Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անասունները Ինչպէ՞ս Կ՛անցընեն Ձմեռը

Նոյեմբեր 30, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ձմեռը արդէն շատ մօտ է, եւ օդը ցրտած է: Սակայն ո՞ւր են այն մժեղները, որոնք ամբողջ ամառը մեզ խայթեցին, ո՞ւր կորսուած են ոզնիները, միջատները…

Երբ ցուրտ եղանակը կը հասնի, անասունները բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուին. ջերմաստիճանը կ՛իջնէ, ուտելիքն ու լոյսը կը նուազին… Ի՞նչ կրնան ընել անասունները ձմրան եւ ցուրտին դէմ:

* * *

Գաղթ

Կարգ մը անասուններու համար անկարելի է մնալ այդ ցուրտ միջավայրին մէջ: Անոնք կը գաղթեն դէպի աւելի մեղմ ջերմաստիճաններ վայելող շրջաններ: Գաղթի «թագաւորները» թռչուններն են: Օրինակի համար, Արքթիք Նժոյգ կոչուած ծովային թռչունը գաղթի ժամանակ երթ ու դարձի համար մօտաւորապէս 70 հազար քմ կը կտրէ` մրցանիշ արձանագրելով: Այս գաղթող անասունները ամէն տարի միշտ կը գործածեն նոյն ճամբաները եւ կը գաղթեն ու կը վերադառնան դէպի նոյն վայրերը: Կարգ մը անասուններ իրենց ճամբան ճշդելու համար կը գործածեն երկնքի «քարտէս» մը:

Հանգիստ

Ուրիշ անասուններու համար լուծումը հանգիստն է: Սպասել, որ ձմեռը անցնի: Օրինակի համար, ոզնին «ուժի խնայողութեան» վիճակի մէջ կը դնէ իր մարմինը: Ան կը մտնէ ձմեռնային խորունկ քունի մը մէջ եւ կ՛արթննայ, երբ գարունը գայ: Այդ շրջանին անոնց սրտի զարկերը կը նուազին (փոքրիկ կրծողներու պարագային, մէկ վայրկեանի մէջ 300 զարկերը կրնան իջնել 3-ի). անոնց մարմնին ջերմաստիճանը շատ կը ցածնայ եւ կրնայ մինչեւ 0 աստիճան իջնել: Անոնց մարմնին գրեթէ ամբողջ գործունէութիւնը կը դադրի: Այս պատճառով անոնք պէտք է ճարպի պահեստներ հաւաքեն իրենց մարմնին մէջ, յատկապէս ամառնային եղանակին` ամբողջ ձմեռը կարենալ տոկալու համար:

Մինչ ուրիշ անասուններ դարձեալ քունի կ՛անցնին, սակայն անոնց քունը թեթեւ կ՛ըլլայ, եւ անոնց ուղեղը` աշխուժ: Անասունը կրնայ շարունակել սնանիլ, իր որջէն դուրս ելլել եւ նոյնիսկ յարձակումներու դէմ դնել:

Իսկ միջատներու պարագային, անոնց աճը եւ գործունէութիւնը կը դադրին ձմրան:

Պայմաններուն յարմարիլ

Վերջապէս, կարգ մը անասուններ բնականօրէն կը յարմարին ձմրան յատուկ օդերեւութաբանական պայմաններուն: Անոնք կը փոխեն իրենց կերպարանքը, սննդականոնային սովորութիւնները… Այս ձեւով, օրինակի համար, եղջերուին «վերարկուն» աւելի խիտ եւ հաստ կը դառնայ ձմրան ընթացքին: Մինչ բեւեռային աղուէսը եւ անոր նման կարգ մը անասուններ ձմրան իրենց գոյնը կը փոխեն ձիւնին մէջ աւելի լաւ պահուըտելու եւ զիրենք որսացող միւս անասուններէն խուսափելու համար:

Մրցանիշ

87 Տարի

Այս մրցանիշը կը պատկանի ամէնէն երկար ուսուցչական ասպարէզին մէջ աշխատած անձին: Ան վենեզուելացի Մետարտա տէ Խէսուս (էօն տէ Ուզքաթեկիի), որ ճանչցուած էր Լա Մաեսթրա Շուչա անուան տակ: Ան Քարաքաս մայրաքաղաքին մէջ դասաւանդած է 1911-էն մինչեւ 1998 թուականը:

1911 թուականին` 12 տարեկանին, Մետարտա իր երկու քոյրերուն հետ հիմնած է փոքրիկ համայնքային դպրոց մը: Ապա, 1942, իր ամուսնութենէն ետք, ան իր դասաւանդութիւնը շարունակած է իր անձնական տան մէջ դպրոց մը բանալով: Ըստ վերջին հաստատումներուն, ան տակաւին կը դասաւանդէր 1998 թուականին: Ան մահացած է 2002 թուականին:

Արտասովոր

Հաւու Ձեւ Ունեցող Պանդոկը

Այս տարի Ֆիլիփփինի մէջ «Քամփուէսթոհան հայլենտ ռիզորթ» հսկայական պանդոկը նոր եւ արտասովոր շէնք մը աւելցուց: Ըստ «Կինես»-ի մրցանիշերու գիրքին, անիկա հաւու ձեւով աշխարհի ամէնէն մեծ կառոյցն է: Անոր բարձրութիւնը 35 մեթր է, իսկ երկարութիւնը` 28 մեթր: Անիկա ունի 15 սենեակ: Այս տարօրինակ կառոյցը յղացողը ուզած է յարգանքի տուրք մատուցել երկրին միլիոնաւոր գործաւորներուն, որոնք կ՛աշխատին հաւու միս պատրաստող գործարաններու մէջ:

Ուրիշ Մրցանիշ Մըն Ալ…

Ծանօթ է, որ մեծ նարնջագոյն դդումները շատ օդ կը պարունակեն եւ այս պատճառով անոնք ջուրին վրայ կրնան ծփալ: Նոյնիսկ կարելի է անոնց մէջ նստած` նաւարկել:

Իսկ գիտէի՞ր, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունին դդումներու նաւարկութեան մրցումներ: Այս ձեւով, հոկտեմբեր ամսուն մէջ Կարի Քրիսթընսըն 73,5 քմ կտրած է գետի մը վրայ` նաւարկելով 555 քիլօ ծանրութիւն ունեցող հսկայ դդումի մը մէջ, զոր ան իր ձեռքերով փորած էր: Այս իրագործումը «Կինես»-ի մրցանիշերուն գիրքին մէջ արձանագրուեցաւ` իբրեւ գետի մը վրայ դդումով կատարուած ամէնէն երկար նաւարկութիւնը:

Մտածենք

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր անձի անունը:

1 – Խուան, Փետրօ եւ Ալպերթօ աւելի բարձրահասակ են, քան` Խոսէն:
2 – Ալպերթօ, Էնրիքէ եւ Խոսէ աւելի կարճահասակ են, քան` Խուանը:
3 – Խուանը եւ Էնրիքէն զոյգ թիւեր ունին:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
6 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել այն պատկերը, որ իր նմանը չունի:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու դէմքերը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (29 Նոյեմբեր 2024)

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անարդար Աշխարհ

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?