Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհաւոր Նոր Տարի

Յունուար 4, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նոր տարին կրնայ ըլլալ մեր նախասիրած տարեկան ժամադրութիւններէն մէկը: Իսկ եթէ դուն այդ անձերուն մաս կը կազմես, գիտէի՞ր, որ առիթը ունիս Նոր տարին տօնելու գրեթէ ամբողջ տարուան ընթացքին:

Գրեթէ ամբողջ աշխարհին մէջ, Նոր տարին կը տօնուի եւ կը սկսի յունուար մէկին: Սակայն գիտէի՞ր, որ սկիզբը անիկա կը տօնուէր մարտ 25-ին: 1582-ին է, որ քրիստոնէական նոր օրացոյցը զայն փոխեց, եւ յունուար 1-ը իբրեւ Նոր տարուան առաջին օրը ճշդուեցաւ:

* * *

Մեր երկրագունդը բաժնուած է 24 ժամային գօտիներու, որոնց հիմամբ կ՛որոշուի նոր օրուան մը ծնունդը: Այս նոր օրը կը սկսի Միջազգային ամսաթուի գիծին վրայ եւ դէպի արեւմուտք կը շարունակուի: Հետեւաբար այդ գիծին ամէնէն մօտ երկիրը առաջինը կ՛ըլլայ Նոր տարին տօնող: Այդ երկիրը Քիրիպաթի պզտիկ կղզին է: Իսկ Նոր տարին տօնող ամէնէն վերջին երկիրը Ամերիկեան Սամոա կղզիներն են: Այս կղզիները շատ մօտիկ են Քիրիպաթիի: Սակայն անոնք կը գտնուին Միջազգային ամսաթուի գիծին միւս կողմը` ստեղծելով երկու շրջաններուն միջեւ 24 ժամուան տարբերութիւն մը:

Իսկ եթէ ուզես եկող Նոր տարին երկու անգամ տօնել, կրնաս ուղղուիլ դէպի Ամերիկայ եւ Ռուսիոյ միջեւ գտնուող երկու կղզիները Լիթըլ Տայոմիտ (երէկուան հող) եւ Պիկ Տայոմիտ (վաղուան կղզի): Այս երկու կղզիները կը գտնուին Միջազգային ամսաթուի գիծին երկու կողմերը, միայն 5 քմ հեռաւորութեան վրայ: ձմրան, երբ ջուրերը կը սառին, կարելի է քալելով անցնիլ մէկ կղզիէն միւսը` անցնելով ո՛չ միայն նոր վայր մը, այլ նաեւ` նոր օր մը…

* * *

Իսկ եթէ դուն կը սիրես Նոր տարուան մթնոլորտը եւ տօնակատարութիւնները, ահա ցանկ մը` Նոր տարին դարձեալ տօնելու 365 օր անընդհատ:

– Չինական Նոր տարին, որ կը զուգադիպի 21 յունուարէն 21 փետրուարի միջեւ:
– Նեւրուզի տօնը` պարսկական Նոր տարին, 20 եւ 21 մարտին:
– Պուտիզմի Նոր տարին, Սոնկքրան, Թայլանտի մէջ, ապրիլի կէսերուն:
– Իսլամական Նոր տարին, իսլամական օրացոյցի առաջին ամսուն մէջ:
– Եթովպիական Նոր տարին` Էնքութաթաշ, որ կը տօնուի 11 սեպտեմբերին:
– Քորէական Նոր տարին` Սոլոնալ, որ ընդհանրապէս կը զուգադիպի չինական Նոր տարուան օրերուն հետ:
– Տիավալի` հինտուներու Նոր տարին, հնդկական կարգ մը նահանգներու մէջ, հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներուն:
– Հոկմանէյ` սկովտիական Նոր տարուան փառատօնը` օգոստոս ամսուն:

Նոր Տարի Մը Եւ Նոր Անձ Մը

Ընդհանրապէս Նոր տարին այն ժամանակն է, երբ մարդիկ եկող տարուան համար իրենց որոշումներու ցանկը կը պատրաստեն… հաւանաբար շատ շուտ զայն մոռնալու համար:

Սակայն այդ որոշումներու ցանկին փոխարէն` փորձենք ուրիշ մօտեցում մը. որ մեզի պիտի օգնէ աւելի գիտակից ձեւով սկսելու մեր Նոր տարին:

1.- Ո՞րն է քու ամէնէն ուրախ յուշդ այս անցած տարուան ընթացքին:

2.- Ի՞նչն է քու տարիքիդ ըլլալու ամէնէն լաւ բաժինը:
– …

3.- Ինքզինքդ նկարագրէ միայն մէկ բառով:
– …

4.- Ի՞նչ խրատ պիտի փափաքէիր տալ ծնողքիդ:
– …

5.- Եթէ անասուն մը ըլլայիր, ո՞ր անասունը պիտի ընդգրկէիր եւ ինչո՞ւ:
– …

6.- Նկարագրէ ամէնէն հաճելի բառը, որ տեսար այս անցած տարուան ընթացքին:
– …

7.- Ո՞րն է ամբողջ աշխարհի մէջ քու ամէնէն շատ սիրած անձդ:
– …

8.- Ի՞նչն է ամէնէն լաւ բանը, որ ըրիր անձի մը համար այս անցած տարուան ընթացքին:
– …

9.- Ի՞նչ է այն նոր հմտութիւնը, որ սորվեցար անցած տարուան ընթացքին:
-…

10.- Ի՞նչ նոր հմտութիւն մը պիտի ուզես սորվիլ եկող տարուան ընթացքին:
-…

11.- Ո՞ր շրջանը կ՛ուզես այցելել եկող տարուան ընթացքին:
– …

12.- Ո՞րն է թիւ 1 նպատակակէտդ եկող տարուան համար:

Խոհագիր

Համեմներով Կարկանդակ

Այս տօնական ձմեռնային արձակուրդներուն պզտիկ հաւաքոյթներուն ամէնէն լաւ «ընկեր»-ներէն մէկը համեմով կարկանդակն է: Ան մաս կը կազմէ Կաղանդի սովորութիւններուն: Սակայն գիտէի՞ր, որ ան ամբողջովին եւրոպական երկիրներու ստեղծագործութիւն մը չէ:

Հազարաւոր տարիներ առաջ մարդիկ արդէն կը պատրաստէին համեմներով կարկանդակ հին եգիպտացիներէն մնացած գրութիւններու մէջ արդէն կը յիշուի համեմներու խոտերով եւ տարբեր համեմներով պատրաստուած հաց մը` մեղրով ծածկուած: Ըստ եգիպտական, յունական եւ հռոմէական դիցաբանութեան, մեղրը աստուածներէն նուէր կը համարուէր:

Սակայն այժմ մեզի ծանօթ համեմներով հացի տարբերակը եկած է Չինաստանէն, 10-րդ դարուն: Այդ ժամանակաշրջանին ան կը պատրաստուէր` ալիւրով, մեղրով եւ հոտաւէտ բոյսերով: Անիկա ծանօթ էր իբրեւ շատ սննդարար ուտելիք եւ զինուորներուն կը տրուէր պատերազմներու ընթացքին: Ան կը կրէր մի-քոնկի անունը, այսինքն` մեղրով հաց:

Ապա 13-րդ դարուն է, որ արաբները իրենց նուաճումներուն ընթացքին կը ծանօթանան այս համեմներով հացին եւ զայն իրենց հետ կը բերեն Միջին Արեւելք:

Խաչակիրներու ժամանակաշրջանին է, որ համեմներով հացը վերջապէս կը հասնի Եւրոպա եւ արեւմտեան աշխարհ:

* * *

Բաղադրութիւն

150 կրամ մեղր, 100 կրամ սրճագոյն քասոնատ (սրճագոյն շաքար), 200 մլ եռացած ջուր, 250 կրամ ցորենի ալիւր, 15 կրամ պէյքինկ փաուտըր, կէս թէյի դգալ աղ, մէկուկէս թէյի դգալ 4 համեմներու խառնուրդ (կասիա, մեխակ, հէլ, անիսոն…):

Պատրաստութիւն

1 – Քէյքի կաղապար մը ծածկէ փուռի յատուկ թուղթով (փարչըմէնթ փէյփըր):
2 – Փուռը վառէ 175 աստիճանի վրայ:
3.- Շատ մեղմ կրակի վրայ հալեցուր մեղրը եւ շաքարը:
4 – Եռացած ջուրը այդ խառնուրդին վրայ աւելցուր չափահասի մը օգնութեամբ եւ զայն կրակին վրայէն հանէ:
5 – Աւելցուր աղը եւ համեմները:
6 – Ալիւրին վրայ աւելցուր պէյքինկ փաուտըրը:
7 – Ալիւրը կամաց կամաց խառնէ շաքարի եւ մեղրի խառնուրդին հետ:
8 – Խմորը կաղապարին մէջ պարպէ, եւ զայն եփէ 35 վայրկեան, 175 աստիճանի տաքութեան վրայ:
9 – ձգէ, որ կարկանդակը պաղի` առանց թուղթը տակէն հանելու:
10 – Երբ կարկանդակը գաղջ դառնայ, թուղթը հանէ:
11 – Ուտելէ առաջ կարկանդակը սեղանին վրայ ձգէ 24 ժամ: Ան աւելի կակուղ պիտի մնայ եւ դիւրին պիտի ըլլայ զայն կտրելը:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել աստղին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր  մանրամասնութեան տուփիկը պիտի ամբողջացնէ վերի պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած բոլոր առարկաները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (3 Յունուար 2025)

Յաջորդը

2025-ի Մեր Յոբելեարները

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?