Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Է Արհեստական Բանականութիւնը (ԱԲ)

Մարտ 8, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս արհեստական բանականութեան (AI-ԱԲ) մասին երեւակայած էին եւ իրենց դրութիւններուն մէջ ներկայացուցած էին գիտաերեւակայական վէպերու հեղինակները միայն, մինչ այսօր ան դարձած է իրականութիւն, եւ մենք զայն կը գործածենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ… եւ յաճախ` առանց անդրադառնալու:

* * *

– Ի՞նչ է արհեստական բանականութիւնը

Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) համակարգիչի (փրոկրամ) մարդ արարածին նմանը ընելու, զայն ընդօրինակելու: Ան սկիզբը յայտնուեցաւ գիտաերեւակայական վէպերուն մէջ, ապա, 20-րդ դարուն ճարտարագէտները սկսան հետաքրքրուիլ անով: Ներկայիս այս արհեստագիտութիւնը հսկայական քայլեր կ՛առնէ: ԱԲ-ը կրնայ կատարել` հաշիւներ, լուծել խնդիրներ, քշել, խօսիլ… Օրինակի համար, մարդամեքենաներ բժիշկներուն կ՛աջակցին քննութիւններու արդիւնքներ լուծելու,  կամ ճիշդ դեղը ընտրելու համար: Նոյնիսկ մենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ ակամայ անոր կը դիմենք. սմարթուաչ, ընկերային ցանցեր, գրութիւնը սրբագրող փրոկրամ…

Գրութիւն սրբագրո՞ղ: Ուրեմն ԱԲ-ը կրնայ իմ տեղս պարտականութիւննե՞րս կատարել… Ուսուցիչները եւ ուսումնական կազմերու մասնագէտները հարցեր կը դնեն այս գործիքներուն վերաբերեալ: Չաթճիփիթին կրնա՞յ շարադրութիւն մը գրել կամ հաւասարում մը բացատրել: Ճիշդ է, որ աշակերտներ արդէն գործածած են այս ծրագիրը իրենց պարտականութիւնները կատարելու համար, սակայն քննութեան օրը առանց անոր` անոնք նուազ հնարամիտ պիտի թուին:

Պէտք է նշել, որ այս մեքենաները եւ գործիքները «իսկական» բանականութիւն մը չունին: Անոնց ծրագիրը գրուած է մարդոց կողմէ, անոնք առանձին բան մը չեն կրնար «սորվիլ»: Սակայն կարգ մը անձեր կը վախնան, որ այս գործիքները կրնան սխալ տեղեկութիւններ տարածել: Հետեւաբար, արդեօ՞ք պէտք է անոնց համար սահմաններ ճշդել, արգիլել դպրոցներուն մէջ… Կարեւորը մտածելն է ԱԲ-ի գործածութեան մասին եւ ինքզինքին ճիշդ հարցումները ուղղել… իսկական մարդ արարածներու պէս:

Թանզանիոյ Մէջ Արեւային Վահանակներ`
Դպրոցական Պայուսակներուն Վրայ

Թանզանիոյ մէջ բազմաթիւ ընտանիքներ տան մէջ ելեկտրականութիւն չունին, յատկապէս եթէ անոնք քաղաքէն դուրս կ՛ապրին: Անոնք քարիւղով լամբեր կը գործածեն լուսաւորուելու համար: Ասիկա օդը կ՛ապականէ, վտանգաւոր է եւ սուղ արժող միջոց մըն է:

Այս պայմաններուն մէջ կ՛ապրէր Իննոսան Ճէյմս Սալլի, երբ փոքրիկ էր: Անոր մայրը եւ մեծ մայրը ուսուցչուհիներ էին: Անոնք ամէն գիշեր կը ստուգէին, թէ լամբին մէջ բաւականաչափ քարիւղ կա՞ր, որպէսզի ան կարենար կարդալ եւ դասերը սորվիլ: Հետագային Սալլի ուզեց այս հարցին լուծում մը գտնել:

***

2016 թուականին Սալլի գաղափար մը կը յղանայ, արեւային վահանակ մը հաստատել պայուսակի մը վրայ` ուժանիւթ հայթայթելու համար լամբի մը, որ կարելիութիւնը պիտի տար մանուկներուն լոյս ունենալու, երբ արեւը մար մտնէր:

Պաթթըրին կը լեցուէր, երբ մանուկը դպրոց կ՛երթար, եւ այդ լեցուած պաթթըրին կրնար զօրաւոր լոյս տալ 5 ժամուան ընթացքին, եւ թեթեւ լոյս` մինչեւ 8 ժամ:

***

Իննոսան Ճէյմս սկսաւ դպրոցական այս պայուսակները առանձին պատրաստել: Ամիսը ան մինչեւ 80 պայուսակ կը կարէր: Անոր հնարքը մեծ յաջողութիւն կը գտնէ: 2018-ին ան կը կազմէ առաջին խումբը, որ ամսական աւելի քան 1000 պայուսակ կ՛արտադրէր:

Այս պայուսակները քարիւղի լամբէ մը նուազ սուղ են եւ շատ լաւ կը ծախուին: 2019 թուականին, Իննոսան Ճէյմս կը հիմնէ «Սոմա Պակզ» հաստատութիւնը: Յաջորդ տարին ան կը բանայ գործարան մը, ուր կ՛աշխատին 65 պաշտօնեաներ: Անոնք ամսական 10 հազար պայուսակ կը պատրաստեն:

Այս պայուսակները կը ծախուին Թանզանիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ` Քենիոյ, Ռուանտայի, Մատակասկարի, Նիկերիոյ մէջ…

Գիտէի՞ր, թէ դպրոցական այս պայուսակները կը պատրաստուին կերպընկալէ տոպրակներով, որոնք կը մաքրուին եւ կը կարուին վերամշակուելէ առաջ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 8 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Իւրաքանչիւր մանուկ ունի առարկայ մը, որ կը պատկանի ուրիշ մանուկի մը:
Կրնա՞ս վերադարձնել իւրաքանչիւր մանուկի յատուկ առարկան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջի բոլոր տարբեր տոնաթները:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թիւի տեղը վերի տախտակին մէջ:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (7 Մարտ 2025)

Յաջորդը

Մեր Պատկառանքը Եւ Երախտագիտութիւնը Ձեզի, Սիրելի՛ Ուսուցիչներ

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?