Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրելը Ինչի՞ Կը Ծառայէ

Փետրուար 8, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սկիզբի օրերէն արդէն մարդիկ կը գրեն` պատմութիւններ, նամակներ, գիրքեր… Սակայն համակարգիչներուն եւ բջիջային հեռաձայններուն յայտնութենէն ետք, մարդիկ գրիչով նուազ կը գրեն: Ուրեմն, ինչի՞ կը ծառայէ գրելը:

* * *

Գրելը միշտ դիւրին վարժութիւն մը չէ, եւ մենք կրնանք հարց տալ: Եթէ ասիկա այդքան ճիգի արժանի՞ է… Այո՛: Գրելը օգտակար եւ կարեւոր է բազմաթիւ պատճառներով:

Նախ եւ առաջ` ան մեզի կարելիութիւնը կու տայ ճշգրիտ կերպով ձեւեր արտադրել: Մատիտը գործածելը շատ լաւ մարզանք մըն է մեր մատներուն համար: Երկրորդ` գրելը մեր յիշողութիւնը կը զօրացնէ: Դաս մը աւելի լաւ կը յիշենք, երբ զայն կը գրենք, քան երբ կը բաւարարուինք միայն զայն կարդալով: Վերջապէս, երբ մենք կը գրենք, մենք ստիպուած կ՛ըլլանք կանոնաւոր կերպով դասաւորելու մեր միտքերը: Հետեւաբար ան մեզի կ՛օգնէ աւելի լաւ տեսնելու մեր մտածածը:

– Սակայն ինչո՞ւ մարդիկ գիրը հնարած են 5000 տարիներ առաջ

Սկիզբը մարդիկ մղուած չէին գաղափարական մտածումներով, այլ` գործնական պատճառներով: Միջին Արեւելքի մէջ գտնուած գրութեան առաջին հետքերը նշաններ էին, որոնք կը ծառայէին արձանագրելու ծախուած կամ գնուած ապրանքները: Ապա, ժամանակի ընթացքին մարդիկ պարզապէս փոխանակուած այծերու կամ ցորենի պարկերու թիւը յիշելու նպատակով բաներ արձանագրելու համար չգրեցին: Գրելը անոնց կարելիութիւնը տուաւ յիշատակները պահելու այն ամէն ինչ, որ մարդիկ կ՛ապրէին, կը ստեղծէին եւ կը յայտնաբերէին: Ասիկա մեծ նուէր մըն էր ամբողջ մարդկութեան:

* * *

Սակայն գրութիւնը մեզի ուրիշ կախարդական նուէր մը կը հայթայթէ. բառերուն հետ խաղալու կարելիութիւնը, պատմութիւններ հնարելու… հազարաւոր տարիներէ ի վեր վէպերը, հեքիաթները, բանաստեղծութիւնները, մարդոց ճամբորդելու կարելիութիւնը կու տան, զանոնք կը խնդացնեն կամ կ՛օրօրեն:

Իսկ նամակնե՞րը: Այն մեծ հաճոյքը, զոր կը զգան այդ նամակները ստացողները… եւ զանոնք գրողները: Եւ որովհետեւ սիրոյ տօնը կը մօտենայ, կրնաս առիթէն օգտուիլ` նամակներ գրելու այն անձերուն, որոնց հանդէպ սէր, գուրգուրանք եւ յարգանք ունիս, ծնողքիդ, քրոջդ, եղբայրներուդ, մօտիկ բարեկամներուդ…

Հետաքրքրական Գիտելիքներ

– Գիտէի՞ր, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ալ Նասլաա ժայռը նշանաւոր է` շնորհիւ իր իւրայատուկ կերպարանքին: Ժայռը ուղղահայեաց ուղիղ գիծով մը երկուքի բաժնուած է ո՛չ մարդկային գործունէութեան պատճառով, այլ` հաւանաբար բնական մաշումի կամ երկրագունդի թեքթոնիք խաւերու շարժումին պատճառով:

– 2017 թուականին Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ ոստիկանութիւնը գտաւ ինքնաշարժ մը, որ կը պատկանէր 76 տարեկան անձի մը: Ան քսան տարիներ առաջ կայանած էր իր ինքնաշարժը, ապա մոռցած էր իր կայանայ վայրը,,,

– Մեզի ծանօթ մարդկային ձայնի առաջին արձանագրութիւնը կատարուած է 1860 թուականին: Այս արձանագրութեան նպատակն էր ցոյց տալ ձայնի ալիքի մը տեսողական պատկերը եւ ոչ` դարձեալ մտիկ ընելու համար: 2008 թուականին մասնագէտները սքան ըրին այդ «արձանագրութիւնը» եւ զայն վերածեցին ձայնի ֆայլի մը: Այդ առաջին արձանագրուած մարդկային ձայնը կ՛երգէր «Օ քլեր տը լա լիւն»:

– Աշխարհի ամէնէն սուղ փայտը ափրիկեան սեւ փայտն է: Այդ փայտին մէկ քիլոկրամը կ՛արժէ 9000 տոլար եւ մօտաւորապէս 50 տարիէն պատրաստ կ՛ըլլայ:

– Գիտէի՞ր, թէ աստակոսին (մեծ չափի խեցգետին մը) ուղեղը կը գտնուի անոր կոկորդին մէջ, ջղային դրութիւնը` որովայնին մէջ, ակռաները` ստամոքսին մէջ, իսկ երիկամները գլխուն մէջ:

Ձեռային Աշխատանք

 Ծաղկաւոր Նամակ Մը

Կրնաս այս նամակի ձեւով եւ ծաղիկներ պարունակող քարտը նուիրել քու ուզած անձիդ` անոր միջոցով փոխանցելու քու լաւագոյն մաղթանքներդ:

* * *

– Այս ձեռային աշխատանքին համար պէտք ունիս պարզապէս` թուղթերու, ներկերու, խէժի եւ մկրատի:

– Գունաւոր թուղթի մը վրայ գծէ, կտրէ եւ ծալէ նամակի պահարանին ձեւը:

– Ճերմակ թուղթի մը վրայ գծէ քու նախասիրած ծաղիկներով կազմուած փունջ մը: Զայն ներկէ եւ կտրէ:

– Ուրիշ թուղթի կտորի մը վրայ գծէ եւ կտրէ պիտակ մը եւ սրտիկ մը:

– Ծաղիկի փունջը փակցուր պահարանին մէջ: Պահարանին վրայ փակցուր նաեւ պիտակ մը, որուն վրայ պիտի գրես անձին անունը, իսկ սրտիկը անցուր պահարանին ծայրը:

– Պահարանը պատրաստ է: Կը մնայ, որ գեղեցիկ նամակ մը, կամ բանաստեղծութիւն մը գրես թուղթի մը վրայ, զայն դնես պահարանին մէջ եւ նուիրես ուզած անձիդ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել կեդրոնի տաք թէյին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր բանալիին շուքը:
Իւրաքանչիւր առարկայէ քանի՞ օրինակ կրնաս գտնել պատկերին մէջ:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (7 Փետրուար 2025)

Յաջորդը

Անդրադարձ` «Ընդհանուր Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» Գիրքի Թարգմանութեան Առիթով

RelatedPosts

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
Կանուխ Աշուն Մը
Մանկապատանեկան

Կանուխ Աշուն Մը

Սեպտեմբեր 13, 2025
Նորանոր Մրցանիշներ
Մանկապատանեկան

Նորանոր Մրցանիշներ

Սեպտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?