Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ճիշդ է, որ Լիբանանի մէջ մենք ձմրան առաջին օրը տակաւին կը վայելենք աշնան մեղմ օդը, սակայն սկզբունքով այսօր` 21 դեկտեմբերին, ձմրան եղանակը պաշտօնապէս կը սկսի, հիւսիսային կիսագունդին մէջ: Մինչ հարաւային կիսագունդին մէջ ամառն է, որ պաշտօնապէս պիտի սկսի:
Այսօր մենք պիտի ապրինք տարուան ամէնէն կարճ ցերեկը եւ ամէնէն երկար գիշերը, մինչ հարաւային կիսագունդին մէջ 21 դեկտեմբերը պիտի ըլլայ ամէնէն երկար ցերեկուան եւ ամէնէն կարճ գիշերուան օրը:
* * *
Երկրագունդին եղանակները կը յառաջանան, որովհետեւ ան կը դառնայ արեւուն շուրջ, 23,5 աստիճան շեղակի ձեւով: Դեկտեմբեր արեւադարձի օրը հիւսիսային կիսագունդին շեղակի բաժինը արեւէն ամէնէն հեռու կէտին վրայ կը գտնուի, եւ շատ աւելի քիչ չափով արեւուն լոյսը կը ստանայ, մինչ հարաւային կիսագունդը, որ դէպի արեւ ծռած է, կ՛օգտուի անոր տաքութենէն:
* * *
Հին քաղաքակրթութիւններու մէջ ձմեռնային արեւադարձի օրը մեծ նշանակութիւն ունէր: Հակառակ անոր որ տակաւին ցուրտ երկար ամիսներ կային անոնց դիմաց, բայց այդ օրուան յաջորդող միշտ աւելի երկար օրերը կը նշէին, թէ արեւը մարդոց չէր լքած: Մարդիկ արեւուն այս «վերածնունդը» կը նշէին տարբեր տօնակատարութիւններով:
Այս ձեւով, օրինակի համար մասնագէտները համոզուած են, թէ Անգլիոյ մէջ քարահունջ մեծ քարերու «շինութիւնը» կատարուած է յատկապէս արեւադարձային օրերու հետ կապուած արարողութիւններուն համար: Այս մեծ քարերու պարզ շրջանակը յղացուած է շատ լաւ հետեւելու արեւուն շարժումներուն՛ այդ յատուկ օրերուն ընթացքին: Ամէն տարի, հարիւրաւոր մարդիկ հոն կը հաւաքուին ձմեռնային արեւադարձի օրը յատուկ տօնակատարութիւններու համար: Ասիկա աշխարհին ծանօթ ամէնէն հին արեւադարձի օրուան տօնակատարութիւններէն մէկն է:
Ձեռային Աշխատանք
Կաղանդի Պատրաստութիւն
Թուղթէ Հրեշտակներ
Այս ձեռային աշխատանքը ո՛չ շատ գործի, ո՛չ ալ շատ առարկաներու կը կարօտի: Դուն կրնաս զանոնք գործածել տունը կամ Կաղանդի ծառը զարդարելու համար:
* * *
1 – Ճերմակ թուղթի մը վրայ գծէ եւ կտրէ հրեշտակին մարմնին վերի բաժինը եւ փէշը:
2 – Գլխու թագը կտրելու համար թեթեւօրէն գլուխը երկուքի ծալէ եւ թագին մէջտեղի բաժինը կտրէ ինչպէս նշուած է պատկերին մէջ
3 – Փէշին երկու կողմերը ծալէ:
4 – Գլուխի բաժինը փակցուր փէշին ետեւը:
5 – Հրեշտակին ոտքերուն համար կրնաս գործածել բուրդէ թել մը, որուն երկու ծայրերը հլունքներ պիտի անցընես:
6 – Այս ոտքերն ալ փակցուր հրեշտակին ետեւի բաժինին վրայ` երկար բաժին մը դէպի վար իջած ձգելով:
7 – Հրեշտակդ պատրաստ է: Զայն ներկէ ուզած գոյներովդ:
Սենթ Նիքոլասի Անուշեղէնները`
Սփեքուլոսները
Գիտէի՞ր, թէ Պելճիքայի, Հոլանտայի եւ Լուքսամպուրկի մէջ փոքրիկները իրենց կօշիկները կը դնեն կրակարանին առջեւ, Սինթըրքլասի երգեր կ՛երգեն դեկտեմբեր 5-ի գիշերը: Այդ գիշերն է, որ իրենց «Կաղանդ պապան» կու գայ: Ան Սենթ Նիքոլասն է, որ դեկտեմբեր 5-ի գիշերը կու գայ այդ փոքրիկ կօշիկներուն մէջ դնելու շաքարեղէններ եւ պզտիկ խաղալիքներ:
Սենթ Նիքոլասի ժամանումին առիթով է, որ սովորութիւն էր, այժմ աշխարհածանօթ դարձած, սփեքուլոս պիսքուիները պատրաստել: Սենթ Նիքոլասի պատկերով այս անուշեղէնը կը նուիրուէր բարի մանուկներուն` անոր տօնին առիթով: Այս փխրուն, համեմներով, սրճագոյն շաքարով եւ կասիայով պատրաստուած անուշեղէնը հին ժամանակներուն շքեղ ուտելիք մըն էր, որ կը պահուէր մեծ առիթներու, որովհետեւ անոր բաղադրութեան նիւթերը սուղ էին: Այժմ ան դարծած է պելճիքական մշակոյթի տարրերէն մէկը, եւ` կարելի է զայն ուտել ամբողջ տարուան ընթացքին եւ տարբեր ձեւերու տակ պատրաստուած:
Իսկ եթէ դուն կը սիրես այս անուշեղէնը, ահա` անոր խոհագիրը:
100 Առ Հարիւր Պեճիլքական Սփեքուլոս
Բաղադրութիւն
Պտղունց մը աղ, 1 սուրճի դգալ պէյքինկ փաուտըր, 2 հաւկիթ, 250 կրամ կարագ (սկիզբէն սառնարանէն հանել, որպէսզի կակուղնայ), 500 կրամ ալիւր, 375 կրամ քասոնատ (սրճագոյն շաքար), 1 սուրճի դգալ կասիա, 100 կրամ նուշի փոշի:
Պատրաստութիւն
1 – Ալիւրը, շաքարը, նուշի փոշին, պէյքինկ փաուտըրը եւ պտղունց մը աղը միասին խառնէ խորունկ ամանի մը մէջ:
2 – Աւելցուր կասիան, կամ (եթէ ունիս) սփեքուլոսի յատուկ համեմները:
3 – Այս չոր նիւթերուն վրայ աւելցուր կակուղցած կարագը:
4 – Ձեռքերդ շատ լաւ լուալէ ետք զանոնք մխրճէ ամանին մէջ եւ շատ լաւ շաղէ տարբեր նիւթերը, մինչեւ որ լաւապէս խառնուին: Պէտք է ստանաս աւազի պէս խմոր մը` առանց մեծ կտորներու:
5 – Ապա պզտիկ ամանի մը մէջ կտրէ եւ զարկ հաւկիթները եւ զանոնք աւելցուր խմորին վրայ:
6 – Դարձեալ ձեռքերովդ շատ լաւ խառնէ:
7 – Եթէ պիսքուիներու յատուկ կաղապարներ ունիս, անոնց վրայ քիչ մը ալիւր սրսկէ, որպէսզի խմորը չփակչի:
8 – Խմորէն պզտիկ կտոր մը առ, զայն գլանով տափակցուր մօտաւորապէս 5 մմ հաստութեամբ:
9 – Այս երկար ու բարակ խմորը դիր կաղապարին մէջ, վրան լաւ ճնշէ, որ խմորը փոսերուն մէջ մտնէ: Ձեւէն դուրս մնացած բաժինները փոքրիկ, ոչ սուր դանակով մը կամ մատներովդ հանէ:
10 – Ապա այս կաղապարները դարձուր փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ (զոր սկիզբէն փուռի յատուկ թուղթով ծածկած պիտի ըլլաս): Եթէ կաղապարդ լաւ ալիւրոտած է, խմորը դիւրութեամբ թուղթին վրայ պիտի իյնայ:
11 – Եթէ այս յատուկ կաղապարները չունիս, կրնաս պիւսքուիի մէջը պարապ տարբեր ձեւերով (սրտիկ, աստղ, Կաղանդի ծառ…) կաղապարներով խմորը կտրել:
12 – Ափսէն փուռը դիր 150 աստիճան տաքութեամբ, 20 վայրկեան: Կրնաս սկսիլ հսկել 12 վայրկեան ետք արդէն. պէտք է զանոնք փուռէն դուրս հանես, երբ անոնք տակաւին քիչ մը կակուղ են:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու ծառը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր տուփիկի մէջի թիւը
հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու տուփիկներու մէջի թիւերու գումարին:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած տարբեր տեսակի ծառերը:




