Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դարձեա՞լ Նոր Տարի Է…

Փետրուար 1, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այո՛: Բոլոր անոնք, որոնք կը սիրեն Նոր տարին եւ Կաղանդի մթնոլորտը, կրնան ուղղուիլ դէպի Չինաստան եւ Ասիոյ մէջ ուրիշ երկիրներ, ուր այս տարի Նոր տարին սկսաւ չորեքշաբթի, 29 յունուարին:

* * *

Սակայն ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը գոյութիւն ունի: Պարզապէս որովհետեւ Չինաստանի եւ մօտակայ կարգ մը երկիրներու մէջ ժողովուրդը կը հետեւի մեր օրացոյցէն տարբեր օրացոյցի մը` լուսնային օրացոյցին: Այս օրացոյցը կը հետեւի լուսինին յառաջացումի շրջանակին: Ասիկա կը նշանակէ, որ լուսնային Նոր տարին ամէն տարի տարբեր թուականներու կը զուգադիպի, ընդհանրապէս` յունուար եւ փետրուար ամիսներու միջեւ: Ուրեմն այս պատճառով է, որ չորեքշաբթի, 29 յունուարին միլիառաւոր չիներ եւ աշխարհի շուրջ ուրիշ միլիոնաւոր անձեր սկսան տօնելու իրենց Նոր տարին, եւ այս տօնակատարութիւնները պիտի տեւեն 2 շաբաթ:

* * *

Երբ մարդիկ կը խօսին լուսնային Նոր տարուան մասին, ընդհանրապէս զայն կը կոչեն չինական Նոր տարի, պարզապէս որովհետեւ այս տօնը Չինաստանի մէջ ամէնէն ծանօթ եւ ամէնէն շատ տօնուած տօնն է: Առաւել, Չինաստանէն ծագած է լուսնային օրացոյցը, զոր կը գործածուի լուսնային Նոր տարիին թուականը ճշդելու համար:

Սակայն Ասիոյ մէջ ուրիշ երկիրներ ալ կը տօնեն այս Նոր տարին: Ինչպէս, օրինակի համար, Վիեթնամի մէջ, ուր ան կը կոչուի Թեթ, Հարաւային Քորէայի մէջ` Սէօլալ, Մալեզիոյ, Սինկափուրի, Թայլանտի եւ Ինտոնեզիոյ մէջ:

Ճիշդ է, որ ան գլխաւորաբար կը տօնուի Ասիոյ մէջ, որովհետեւ ան մաս կը կազմէ տեղական սովորութիւններուն, սակայն ժամանակի ընթացքին, աշխարհին շուրջ տօնակատարութիւնները բազմացան, յատկապէս` այն շրջաններուն մէջ, ուր Ասիայէն եկած մեծ թիւով բնակչութիւն գոյութիւն ունի: Այս ձեւով մեծ տօնակատարութիւններ տեղի կ՛ունենան նաեւ Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), Փարիզ (Ֆրանսա), Սիտնէյ (Աւստրալիա), կամ նոյնիսկ` Պրիւքսել (Պելճիքա): Այս առիթով տեղի կ՛ունենան տողանցքներ եւ մշակութային տարբեր ձեռնարկներ:

* * *

Ինչպէս մեր մօտ, այս Նոր տարին ալ կարեւոր տօն մըն է: Սակայն ան միայն մէկ օր չի տեւեր: Օրինակի համար Չինաստանի մէջ ան կը տօնուի 15 օրուան ընթացքին. տօնակատարութիւնները կը սկսին Նոր տարուան նախօրեակին եւ վերջ կը գտնեն Լապտերներու տօնով: Տօնակատարութիւններու առաջին օրերը յատկացուած են` ընտանեկան հաւաքոյթներուն, ազգականներու այցելութիւններու եւ պապերուն նուիրատուութիւններ կատարելու:

Վիեթնամի մէջ տօնակատարութիւնները կը տեւեն մէկ շաբաթ, այդ տօնական օրերուն մարդոց իրենց ընտանիքներուն մօտ վերադառնալու առիթը տալու համար, մինչ Հարաւային Քորէայի մէջ ան պաշտօնապէս կը տօնուի միայն 3 օր. սակայն պատրաստութիւնները եւ ընտանեկան այցելութիւնները կրնան աւելի երկար ժամանակ տեւել:

Տօնակատարութիւնները կրնան տարբերիլ երկրէ երկիր, սակայն անոնք միշտ կ՛ընդգրկեն ընտանեկան ճաշի հաւաքոյթներ, բախտաբեր աւանդութիւններ եւ ներկայացումներ:

* * *

Լուսնային Նոր տարուան պատրաստութիւնները Նոր տարուան օրէն շատ աւելի առաջ կը սկսին: Ընտանիքները իրենց տուները կը մաքրեն դժբախտութիւնները հեռացնելու համար, եւ լաւ բախտը ընդունելու համար: Ապա անոնք տուները կը զարդարեն կարմիր առարկաներով եւ լապտերներով, որովհետեւ կարմիր գոյնը երջանկութեան եւ բարգաւաճութեան (առողջութիւն եւ հարստութիւն) խորհրդանիշն է:

Նոր տարուան գիշերը մեծ ընթրիք մը սեղանին շուրջ կը հաւաքէ ամբողջ ընտանիքը: Չինաստանի մէջ ճաշացուցակին մաս կը կազմեն ռավիոլի եւ բրինձէ կարկանդակ, մինչ Վիեթնամի մէջ կը պատրաստեն յատուկ ուտելիքներ, ինչպէս` «պան չանկ», որ կպչուն բրինձէ կարկանդակ մըն է: Կարեւոր սովորութիւն մըն են կարմիր պահարանները, որոնք «հոնկպաօ» կը կոչուին Չինաստանի մէջ: Անոնք դրամով լեցուն են եւ կը նուիրուին մանուկներուն` անոնց բախտ բերելու համար:

Տօնակատարութիւններուն ընթացքին ներկայացումներ կը ցուցադրուին փողոցներուն մէջ, ինչպէս` վիշապի եւ առիւծի պարերը: Այս ներկայացումները միշտ տպաւորիչ են, գունաւոր տարազներով, որոնց նպատակն է հեռացնել չար ոգիները եւ բարգաւաճութիւն բերել:

Վերջապէս, տօնակատարութիւնները վերջ կը գտնեն Լապտերներու տօնով, որուն ընթացքին մարդիկ գունաւոր լապտերներ կը վառեն եւ զանոնք դէպի երկինք կ՛արձակեն, կամ ջուրին վրայ կը ծփացնեն: Տեսարանը կախարդական կը թուայ:

Գեղեցիկ Տեսարան Մը Նաեւ Երկնքին Մէջ

21 յունուար 2025-էն ի վեր վեց մոլորակներ նոյն գիծին վրայ կը փայլին իրիկուան երկնքին մէջ: Արուսեակը, Հրատը, Լուսնթագը եւ Երեւակը կը տեսնուին  պարզ աչքով, մինչ Ուրանիւսը եւ Պոսիտոնը տեսնելու համար պէտք է գործածել հզօր աստղադիտակ մը: Եւ այս տեսարանը աւելի հրաշալի պիտի դառնայ երկուշաբթի, 3 փետրուարին, երբ կիսալուսինը պիտի գայ միանալու մոլորակներու տողանցքին, Արուսեակին եւ Ուրանիւսին միջեւ, մայրամուտէն ետք: Յաջորդ գիշերները լուսինը պիտի անցնի Լուսնթագին եւ Հրատին մօտէն` նուազ տեսանելի դառնալով: Իսկ փետրուարի վերջին շաբաթը Փայլածուն կարճ ժամանակով պիտի միանայ խումբին` մոլորակներուն թիւը հասցնելով եօթի: Այս եօթը մոլորակներու համախմբումը տեսանելի պիտի ըլլայ մինչեւ փետրուարի վերջը:

* * *

Որովհետեւ մոլորակները արեւուն շուրջ կը դառնան գրեթէ նոյն մակարդակին վրայ, անոնք յաճախ կ՛երեւին կարծէք նոյն շարքին վրայ: Սակայն մենք ընդհանրապէս չենք կրնար զանոնք նոյն ատեն տեսնել, որովհետեւ անոնք կը դառնան տարբեր արագութիւններով: Կը պատահի, որ երբեմն անոնք կը շարուին  մէկ գիծի վրայ արեւուն ետեւը, ինչպէս` այս տարի: Եւ հակառակ անոր, որ մոլորակները իրարու մօտ կ՛երեւին գիշերուան երկնքին մէջ, իրականութեան մէջ անոնք իրարմէ շատ հեռու կը գտնուին անջրպետին մէջ:

Յաճախ կը պատահի, որ երկու կամ երեք մոլորակներ գտնուին նոյն գիծին վրայ երկնքին մէջ. սակայն եօթը մոլորակներու մէկ գիծի վրայ շարանքը  այդքան յաճախակի չէ: Հետեւաբար, այս առիթով, վստահաբար բոլոր աստղերու սիրահարները պիտին ուղղուին քաղաքներէն դուրս` հեռանալով քաղաքի լոյսերէն, փնտռելով մութ երկնքի բաժին մը, ուր անոնք պիտի կարենան զմայլիլ այս երկնային տեսարանի առջեւ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:Քանի՞ տարբերութիւններ կրնաս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ:Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ վարի բոլոր  առարկաները:Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Միեւնոյն Նպատակին Հասնելու Համար Նոր Միջոցներ (ՀՅԴ Օրուան Առիթով)

Յաջորդը

Ճեմարանի Դարպասին Մօտ

RelatedPosts

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
Կանուխ Աշուն Մը
Մանկապատանեկան

Կանուխ Աշուն Մը

Սեպտեմբեր 13, 2025
Նորանոր Մրցանիշներ
Մանկապատանեկան

Նորանոր Մրցանիշներ

Սեպտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?