Մարզական

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 10 յուլիս 2017-էն 12 սեպտեմբեր 2017, Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի մարզիկներու ամառնային փոխանցման ժամանակամիջոց ճշդուած է, իսկ 5 դեկտեմբեր 2017-էն 2 յունուար 2018 ձմեռնային փոխանցման շրջանն է: Լիբանանի ֆութպուլի գերբաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ահտ-Անսար մրցումին թուական ճշդուած է շաբաթ, 8 օգոստոսը: Չորեքշաբթի, 12 յուլիսին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի...

ՖԻՊԱ. Լիբանանի Աղջկանց Ազգային Խումբը Մաս Կազմեց Բ. Խմբակին

ՖԻՊԱ-ի կողմէ կատարուած Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի վիճակաձգութեան, Լիբանանի ազգային խումբը մաս կազմեց Բ. խմբակին: Լիբանանի աղջիկները իրենց մրցակից պիտի ունենան Սինկափուրը, Ղազախստանը եւ Ֆիճին: Մրցումներուն յայտագիրը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ:

Սամպօ.  Հայաստան 18 Մարզիկով Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Սամպօ. Հայաստան 18 Մարզիկով Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

19-22 մայիսին Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի տղոց եւ աղջկանց Սամպոյի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 29 երկիրներէ 300 մարզիկներ: Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 18 մարզիկով (16 տղաք եւ 2 աղջիկներ): Մինսք մեկնող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ իրաւարար Էտուարդ Ասլանեան, մարզիչներ Միքայէլ Հայրապետեան, Վովիկ Խոջայեան, Էռնեսթ Միրզոյեան, Գագիկ Ղազարեան եւ Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնի...

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Ֆետերասիոնին Նախագահը Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան, հանդիպում մը ունենալով Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին անդամներուն հետ, քննարկեց ֆետերասիոնին յառաջիկայ գործունէութեան վերաբերող հարցեր: Ֆետերասիոնի նախագահ Սամուէլ Կարապետեանի հրաժարականէն ետք, անոր աշխատանքները պիտի համակարգէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին:  Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի նիւթական օժանդակութիւնը առիթ պիտի տայ ֆետերասիոնին` շարունակելու իր բնականոն աշխատանքը, ապահովելով մարզիկներու հաւաքներու կայացումը, ինչպէս նաեւ անոնց մասնակցութիւնը...

«Էն. Պի. Էյ.» . Ուորիըրզ-Սելթիքս` 1-0

Լեպրոն Ճէյմս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի աւարտականի առաջին մրցումը, երբ Պոսթըն Սելթիքս իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը: Քաւալիրզ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Սելթիքսը` արձանագրելով 117-104 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քաւալիրզէն տապըլ-տապըլ իրագործեց Քեւին Լովէ (32 կէտ, 12 ռիպաունտ), իսկ Սելթիքսէն` Իսայահ Թոմաս (17 կէտ, 10 ռիպաունտ): Այս մրցումին Քաւալիրզէն ամէնէն շատ կէտը նշանակողը...

Այս Ամրան Ընթացքին. Մանչեսթըր Եունայթըտ Պիտի Ծախսէ 250 Միլիոն Եւրօ

«Մանչեսթըր Իվնինկ Նիուզ»-ի համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտի փոխնախագահ Էտ Վուտվորտ յայտարարեց այս ամրան ընթացքին նորեկ մարզիկներու համար ակումբին ծախսելիք գումարին մասին: Ան ըսաւ, որ կազմը զօրացնելու համար պիտի ծախսուի 250 միլիոն եւրօ: Խումբի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ ըսաւ, որ խումբին պիտի միանան 2 կամ 3 նորեկ մարզիկներ: Ներկայիս կը խօսուի Անթուան Կրիզմանի (Աթլեթիքօ Մատրիտ), Էրիք Տայըրի (Թոթենհամ), Մայքըլ Քինի (Պըրնլի), Անտրէա...

17 Տարուան Սպասումէ Մը Ետք. Մոնաքօ Հանդիսացաւ Ֆրանսայի Ախոյեան

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 31-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Մոնաքօ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սենթ Էթիենի, հանդիսացաւ Ֆրանսայի ախոյեան` իր պատմութեան մէջ 8-րդ անգամ ըլլալով: Այսպիսով, 17 տարուան սպասումէ մը ետք, Մոնաքօ դարձեալ կը տիրանայ տիտղոսին: 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներէն առաջ, Մոնաքօ այժմ ունի 92 կէտ, մինչ անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` Փարիզ Սեն Ժերմեն` 86 կէտ: Վերջին հանգրուանի...

Տըրք Քիւյթ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հոլանտական Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամի խմբապետ, Լիվըրփուլի նախկին յառաջապահ Տըրք Քիւյթ պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 36 տարեկան հոլանտացին իր այս յայտարարութիւնը կատարեց, երբ իր ակումբին հետ իր կատարած վերջին մրցումին հեթրիք մը իրագործելով խումբին ապահովեց Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը: Անոր կազմը վերջին անգամ ախոյեան հանդիսացած էր 1999-ին: 19 տարի ֆութպոլի դաշտերուն վրայ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղաքը Անգամ Մը Եւս Յաղթեցին Ռիատիին` Մանարայի Մէջ

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ ՀՄԸՄ հիւրը եղաւ Ռիատիի անոր դաշտին` Մանարայի մէջ: ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր իր դաշտին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, այս անգամ եկաւ այլ դաս մը տալու Լիբանանի ախոյեանին, երբ անոր իսկ դաշտին վրայ եւ անոր իսկ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի` 2-1

Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան Մանարայի մէջ, աւարտեցաւ Ռիատի Պէյրութի յաղթանակով, որ 74-65 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀՄԸՄ (14-16, 30-30, 52-49 եւ 74-65): ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, այժմ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը, որ վաղը ՀՄԸՄ Անթիլիասի հիւրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային...

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Տղաքը Արձանագրեցին 2 Յաղթանակ

Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը` արձանագրեցին երկու յաղթանակ` յաջորդաբար Անդրանիկ Պէյրութի (3-2) եւ Պարաղեմ Նապաթիէի դէմ (3-0): Մրցումները ցարդ աւարտած չեն եւ կը շարունակուին: Այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Ժամհուրի դէմ, իսկ երեկոյեան ժամը 19:30-ին` Ֆատի Աքտաս խումբին դէմ:

Հայկազեան Համալսարանին Մարզական Մէկ Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Սերպիա

Հայկազեան համալսարանի 45 հոգիէ բաղկացած մարզական պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Պելկրատ (Սերպիա)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար «Լաւագոյն 2017 մրցաշարք»-ին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եւրոպական եւ լիբանանեան համալսարաններ: Հայկազեան համալսարանը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի, տղոց եւ աղջկանց ֆութսալի, ինչպէս նաեւ փինկ փոնկի մրցումներուն: Սերպիոյ մէջ տեղի ունենալիք միջհամալսարանական միջազգային այս մրցաշարքը լաւագոյն առիթը կը հանդիսանայ Հայկազեան համալսարանի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ռիտա Անթար Լքեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Ռիտա Անթար, որ աւելի քան 20 տարի տեսնուեցաւ լիբանանեան, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան դաշտերու վրայ, եկաւ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Ան իր այս յայտարարութիւնը կատարելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին եղան իր կողքին եւ ոչինչ զլացան, որպէսզի ինք կարենայ յաջողութեան հասնիլ, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ:  

Ժիւտօ. Հայաստան Ռուսիոյ Մէջ Տիրացաւ 2 Պրոնզ Մետալի

Ռուսիոյ Օրենպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի Ժիւտոյի բաժակի մրցաշարքին, Հայաստանի մարզիկներէն երկուքը տիրացան պրոնզ մետալի: 75 քկ. դասակարգին մէջ Ֆերտինանտ Կարապետեան եւ 81 քկ դասակարգին մէջ Անդրանիկ Չափարեան, Հայաստանին ապահովեցին երկու երրորդութիւն: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 երկիրներէ եկած 274 մարզիկներ: Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմէին 11 ներկայացուցիչներ: Արցախցի Սօսէ Բալասանեան բաւական տպաւորիչ արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց 7-րդ...

Մոնփելիէ Կը Բանակցի Միշել Տէր Զաքարեանի Հետ

Ֆրանսական Ռեմ խումբի մարզիչ Միշել Տէր Զաքարեան շատ հաւանաբար այս ամրան լքէ իր կազմը: «Ար. Էմ. Սի.-Սփորթ» կը հաղորդէ, որ Մոնփելիէ կը փորձէ համաձայնութեան գալ Հայաստանի ֆութպոլի ապագային հաւաքականի նախկին յետսապահին հետ` անոր առաջարկելով երկու տարուան պայմանագրութիւն մը. վերջինս տարիով մըն ալ երկարաձգելու կարելիութեամբ: 54 տարեկան Տէր Զաքարեան չյաջողեցաւ այս տարեշրջանին իր կազմը Ա. դասակարգէն բարձրացնել «Լիկ-1», մինչ Մոնփելիէ յառաջիկայ...

Լորան Պլան` Պարսելոնայի Յաջորդ Մարզի՞չը

Ֆրանսական լրատուամիջոցներ, որոնց կարգին` «Լը Փարիզիեն», հաղորդեցին, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին մարզիչ Լորան Պլան յոյս ունի գլխաւորելու Պարսելոնան` նկատի ունենալով` որ ան մերժեց Լաս Փալմասի, Ռէալ Պեթիսի եւ Սեւիլլայի կողմէ իրեն եկած առաջարկը: Ֆրանսական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ Ֆրանսայի Պլան երբեք հետաքրքրուած չէ այդ առաջարկներով, որովհետեւ իրեն համար Պարսելոնայի մարզիչը ըլլալը աւելի նպաստաւոր է: Ինչպէս ծանօթ է, այս տարեշրջանին...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եուվենթուս` Իտալիոյ Բաժակակիր

Ռէալ Մատրիտ` Գրեթէ Ախոյեան Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր: Եուվենթուս Հռոմի ողիմպիականի դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լացիօ Ռոմայի, հանդիսացաւ Իտալիոյ բաժակակիր: 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Տանիէլ Ալվես (12-րդ) եւ Լէոնարտօ Պոնուչի (25-րդ) նշանակեց Եուվենթուսի 2 անպատասխան կոլերը: Այլ գետնի վրայ, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Ռէալ Մատրիտ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ...

Թենիս. Շարափովա «Ռոլան Կարոս»-ի Կազմակերպիչներէն Հրաւէր Չստացաւ

22 մայիսէն 11 յունիս Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը: Միջազգային մարզական լրատուամիջոցները երէկ հաղորդեցին, որ ռուս Մարիա Շարափովա մրցաշարքին կազմակերպիչներէն հրաւէր չէ ստացած` անոր մասնակցելու համար: Նշուեցաւ, որ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը չէ ուզած, որ մրցաշարքին կազմակերպիչները հրաւէր ուղարկեն Շարափովային` նկատի ունենալով, որ խթանիչ դեղերու գործածութեան համար կախակայուած մարզիկները կարճ ժամանակով պէտք է...

Թենիս. Տաւիտ Ֆերերի 700-րդ Յաղթանակը

Հռոմի մէջ տեղի ունեցող թենիսի միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ, սպանացի Տաւիտ Ֆերեր Ա. հանգրուանին գծով արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 700-րդ  յաղթանակը: Այսպիսով, Ֆերեր դարձաւ չորրորդ գործող թենիսմենը (13-րդը` պատմութեան մէջ), որ կը հասնի այս արդիւնքին: Պատմական մրցանիշը կը պատկանի Ճիմի Քանըրզի, որ արձանագրած է 1256 յաղթանակ: Ապա յաջորդաբար անոր ետին կը գտնուին Ռոժէ Ֆետերեր (1099), Ռաֆայէլ Նատալ (840), Նովաք Ճոքովիչ...

Թենիս. Ռոժէ Ֆետերեր Պիտի Չմասնակցի «Ռոլան Կարոս»-ին

Նախապէս տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ թենիսի «Ռոլան կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին երէկ յայտնեցին միջազգային մարզական կայքեր: 35 տարեկան Ֆետերեր նախորդ տարի եւս բացակայած էր այս մրցաշարքէն: 18 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու տիրացած Ֆետերեր միայն մէկ անգամ բարձրացուցած է այս մրցաշարքին տիտղոսը, այդ ալ` 2009-ին:

Page 976 of 1277 1 … 975 976 977 … 1,277

Արխիւներ