Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մէկ տարիէ աւելի Պրազիլի մէջ բջիջային հեռաձայնները արգիլուած են դպրոցներէն ներս եւ այս քայլին օգուտները արդէն նշմարելի են…
Այս փորձը կատարուած է Ռիօ տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ, եւ անոր արդիւնքը ոչ մէկ կասկած կը յառաջացնէ. աշակերտները դասարանին մէջ աւելի կը կեդրոնանան եւ զբօսանքներուն «առաջուան պէս» կը խաղան:
* * *
Այս փորձառութենէն առաջ վիճակը անկառավարելի դարձած էր կարգ մը դպրոցներու մէջ: Զբօսանքներուն, աշակերտները, իւրաքանչիւրը` մեկուսացած անկիւն մը, աչքերը հեռաձայնին վրայ էին անդադար: Անոնք իրարու հետ չէին խաղար, չէին խօսեր: Մինչ բջիջային հեռաձայններուն արգիլուելէն ետք դպրոցներուն մթնոլորտը ամբողջովին փոխուած է` դառնալով աւելի կենդանի եւ ուրախ:
* * *
Նոյնիսկ աշակերտները ժամանակի ընթացքին գոհունակութիւն զգացին, մինչ սկիզբը անոնք ուրախ չէին իրենց հեռաձայններէն զրկուելու որոշումով: Այժմ անոնք համոզուած են նաեւ, որ իրենց նիշերը լաւացած են այս որոշումին շնորհիւ, ինչպէս նաեւ` իրենց ընկերներուն հետ յարաբերութիւնները: Անշուշտ կան տակաւին աշակերտներ, որոնք շատ կապուած կը մնան իրենց հեռաձայններուն եւ ամէն օր դպրոց կը բերեն հետերնին, նոյնիսկ եթէ անոնք չեն կրնար զայն գործածել:
* * *
Պրազիլի նախագահ Լուլա, որոշեց այս օրէնքը հաստատել երկրին բոլոր դպրոցներուն մէջ յունուար 2025-էն ի վեր: Բջիջային հեռաձայններուն գործածութիւնը արգիլուած է ո՛չ միայն դասարաններուն մէջ, այլ նաեւ զբօսանքներու ընթացքին` ամբողջ երկրին մէջ, որոնց բնակչութեան թիւը կը հասնի 200 միլիոնի: Ըստ այս նոր օրէնքին, բջիջային հեռաձայնները կարելի է գործածել դպրոցներուն մէջ միայն մանկավարժական ծրագրի մը ծիրէն ներս, արտակարգ վիճակի մը ընթացքին, կամ առողջական պատճառներով:
* * *
Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, 2024-ի վերջաւորութեան աշխարհի մէջ հանրային կրթական հաստատութիւններուն 40 առ հարիւրը տարբեր ձեւերով արգիլած է արդէն բջիջային հեռաձայններուն գործածութիւնը հաստատութիւններէն ներս, մինչ մէկ տարի առաջ` 2023-ին, այդ թիւը կը հասնէր միայն 30 առ հարիւրի: Պրազիլը, ուր բնակչութենէն շատ աւելի մեծ թիւով բջիջային հեռաձայններ գոյութիւն ունին, բնականօրէն որդեգրած է այս որոշումը:
Ռիոյի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, նկատուած է, որ աշակերտներուն մօտ աւելցած էին անձկութիւնն ու անհանդարտութիւնը համավարակէն ետք, եւ ասիկա մեծ դեր խաղացած է հեռաձայնները դպրոցներուն մէջ արգիլելու որոշումին մէջ: Ասոր կողքին, ուրիշ ուսումնասիրութիւն մը կը բացայայտէ, որ պրազիլցի մանուկները իրենց առաջին հեռաձայնը կը ստանան միջին հաշուով 10 տարեկանին, եւ անոնք միշտ աւելի ժամանակ կ՛անցընեն իրենց հեռաձայններուն վրայ:
* * *
Սակայն կարգ մը մասնագէտներ կը պնդեն, որ կարեւոր է աշակերտներուն սորվեցնել հեռաձայնները գործածել պատասխանատու կերպով: Պրազիլի մէջ շատ անհաւասարութիւններ գոյութիւն ունին: Մեծ թիւով աշակերտներ միայն դպրոցը միջոցը ունին արհեստագիտական գործիքներով աշխատելու: Հետեւաբար, եթէ դպրոցին մէջ այդ բաժինը նուազ առիթներ պիտի տայ աշակերտներուն, հարցը լուծուած չ՛ըլլար, եւ ուրիշ հարցեր կրնան ստեղծուիլ: Եւ անշուշտ ծնողներն ալ ունին իրենց դերը` իրենց զաւակներուն համար հաստատելու կարգ մը սահմանափակումներ:
* * *
Իսկ դուն երբեւիցէ մտածա՞ծ ես, թէ օրական որքա՛ն ժամանակ կ՛անցընես հեռաձայնի վրայ, կամ թէ ատիկա քեզի կ՛արգիլէ՞ ուրիշ զբաղումներ ունենալու, թէ՞ ոչ, կամ` դուն ինքզինքիդ ժամանակացոյց մը հաստատել օրուան ընթացքին տարբեր զբաղումներէ օգտուելու համար…
Հետաքրքրական Գիտելիքներ
– Գիտէի՞ր, թէ լեկոյի ընկերութիւնը աշխարհի ամէնէն մեծ անիւ արտադրող ընկերութիւնն է: Ան տարեկան 318 միլիոն մանր անիւներ կ՛արտադրէ իր խաղալիքներուն համար: Այս արտադրութիւնը կը գերազանցէ «Պրիճըսթըն»-ի եւ «Կուտյիր»-ի նման աւանդական անիւներ շինող ընկերութիւններու արտադրութիւնը:
– Ամբողջ Ասիոյ մէջ, փողոցներու առաջին ելեկտրական լամբերը՝ 5 օգոստոս 1905-ին:
– «Կրաֆեն»-ը աշխարհի ամէնէն ամուր նիւթն է: Ան թուղթէն մէկ միլիոն անգամ աւելի բարակ է, բայց պալատէն` 200 անգամ աւելի ամուր:
– Շուէտական օդանաւային ընկերութիւնը` «Հարթ Աէրօսփէյս», մտադրած է 2025-ի ընթացքին փորձեր կատարել աշխարհի ամէնէն մեծ եւ ամբողջովին ելեկտրականութեամբ բանող «հարթ էքս1» օդանաւը աշխատցնելու համար:
– Մաուլինոնկ Ասիոյ ամէնէն մաքուր գիւղն է: Հոն կը գտնուի Մեկալայեան` հսկայական ժայռ մը, որ բնականօրէն հաւասարակշիռ կերպով կեցած է պզտիկ քարի մը վրայ:
– Տուրիան պտուղը ճանչցած է իբրեւ «պտուղներու թագաւորը հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ: Սակայն անոր հոտը այնքան զօրաւոր է, որ ան արգիլուած է բազմաթիւ հանրային վայրերու մէջ:
– Ճափոնցի մարաթոնի վազորդ Շիզօ Քանաքուրիի քունը տարաւ, երբ ան դադար մը կ՛առնէր Սթոքհոլմի մէջ 1912-ին տեղի ունեցող Ողիմպիական խաղերու մարաթոնի մրցումին ընթացքին: 1967 թուականին շուէտացիները զայն հրաւիրեցին, որ ան վերադառնայ եւ աւարտէ իր մրցումը: Այս ձեւով անոր արձանագրած վերջնական արդիւնքը եղաւ 54 տարի, 8 ամիս, 6 օր, 5 ժամ, 32 վայրկեան եւ 20,3 երկվայրկեան: