Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան, հանդիպում մը ունենալով Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին անդամներուն հետ, քննարկեց ֆետերասիոնին յառաջիկայ գործունէութեան վերաբերող հարցեր:
Ֆետերասիոնի նախագահ Սամուէլ Կարապետեանի հրաժարականէն ետք, անոր աշխատանքները պիտի համակարգէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին: Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի նիւթական օժանդակութիւնը առիթ պիտի տայ ֆետերասիոնին` շարունակելու իր բնականոն աշխատանքը, ապահովելով մարզիկներու հաւաքներու կայացումը, ինչպէս նաեւ անոնց մասնակցութիւնը միջազգային մրցաշարքերու եւ Եւրոպայի ու աշխարհի ախոյեանութիւններուն:
Հայկական լրատուամիջոցները, որոնք հաղորդեցին այս լուրը, նշեցին, որ աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը եւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն գաղտնի պահած էին Կարապետեանի հրաժարականին լուրը: