ մեծ սառցալեռներ բաժնուեցան նաեւ, սակայն անոնք ծփացին, հեռացան եւ վերջապէս հալեցան: Մինչ Ա23 կախուած մնաց հարաւային ովկիանոսին Ուէտըլ ծովուն մէջ մօտաւորապէս 30 տարի: 2020 թուականին սառցալեռը վերջապէս կրցաւ անցնիլ ծովուն սահմանները եւ սկսաւ օրական մօտաւորապէս 5 քմ յառաջանալ:

Գիտնականները կ՛ենթադրէին, թէ ան բնական ընթացքով պիտի ուղղուի դէպի «Սառցալեռներու նրբանցքը» հարաւային Ատլանտեանի մէջ եւ հալի:

Սակայն օգոստոս 2024-ին ան դարձեալ «բանտարկուեցաւ» այս անգամ հարաւային ովկիանոսի ջուրերուն շրջող պտուտահողմի մը մէջ: Սառցալեռը օրական մօտաւորապէս 24 քմ կը յառաջանայ, սակայն` միշտ ինքն իր վրայ դառնալով եւ նոյն տեղը մնալով:

Ա23-ը վերջապէս «ազատ արձակուեցաւ» դեկտեմբեր 2024-ին եւ սկսաւ ուղղուիլ դէպի հարաւային Ատլանտեանի մէջ Սաութ Ճորճիա կղզին: Այս հեռաւոր կղզիին վրայ կ՛ապրին տեսակաւոր անասուններու գաղութներ, փենկուէնի չորս տարբեր տեսակներ, ինչպէս նաեւ` ծովաշուներ եւ ծովարջեր: Մասնագէտները դարձեալ ակնկալեցին, որ սառցալեռը պիտի կտրտուի եւ հալի Սաութ Ճորճիա հասնելէն շատ առաջ: Սակայն արբանեակներէն առնուած նկարներ ցոյց տուին, որ տակաւին 24 յունուար 2025-ին սառցալեռը անփոփոխ էր:

Կ՛ակնկալուի, որ Ա23-ը Սաութ Ճիրճիայի ջուրերուն մօտ հասնի երկու-երեք շաբաթէն: Այդ պարագային, ան կրնայ հետեւիլ ովկիանոսին հոսանքներուն եւ ուղղուիլ դէպի հարաւային Ատլանտիան, կամ դարձեալ «բանտարկուիլ» կղզիի ծովափին: Իսկ եթէ ասիկա պատահի, ան պիտի բանտարկէ Սաութ Ճիրճիայի անասունները կղզիին վրայ, եւ անոնց արգելք ըլլայ հասնելու բաց ջուրերուն մէջի գտնուող իրենց ուտելիքներուն:

Սակայն մասնագէտները շատ մտահոգ չեն եւ կ՛ենթադրեն, թէ հաւանաբար սառցալեռը կղզիին մօտէն պիտի անցնի առանց վնաս հասցնելու: Կղզին ովկիանոսի հոսանքներուն դէմ իբրեւ արգելք կը կանգնի եւ ընդհանրապէս ջուրերուն ուղղութիւնը կը փոխէ կղզի հասնելէ առաջ: Սառցալեռը կը շարժի ջուրի հոսանքին հետ, հետեւաբար, մեծ վախ չկայ, որ ան կղզիին զարնուի: Մասնագէտները յոյսով են, որ Ա23-ը պիտի ընթանայ ովկիանոսի հոսանքներուն հետ եւ ապահով կերպով հալի հարաւային Ատլանտեանի մէջ:

Ջրախտէ Շինուած Շապիկ Մը

Սպանական Պեթիս Սեւիլիա ֆութպոլի խումբը փետրուար ամսուն սկիզբը ներկայացուց իր խումբին նոր շապիկը, որ պատրաստուած է «ներխուժող» վնասակար ջրախտէ մը: Պատասխանատուներուն նպատակն է ժողովուրդին ուշադրութիւնը հրաւիրել մեր մոլորակին կենսոլորտին վտանգներուն եւ յատկապէս այն ապականումին հետեւանքներուն վրայ, որոնք մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան Սպանիոյ հարաւի ծովափին վրայ, ուր ֆութպոլի խումբը կը գտնուի:

Այս մարզական շապիկը պատրաստուած է ծովէն հաւաքուած եւ վերամշակուած կերպընկալէ եւ սրճագոյն ջրախոտէ մը: Այս ջրախոտը, ծագումով` Խաղաղական ովկիանոսէն եկած, Ռուկուլոփրերիքս Օքամուրա կը կոչուի եւ շատ շուտ տարածուած է Միջերկրական ծովին մէջ եւ ժխտական ազդեցութիւններ ունի կենսոլորտին, ձկնորսութեան եւ զբօսաշրջութեան վրայ: Ասոր կողքին, անկէ ձերբազատիլը շատ սուղ է քաղաքին համար:

Պեթիս Սեւիլիա խումբին պատասխանատուները այս նոր մարզաշապիկին ներկայացումը կատարեցին Թարիֆա քաղաքին մէջ, որ յատկապէս կը տուժէ այս ջրախոտի ժխտական հետեւանքներէն: Ֆութպոլի խումբին անդամները այս մարզաշապիկը հագած են 16 փետրուարի Ռէալ Սոսիետատի դէպի սպանական ախոյեանութեան մրցումին ընթացքին:

Մտածենք

Խօսակցութիւն

Վեց ընկերներ իրարու հետ հեռաձայնային խօսակցութիւն կ՛ունենան: Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւրին անունը:

1.- Թալինը կը խօսի իր ընկերուհիին` Ալինին հետ:
2.- Արամը կը խօսի Րաֆֆիին հետ, որ իր դասընկերն է:
3.- Վաչէն կը խօսի իր զարմուհիին` Կարինէին հետ:
4.- Ալինը երկար տաբատ հագած է:
5.- Կարինէն եւ Թալինը իրենց մազերուն վրայ ժապաւէններ ունին:
6.- Վաչէն եւ Արամը գլխարկ դրած են:
7.- Կարինէն Վաչէին հետ կը խօսի ճաշի ժամանակ:
8.- Արամը գլուխը խուզած է, իսկ Թալինը փէշ հագած է:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր թելը պիտի վառէ լուսամփոփը:
Ո՞ր յատակագիծը կը համապատասխանէ վարի նստասենեակին:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Զաւէն Խանճեան` Դիւանագէտի Կարողութեամբ Օժտուած Ղեկավարն Ու Եռանդուն Մտաւորականը…

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?