Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Հնարած Է «Փըլիւշ» Արջուկը

Յունուար 11, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Շատ մը փոքրիկներ իրենց նուէրներու ցանկին վրայ կը դնեն «փըլիւշ» արջուկ մը: Ժամանակին մարդոց մօտ մեծ վախ յառաջացնող այս անասունը մեր արդի աշխարհին մէջ դարձած է փոքրիկներու սենեակներուն մէջ ապրող ազնիւ խաղընկեր մը: Մինչ խաղալիքներուն մեծ մասը, ինչպէս` պուպրիկները, ձայն հանող մանուկներու խաղալիքները արդէն գոյութիւն ունէին շատ հին ժամանակներէն, փըլիւշէ արջուկը աւելի արդի խաղալիք մըն է:

* * *

1902 թուականին, որսորդութեան մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահը Թէօտօր «թէտի» Ռուզվելթ կը մերժէ արջուկի քոթոթ մը սպաննել: Այս պատմութենէն ներշնչուելով` Նիւ Եորքի մէջ խաղալիք արտադրող մը թաղիքէ արջուկ մը կը ստեղծէ եւ անոր կու տայ Թէտի անունը` նախագահին ի պատիւ: Այս ձեւով է, որ կը ծնի Թէտի Պերը, որ ժամանակի ընթացքին կը նշէ բոլոր փըլիւշէ խաղալիք արջուկները:

Նոյն ժամանակին, Ատլանտեան ովկիանոսին միւս կողմը, Գերմանիոյ մէջ, դերձակուհի մը` Մարկրեթ Սթէյֆ, կը պատրաստէ շարժուն անդամներով օժտուած բուրդէ արջուկ մը: Ովկիանոսին երկու կողմերը այս արջուկները շատ մեծ յաջողութիւն կը գտնեն:

* * *

Ժամանակի ընթացքին շատ աւելի մեծ թիւով խաղալիք արտադրողներ սկսան փըլիւշէ արջուկներ ծախել: 1926 թուականին ան նոյնիսկ կը դառնայ, առաջին անգամ ըլլալով, փոքրիկներու յատուկ գիրքի մը հերոսը` Ուինի-տը-Փու, անգլիացի գրագէտ Ալեն Ալեքսանտըր Մինի գրիչին տակ: 1958 թուականին դարձեալ անգլիացի գրագէտի մը` Մայքըլ Պոնտի գրիչին տակ կը ծնի ուրիշ արջուկ մը` Փոտինկթընը:

* * *

Փըլիւշէ արջուկը շատ մեծ փոփոխութիւններու չենթարկուեցաւ 1900-1960 թուականներու միջեւ: Ճիշդ է, որ առաջին արջուկները քիչ մը կարծր էին, անշարժ, անոնց մէջը` յարդով լեցուած, սակայն ժամանակի ընթացքին անոնք շատ աւելի կակուղ եւ փափուկ դարձան, շարժուն անդամներով եւ աւելի դիւրութեամբ փաղաքշուող: Աւելի փափուկ եւ կակուղ կտաւներ հնարուեցան եւ կարելիութիւնը տուին շատ աւելի մեծ թիւով տարբեր փըլիւշներ ստեղծելու: Ժամանակի ընթացքին դրուեցան նաեւ ապահովութեան խիստ օրէնքներ` այդ խաղալիքները փոքրիկներուն ապահով դարձնելու:

* * *

Իր ստեղծումէն աւելի քան մէկ դար ետք այս արջուկները կը շարունակեն իրենց դերը խաղալ փոքրիկներուն մօտ: Փաղաքշական խաղալիքէ մը անդին` անոնք իրենց մեղմութեամբ եւ փափուկութեամբ կը հանդարտեցնէին, կը մխիթարեն եւ կը հանգստացնեն փոքրիկները` անոնց կարելիութիւնը տալով զարգացնելու իրենց երեւակայութիւնն ու ստեղծագործական միտքը:

Կարճ Գիտելիքներ

– Գիտէի՞ր, որ տարի մը կազմուած է 31.557.600 երկվայրկեանէ:

– Հին ժամանակներուն, երբ մարդիկ զանգակներով ժամացոյցներ չէին գործածեր առտուն արթննալու համար, կը դիմէին «նոքըր-ափըրս» կոչուած յատուկ անձերու, որոնց գործն էր մարդոց պատուհաններուն զարնել զանոնք արթնցնելու համար:

– Անհաւատալի, բայց` իրաւ, բջիջային հեռաձայնի սպասարկութիւն կայ աշխարհի ամէնէն բարձր լերան` Էվէրէսթի գագաթին վրայ:

– Երբ խաղի զառ մը կը նետես, իրարու հակառակ կողմ գտնուող թիւերուն գումարը միշտ 7-ի հաւասար կ՛ըլլայ:

–  Միակ կով մը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կրնայ արտադրել մինչեւ 200 հազար գաւաթ կաթ:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ փիցցան մօտաւորապէս 1200 քառակուսի մեթր մեծութիւն ունէր: Ան պատրաստուած էր Իտալիոյ մէջ:

– Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին պանիրի աւելի քան 2000 տարբեր տեսակներ:

– Խնձորները կրնան ջուրին վրայ ծփալ շնորհիւ անոնց մէջ գտնուող օդի փոքրիկ գրպաններու:

– Երբ խորունկ քունի մէջ ես, դուն չես կրնար հոտ առնել:

– Մեր բերանին մէջ գտնուող համերը զանազանող յատուկ բջիջները կ՛ապրին 10-14 օր: Ապա անոնց կու գան փոխարինելու նոր բջիջներ:

– Նորածինները սկիզբի շրջանին չեն կրնար գոյները զանազանել:

– Մեր ուղեղը կը շարունակէ աճիլ մինչեւ քառասուն տարեկանի վերջերը:

– Քալելու ընթացքին մենք կը գործածենք մօտաւորապէս 200 տարբեր մկաններ:

– Մէկ յօրանջելը միջին հաշուով 6 երկվայրկեան կը տեւէ:

– Կայծակները շատ տաք կ՛ըլլան, արեւու տաքութենէն մօտաւորապէս հինգ անգամ աւելի:

– Հակառակ անոր արեւը մեզի մօտ կը թուի, սակայն մեր տրամադրութեան տակ գտնուող ամէնէն արագ անջրպետանաւը 70.000 տարիէն հազիւ կրնայ հասնիլ անոր մօտ:

– Հակառակ անոր, որ ձիւնը ճերմակ կ՛երեւի, սակայն ան կազմուած է սառոյցի բիւրեղներէ, որոնք կ՛արտացոլացնեն եւ կը շեղեն լոյսը: Իւրաքանչիւր սառոյցի բիւրեղ կրնայ սփռել լոյսը բոլոր ուղղութիւններով՛ ձիւնին տալով անոր ճերմակ գոյնը:

– Աշխարհի մէջ արձանագրուած ձիւնի ամէնէն մեծ փաթիլը մօտաւորապէս 38 սմ լայնք ունէր: Ան իջած է Միացեալ Նահանգներու Մոնթանա նահանգին մէջ, 1887-ին:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել, թէ  վարը գտնուող ո՞ր յատակագիծը կը համապատասխանէ
նստասենեակի պատկերին:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Լլատրօ»-ն Կ՛արտադրէ «Ղարաբաղեան Նժոյգ» Յախճապակի Արձանիկներ` Ազրպէյճանի Քարոզչութեան Համար

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?