Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կ՛ուզէի՞ր Այցելել Սառոյցէ Պալատ Մը

Յունուար 25, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2011 թուականէն ի վեր, ամէն ձմեռ կարելի է այցելել սառոյցէ պալատներ` տարբեր նահանգներու մէջ: Սակայն եթէ կը փափաքիս այս պալատները այցելել, պէտք է աճապարես, որովհետեւ անոնք գոյութիւն պիտի ունենան, բնականաբար, մինչեւ գարուն միայն:

***

Այս «Այս քասըլ»-ները կարելի է այցելել ամէն ձմեռ, 14 տարիներէ ի վեր: 2011 թուականին օր մը հայր մը իր տան պարտէզին մէջ շինած է սառոյցէ պալատ մը: Անոր 6 զաւակները շատ սիրած են այդ կառոյցը, որ մեծ յաջողութիւն գտած է նաեւ թաղին եւ քաղաքին մանուկներուն մօտ: Հետեւաբար ան մտածած է այս գաղափարը իրականացնել աւելի մեծ տարբերակով եւ բազմաթիւ վայրերու մէջ:

Անոր սառոյցէ քանդակները կը նմանին հսկայական աւազէ պալատներու, որովհետեւ ձեռքով քանդակուած են: Արուեստագէտներ հաւաքած են սառոյցի հազարաւոր կտորներով այդ քանդակները իրականացնելու համար: Պատերը կը յիշեցնեն ամրոցներու պատերը: Գոյութիւն ունին նաեւ` կամարներ, ներքնուղիներ, աղբիւրներ, գահեր, սահնակներ…

Օրուան ընթացքին, արեւուն տաքութեան եւ այցելուներուն ժամանումին ազդեցութեան տակ, սառոյցը թեթեւօրէն կը հալի: Քիչ մը ջուր կը հոսի… Գիշերուան ընթացքին դարձեալ սառելով, երկար եւ կախուած ու սուր բազմաթիւ փոքրիկ սառոյցներ կը կազմուին: Ժամանակի ընթացքին այդ սրածայր սառոյցի կտորները կը ծածկեն ամբողջ պալատը:

Իրիկունը այս քանդակները կը լուսաւորուին տարբեր գոյնի ԼԵՏ լամբերով: Սակայն օրուան ընթացքին, նոյնիսկ առանց լոյսերու, սառոյցը կապոյտի տարբեր երանգներով կը յայտնուի: Որովհետեւ սառոյցը ճնշուած է եւ խիտ, ան չի ձգեր, որ լոյսի բոլոր ճառագայթները իր մէջէն թափանցեն, միայն կապոյտ գոյնի ճառագայթները կրնան անցնիլ անոր ընդմէջէն:

***

Գիտէի՞ր, թէ նոյն քանակով ջուրը աւելի տեղ կը գրաւէ, երբ սառած է, քան երբ հեղուկ վիճակի մէջ է:

Գիտելիքներ Ձմրան Մասին

– Գիտէի՞ր, թէ հիւսիսային բեւեռը աւելի նուազ ցուրտ է, քան` հարաւային բեւեռը:

– Ձմրան ընթացքին է, որ երկրագունդը արեւուն ամէնէն մօտը կ՛ըլլայ:

– Ուրանուս մոլորակին վրայ ձմեռը կը տեւէ 21 տարի:

– Չինական սալորի ծառը այն քիչ թիւով բոյսերէն է, որոնք ձմրան կը ծաղկին:

– Գիտէի՞ր, թէ Քանատայի մէջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ մազերը սառեցնելու մրցում մը:

– Կարգ մը անասուններ կարողութիւնը ունին ձմրան ճերմակ դառնալու: Ինչպէս, օրինակի համար, կարգ մը նապաստակներ, բեւեռային աղուէսը, կզաքիսը…

– Ձմեռնային առաջին Ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցան 1924-ին, Ֆրանսայի Շամոնի շրջանին մէջ:

– Նոր Զելանտայի մէջ գոյութիւն ունի ուէթա կոչուած միջատ մը, որ ձմրան ամբողջովին կը սառի, երբ ջերմաստիճանը կ՛իջնէ: Երբ օդը կը սկսի դարձեալ տաքնալ, ան «կը հալի» եւ դարձեալ իր բնական կեանքին կը վերադառնայ:

– Կան մարդիկ, որոնց մէջ ձիւնի տեսարանը մեծ վախ` ֆոպիա կը յառաջացնէ: Այս վախը նոյնիսկ ունի յատուկ անուն մը` քայօնոֆոպիա:

– Կարգ մը շրջաններու մէջ տան առջեւէն ձիւնը մաքրելը դարձած է իսկական մարզաձեւ: Սակայն ձայնը մաքրելու փոխարէն` մարդիկ կը ցատկեն դիերուն վրայ եւ բլուրէն դէպի վար սահելու հաճելի մրցումներ կը կազմակերպեն:

– Ձիւնի փաթիլի մը ամպէն մինչեւ գետին հասնիլը կրնայ 2 ժամ առնել:

– Ձիւնի փաթիլը ամպէն կը թափի մօտաւորպէս ժամական 5 քմ արագութեամբ:

– Ձիւնի փաթիլ մը միշտ 6 անկիւն կ՛ունենայ:

– Գոյութիւն ունին ձիւնի 5 տարբեր տեսակներ` չոր ձիւն, խոնաւ ձիւն, թաց ձիւն եւ ցեխոտ ձիւն:

– Ձիւնին 90-95 առ հարիւրը օդ է:

– Ձմեռնային փոթորիկները կը պատահին, երբ տաք ու խոնաւ օդը կը հանդիպի պաղ չոր օդին հետ: Այդ ժամանակ ցուրտ անձրեւ, կարկուտ կամ ձիւն կը տեղայ:

– 250 սմ ձիւնը պիտի հալի եւ վերածուի միայն 2,5 սմ ջուրի:

– Աշխարհի վրայ ամէնէն շատ ձիւն ստացող քաղաքը, Ճափոնի հիւսիսը Աոմորի Սիթի քաղաքն է: Հոն միջին հաշուով 7,9 մեթր ձիւն կու գայ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
21 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել այն պատկերը, որ չունի հայելիին մէջ իր ցոլացումը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գծել իւրաքանչիւր տուփիկ իր տեղը վարի տախտակին մէջ`
վերակազմելու համար պատկերը:
Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բաժանում

Յաջորդը

Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը Անգամ Մը Եւս Կը Հասնի Հայութեան

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?