Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Կատակները սիրողներուն համար ամէնէն լաւ տօնը ապրիլ 1-ն է: Տարուան մէջ ապրիլ 1-ը այն միակ օրն է, երբ կատակներն ու հնարքները ընդունուած են, եւ նոյնիսկ` քաջալերուած: Այս հաճելի սովորութեան ծագումը յստակ չէ: Կարգ մը անձեր կը հաւատան, թէ ան սկսած է 1582 թուականին, երբ աշխարհը որդեգրեց այժմ գործածուող օրացոյցը` հրաժարելով նախկինէն, երբ Նոր տարին կը սկսէր ապրիլ 1-ին: Իսկ ուրիշներ կը հաւատան, որ այս տօնը գարնան ժամանումը նշելու գաղափարով ծնած է:
Հակառակ այս տարբեր մեկնաբանութիւններուն` ապրիլ 1-ը կը տօնուի գրեթէ ամբողջ աշխարհին շուրջ: Նոյնիսկ մեծ ընկերութիւններ եւ հաստատութիւններ կը մասնակցին այս տօնակատարութեան` յղանալով կատակներ, որոնք մարդիկը կը խաբեն ժամերով, եւ երբեմն` օրերով:
* * *
«Վըրճըն Օսթրալիա»-ի «Քիտզ քլաս» փոքրերու յատուկ բաժինը
2016 թուականին «Վըրճըն Օսթրալիա» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց ստեղծումը երեխաներու յատուկ «Քիտզ քլաս» կարգը: Այդ կարգին մէջ ընդունուած են մանուկ ճամբորդները միայն, եւ` ո՛չ մէկ չափահաս ճամբորդ: Այդ կարգին մէջ ամէն ինչ մտածուած է փոքրիկներուն համար. ինչպէս` յատուկ աթոռներ, որոնց կռնակին վրայ կարելի է զարնել, ինչպէս նաեւ յատուկ փըլուշէ արջուկներ` փոքրիկ ճամբորդներուն հոգեկան հանգիստին համար: Մանուկները կրնան խաղալ նաեւ աթոռներուն միջեւ անցքերուն մէջ` իրենց անհանդարտութիւնը նուազեցնելու համար:
Այս հոյակապ լուրին միակ ժխտական կէտը այն էր, որ ան յայտարարուած էր ապրիլ 1-ին:
«Ատիտաս»-ին տուփէ կօշիկը
«Ատիտաս» ճանչցուած է իր նորարական մարզական կօշիկներով: Սակայն անոնց ամէնէն անսովոր կօշիկը ներկայացուեցաւ 2024-ին: Անիկա ունէր կօշիկի տուփի ձեւ` առջեւէն բաց եւ լեզուակով օժտուած բաժինով մը, վրան հաստ կապերով: Այս գաղափարը աւելի համոզիչ դարձնելու համար հաստատութիւնը նոյնիսկ յատուկ էջ մը բացաւ իր կայքէջին վրայ: Իսկ միակ մանրամասնութիւնը, որ կը նշէր, թէ ասիկա կատակ մըն էր, ապրանքին քոտը` AF0104, «Էյփրիլ ֆուլ՛զ տէյ», ապրիլ 1:
«Պի.Պի.Սի.»-ի պատկերասփիւռին սփակեթիներու հունձքը
1957-ին անգլիական «Պի.Պի.Սի.»-ին դարձաւ ապրիլ 1-ի կատակ մը ներկայացնող առաջին պատկերասփիւռը: Այդ տարին «Փանորամա» յայտագիրը ներկայացուց յատուկ բաժին մը: Ըստ անոր տեղեկութիւններուն, շնորհիւ այդ տարուան մեղմ ձմրան եւ սփակեթիներուն վնաս հասցնող խստիւ ոչնչացումին, այդ տարուան սփակեթիներու հունձքը շատ առատ եղած է: Ակնարկին մէջ կարելի էր տեսնել ուրախ կիներ, որոնք կը հաւաքէին ճիւղերէ կախուած երկար սփակեթիներ: Բազմաթիւ ակնդիրներ հաւատացին այս լուրին եւ պատկերասփիւռի կայանը հեռաձայնեցին գիտնալու համար, թէ ինչպէ՛ս կարելի էր անձնական սփակեթիի ծառ տնկել: Անոնց պատասխանուեցաւ, որ պէտք էր պարզապէս չոր սփակեթիի կտոր մը տնկել լոլիկի ջուրով տուփի մը մէջ, եւ յուսալ, որ աճի:
«Պըրկըր քինկ»-ի մէկ հատիկ տապկուած գետնախնձորը
2016-ին «Պըրկըր քինկ»-ի ֆրանսական ճիւղը նորութիւն մը առաջարկեց իր ճաշացուցակին վրայ. զգուշութեամբ փաթթուած միակ տապկուած գետնախնձորի հատիկ մը երեք տարբեր չափերով` պզտիկ, միջակ եւ մեծ: Բարեբախտաբար տապկուած գետնախնձորներու սիրահարներու համար ասիկա պարզապէս ապրիլ 1-ի կատակ մըն էր:
Ընդհանուր Գիտելիքներ
Մասնագէտները կը հաստատեն, որ Բաբելոն հին քաղաքը աշխարհի ամէնէն մեծ քաղաքը եղած է մօտաւորապէս 400 տարի: Ան հաւանաբար եղած է առաջին քաղաքը, որուն բնակչութեան թիւը անցած է 200 հազարը:
Նորվեկիա կը շինէ աշխարհի առաջին ծփացող ընդծովեայ ներքնուղին: Ան իրարու պիտի կապէ Քրիսթիանսանտ եւ Թրոնտհայմ քաղաքները 27 մեթր երկարութեամբ եւ 400 մեթր խորութեամբ: Անոր ծախսը պիտի հասնի 40 միլիառ տոլարի, եւ անոր շինութիւնը պիտի վերջանայ 2050 թուականին:
Աշխարհի ամէնէն երկար տեւող եւ արձանագրուած ծիածանը նշմարուած է Թայփէյի մէջ` Թայուան, 30 նոյեմբեր 2017-ին: Ան տեւած է 8 ժամ եւ 58 վայրկեան:
Մեղու մը կ՛ապրի միայն 40 օր` այցելելով 150 հազար ծաղիկներ եւ արտադրելով թէյի դգալէ մը պակաս մեղր. ճիշդ է, որ մեզի համար ասիկա պարզապէս դգալ մը մեղրէ, սակայն մեղուի մը համար անոր ամբողջ կեանքին աշխատանքը:
1984 թուականին երեք ընկերներ քալեցին Չինաստանի Մեծ պատին ամբողջ երկայնքին` իրենց արշաւը աւարտելով 510 օրէն:
Իտալիոյ մէջ Քասերթայի թագաւորական պալատը, որ մաս կը կազմէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աշխարհի հայրենական ժառանգութեան ցանկին, աշխարհի ամէնէն մեծ թագաւորական բնակարաններէն մէկն է իր 1200 սենեակներով եւ ընդարձակ պարտէզներով: Ան շինուած է 18-րդ դարուն, ֆրանսական Վերսայի պալատին հետ մրցակցելու նպատակով:
Իսկ գիտէի՞ր, թէ ճափոնական թերթերը իրենց էջերուն բաղադրութեան մէջ հունտեր ունին: Այս ձեւով կարելի է թերթը կարդալէ ետք զայն ցանել:
Հնդկաստանի Ռաժասթան շրջանի Փիփլանթարի գիւղին մէջ գոյութիւն ունի իւրայատուկ սովորութիւն մը: Իւրաքանչիւր աղջիկ երեխայի մը ծնունդին շրջանին մէջ կը տնկուին 111 ծառեր: