Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Պանանը

Դեկտեմբեր 14, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս վերջին շաբաթներուն մենք կրցանք հետեւիլ պանանի մը անհաւատալի արկածախնդրութիւններուն: Քանի մը շաբաթներ առաջ այս պտուղը 6 միլիոն տոլարի ծախուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Սակայն ինչո՞ւ…

Պարզ շուկային վրայ նման պանան մը կրնայ արժել քանի մը սենթ: Սակայն երբ այս պանանը կը գտնուի արուեստի ցուցասրահի մը մէջ, ան կը դառնայ արուեստի գործ, եւ անոր արժէքը կրնայ աներեւակայելիօրէն բարձրանալ:

Այս ձեւով, երբ իտալացի արուեստագէտ Մորիցիօ Քաթելան այս պանանը սրահին ճերմակ պատին վրայ մեծ արծաթագոյն սքոչով մը փակցուց, ան զայն անուանեց «Քոմիտիըն» (դերասան) եւ ներկայացուց իբրեւ արուեստի գործ:

20 նոյեմբերին այս արուեստի գործը աճուրդով ծախուեցաւ… 6 միլիոն տոլարի: Բախտաւոր տէրը Ճասթըն Սանն է, չին շատ հարուստ գործատէր մը: Պտուղին հետ ան ստացաւ պաշտօնական թուղթ մը, որ ինք անոր իսկական տէրն է: Ան ստացաւ նաեւ յատուկ ցուցմունքներ` պանանը փոխելու փտելէ առաջ:

Աճուրդէն քանի մը օր ետք Ճասթըն Սան պանանը պատէն հանեց… եւ կերաւ: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ արուեստի գործը փճացաւ, որովհետեւ ան կրնայ անոր տեղ ուրիշ պանան մը դնել:

Այս գործը գոյութիւն ունի 5 տարիներէ ի վեր, եւ ան շատ հռչակաւոր դարձած է: Այս պատճառով ալ է, որ այդքան սուղ կ՛արժէ:

Անշուշտ այս արուեստի գործը բազմաթիւ վէճեր կը յառաջացնէ: Շատ մը անձեր ցնցուած են անոր արժէքին եւ անիմաստութեան պատճառով: Կարելի է նաեւ հարց տալ` արդեօք ասիկա իսկապէ՞ս արուեստի գործ մըն է: Ճիշդ ասիկա է նաեւ արուեստագէտին նպատակը մարդիկը մղել հարց տալ, թէ ի՞նչ է արուեստը, եւ մենք ի՞նչ արժէք կու տանք այդ արուեստի գործերուն:

Կարգ մը անձեր կը զմայլին այս արուեստի գործով (արդեօք աւելի շատ գաղափարի՞ն) իսկ ուրիշներ կ՛ատեն… Իսկ դո՞ւն, ի՞նչ է քու կարծիքդ:

Հետաքրքրական

– Հարաւային կիսագունդին մէջ Կաղանդը ամրան կիսուն կու գայ:

– Անգլիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ սովորութիւն է սառած ջուրին մէջ ցատկել Կաղանդը տօնելու համար:

– Որպէսզի մենք կարենանք եղեւին մը կտրել եւ զայն իբրեւ Կաղանդի ծառ գործածել, անիկա պէտք է մօտաւորապէս 10 տարի մեծնայ:

– Ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու եւ հաշիւներու, Կաղանդ պապային սահնակը կը կշռէ մօտաւորապէս 317,5 միլիոն քիլօ:

– Իսկ կարգ մը ուրիշ ուսումնասիրութիւններու համաձայն, Կաղանդի գիշերը Կաղանդ պապան պէտք է 842 միլիոն տեղ հանդիպի` նուէրները բաժնելու համար:

Հարցարան

 Ծանօ՞թ Ես
Կաղանդի Սովորութիւններուն

 

1) Ըստ ամերիկեան-իտալական սովորութեան, «… ձուկերու խնճոյքին» բաղադրութեան մէջ քանի՞ ձուկի տեսակներ կը գործածուին:
ա – 3, բ – 5, գ – 7, դ – 11:

2) Ո՞ր երկրին մէջ տապկուած որդերու ճաշը մաս կը կազմէ Կաղանդի ճաշացուցակին:
ա – Հարաւային Ափրիկէ, բ – Չինաստան, գ – Ինտոնեզիա, դ – Պոլիվիա:

3) Ո՞ր երկրին մէջ KFC-ի ճաշերը Կաղանդի ճաշացուցակին մաս կը կազմեն:
ա – Հարաւային Ափրիկէ, բ Չինաստան,  գ – Ճափոն, դ – Աւստրալիա:

4) Ո՞ր երկրին մէջ փոքրիկները գուլպաներու փոխարէն` իրենց կօշիկները կը դնեն կրակարանին մէջ, որպէսզի Կաղանդ պապան զանոնք համով բաներով լեցնէ:
ա – Գերմանիա, բ – Հոլանտա, գ – Անգլիա, դ – Աւստրիա:

5) Ո՞ր երկրին մէջ սովորութիւն է փոքր վարունգի թթուաշէ զարդ մը պահել Կաղանդի ծառին մէջ:
ա – Գերմանիա, բ – Հոլանտա, գ – Անգլիա, դ – Աւստրիա:

6) Ի՞նչ կը կոչուի այն երեւակայական էակը, որ աւստրիական Կաղանդի սովորութեան մէջ չարաճճի մանչերն ու աղջիկները իր տոպրակի մէջ կը դնէ:
ա – Քամփուս, բ – Քրամփուս, գ – Էլֆի , դ – Մարքուս:

7) Ո՞ր երկրին մէջ սովորութիւն է Կաղանդի գիշերը իրարու գիրքեր նուիրել:
ա – Պելճիքա, բ – Ռուսիա , գ – Լիբանան, դ – Իսլանտա:

8) Ուքրանական Կաղանդի գիշերուան ճաշացուցակը սովորաբար քանի՞ տեսակ ուտելիքէ կազմուած է:
ա – 3 (կը ներկայացնէ Սուրբ Երրորդութիւնը), բ – 7 (շաբթուան 7 օրերը), գ – 12 (12 առաքեալները), դ – Գլխաւոր ընտանիքին անդամներուն թիւին չափ:

9) Նորվեկիոյ մէջ մարդիկ ի՞նչ կը պահեն Կաղանդի գիշերը:
ա – Կօշիկները, բ – Դրամապանակը, գ – Նուէրները, դ – Աւելները:

10) Ի՞նչ կը կոչուի Իտալիոյ մէջ Աստուածայայտնութեան գիշերը նուէրները բաժնող ծերուկ մայրիկը:
ա – Լա մամա, բ – Լանոննա, գ – Լա Պաֆանա, դ – Լա Նենա:

11) Լեհաստանի մէջ ի՞նչ պէտք է կտրել Կաղանդի իրիկուան ընթրիքը սկսելէ առաջ:
ա – Ուէյֆըր անուշեղէն մը, բ – Ապակիէ գաւաթ մը, գ – Ապակիէ պնակ մը, դ – Ապակիէ շիշ մը:

12) Իտալիոյ մէջ ի՞նչ տեսակի ուտելիք չեն ուտեր Կաղանդի ընթրիքին:
ա – Միս, բ – Պտուղ, գ – Անուշեղէն, դ – Տուրմ:

13) Ո՞ր երկրին մէջ սովորութիւն է Կաղանդի քրոքըրզներ բանալ Կաղանդին:
ա – Քանատա, բ – Միացեալ Նահանգներ, գ – Անգլիա, դ – Նոր Զելանտա:

14) Քանի՞ խաղողի հատիկ կ՛ուտեն սպանացիները 31 դեկտեմբերի կէս գիշերին:
ա – 3, բ – 6, գ – 7, դ – 12:

15) Ո՞ր երկրին մէջ սկսած է ճինճըրպրետ տունիկներու սովորութիւնը:
ա – Անգլիա, բ – Գերմանիա, գ – Իտալիա, դ – Փորթուգալ:

Պատասխանները վերջաւորութեան

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել այն ձեռնոցը, որ իր զոյգը չունի:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Պատասխաններ

1 – գ, 2 – ա, 3 – գ, 4 – բ, 5 – ա, 6 – բ, 7 – դ, 8 – գ, 9 – դ, 10 – գ, 11 – ա, 12 – ա, 13 – գ, 14 – դ, 15

Նախորդը

Յոբելենական Տարուան Առիթով. «Արշիլ Կորքիի Հանդէպ Լռութիւն` Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Մէջ» . Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

Յաջորդը

Հալէպ… Դարձեալ Վիրաւոր

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?