Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մրցանիշ. Նեփալցի Պատանի Մը Կը Յաղթահարէ Աշխարհի Բոլոր 14 Ամէնէն Բարձր Գագաթները

Նոյեմբեր 16, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

18 տարիներ բոլորած Նիմա Ռենժի շերփա առաջնորդը իրագործած է մեծ սխրանք մը, զոր քիչեր կրնան երեւակայել: Ան դարձած է ամէնէն փոքր տարիքով անձը` մօտաւորապէս 50 հոգիներէ կազմուած խումբի մը մէջ, որ կրցած է մագլցիլ աշխարհի ամէնէն բարձր 14 գագաթները: Այս բոլոր գագաթներուն  բարձրութիւնը 8 հազար մեթրի կը հասնի: Այս գագաթները կը գտնուին Ասիոյ Հիմալայեան եւ Քարաքոտամ լեռնաշղթաներուն վրայ, եւ բոլորն ալ ունին աւելի քան 8000 մեթր բարձրութիւն: Այս թիւը կը նշէ «Տեթ-զոն» (մահուան գօտի) կոչուած սահմանը. այդ բարձունքէն անդին` թթուածինի պակասի պատճառով մարդ արարածը չի կրնար երկար դիմանալ:

* * *

Նիմայի այս «որոնումը» սկսաւ օգոստոս 2022-ին, երբ ան մագլցեցաւ Մանալու լեռը, որ աշխարհի 8-րդ ամէնէն բարձր գագաթն է: Պատանին շարունակեց իր արշաւանքները` աւելի բարձր գագաթներ յաղթահարելով, անոնց մէջ` Էվերեսթն ալ, աշխարհի ամէնէն բարձր լեռները: Յունիս 2024-ին ան յաղթահարեց իր 13-րդ գագաթը` Քաչենճունկան, որ ծովի մակերեսէն 8586 մեթր բարձր է: Նիմայի այս դիւցազներգական արկածախնդրութիւնը վերջ գտաւ առտուան ժամը 6:05-ին (Թիպեթի մէջ), 9 հոկտեմբեր 2024-ին երբ ան հասաւ Թիպեթի Շիշափանկմա լերան գագաթը:

* * *

Պատանիին պատմական իրագործումը կու գայ արձանագրուելու իր ընտանիքին լեռներ մագլցելու մրցանիշներու երկար շարքին մէջ: Նիմայի հայրը` Թաշի Լաքփա շերփան 19 տարեկան էր, երբ դարձաւ առանց թթուածինի պաշարի Էվերեսթը մագլցող ամէնէն փոքր անձը: Նիմայի հօրեղբայրը` Մինկմա Հիապու շերփան 14 ամէնէն բարձր գագաթները մագլցող նախկին ամէնէն փոքր տարիքով անձը եղած էր: Ան 30 տարեկան էր, երբ 2019 թուականին կրցաւ իրագործել այս սխրանքը: Մինկմա եւ իր եղբայրը` Չակ Տաուա, շերփա դարձած էին նաեւ առաջին եղբայրները, որոնք մագլցած էին այս 14 գագաթները:

* * *

Նեփալի շերփաները երկար ժամանակներէ ի վեր Էվերեսթի նման բարձր գագաթները մագլցողներու առաջնորդները եւ օգնողները եղած են:

Անոնց օգնութիւնը մեծ դեր խաղացած է այս սխրանքներու իրագործման մէջ, յատկապէս` վտանգաւոր ճամբաներէ անցնելով, ծանր ապրանքներ կրելով, մագլցողներուն ապահովութեան հսկելով, եւ այս բոլորը` ծանր պայմաններու մէջ. սակայն, հակառակ այս մեծ վտանգները դիմագրաւելնուն, շերփաները անոր համեմատ ճանաչումը չեն ստանար: Այս պատճառով է, որ Նիմա կը յուսայ իր սխրանքը լուսարձակի տակ առնէ շերփաներուն կարեւորութիւնը, որովհետեւ անոնք միայն պարզ առաջնորդի դեր չեն կատարեր: Ան կ՛ուզէ շերփաներու նոր սերունդներուն ցոյց տալ այս աշխատանքին արժանապատիւ ըլլալը, ժառանգութեան ուժը եւ ապագայի անսահման կարելիութիւնները:

Կաղանդի Գիւղ Մը`
Վերամշակուած Առարկաներով

Ճիշդ է, որ տակաւին աւելի քան մէկ ամիս կայ մինչեւ Կաղանդ, սակայն Ֆրանսայի հարաւը գտնուող Օտ շրջանին մէջ պատրաստութիւնները արդէն սկսած էին օգոստոս ամիսէն:

Ահա երեք ամիս է, որ Վինասան փոքրիկ քաղաքէն 25 կամաւորներ կ՛աշխատին հրապարակին վրայ «Կաղանդի գիւղ» ստեղծելու համար: Այս զարդարանքները պիտի գեղեցկացնեն ճամբաները ամբողջ դեկտեմբեր ամսուն ընթացքին: Անոնց իւրայատկութի՞ւնը անոնք շինուած են վերամշակուած առարկաներէ: Կերպընկալէ խողովակներ, անիւներ, տակառներ եւ ուրիշ տեսակաւոր առարկաներ կը գործածուին շինելու համար հսկայ ձիւնեմարդեր, շաքարի ցպիկներ եւ Կաղանդի ուրիշ զարդարանքներ:

Գլխաւորաբար երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, եւ երբեմն` մէն գիշեր, կամաւորները կը հաւաքուին աշխատանոցին մէջ` ո՛չ մէկ ճիգ խնայելով: 2015 թուականէն  ի վեր Կաղանդի այս գիւղի պատրաստութիւնը սովորութիւն մը դարձած է, եւ ամէն տարի գիւղը քիչ մը աւելի կ՛աճի ու զարդարանքներով կը հարստանայ` թէ՛ մանուկներուն, թէ՛ ալ մեծերուն մեծ հաճոյք պատճառելով: Այս զարդարանքները գիւղին մէջ պիտի մնան 7 դեկտեմբերէն մինչեւ 6 յունուար:

Կլիմայի Խանգարումներուն Պատճառով
Անթարքթիքան Կը Կանաչնայ…

Անթարքթիքայէն մեծ բաժին մը միշտ սառոյցով եւ ձիւնով ծածկուած է. սակայն այս ցամաքամասը ժամանակի ընթացքին սկսած է «կանաչնալ»:

Ըստ որ գիտական ուսումնասիրութեան մը, 1986-2021 բուսականութեան շրջաններուն, յատկապէս մամուռով ծածկուած շրջաններուն, տարածքները 14 անգամ բազմապատկուած են:

Գիտնականները նշմարած են նաեւ, որ այս կանաչ դառնալու հոլովոյթը սկսած է արագնալ 2016-էն ի վեր: Ըստ անոնց, ասիկա ուղղակիօրէն կապուած է ընդհանուր կլիմային խանգարումներուն եւ Անթարքթիքայի մէջ ջերմաստիճանին բարձրանալուն հետ: Գիտական աշխատանքները ապացուցած են, որ ջերմաստիճանը շատ աւելի արագ կը բարձրանայ այս ցամաքամասին վրայ, քան ամբողջ երկրագունդին վրայ` ուրիշ շրջաններու մէջ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Անթարքթիքայի ցամաքամասը ո՛չ մէկ երկրի կը պատկանի: Հոն ո՛չ մէկ բնակիչ կայ` բացի այն գիտնականներէն, որոնք յատուկ աշխատանքներու համար հոն կը ժամանեն կարճ կեցութեան մը համար:

– Առաջին անգամ ըլլալով մարդիկ կրցան Հարաւային բեւեռին հասնիլ 1911-ին: Այս հետախուզական արշաւը կատարուեցաւ Ռոալտ Ամունտսընի ղեկավարութեամբ: Ան ճամբայ ելած էր Նորվեկիայէն:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գտնուող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող 2 դէմքերը:
Կրնա՞ս գտնել այն պատառաքաղը, որ իր նմանը չունի:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի 71-րդ Առցանց Լսարան. «Արցախեան Բանակցութիւններուն Կը Բացակայէր Խթանելու-Պատժելու Միջազգային Գործիքակազմը». Դոկտ. Հրայր Պալեան

Յաջորդը

Հայերը Հիմա Նոր Թիրախ Ունին` Յորդանանը, Որ Ազրպէյճանի Ճնշումներուն Ենթակայ Է

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?