Հայկազեան համալսարանի 45 հոգիէ բաղկացած մարզական պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Պելկրատ (Սերպիա)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար «Լաւագոյն 2017 մրցաշարք»-ին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եւրոպական եւ լիբանանեան համալսարաններ:
Հայկազեան համալսարանը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի, տղոց եւ աղջկանց ֆութսալի, ինչպէս նաեւ փինկ փոնկի մրցումներուն:
Սերպիոյ մէջ տեղի ունենալիք միջհամալսարանական միջազգային այս մրցաշարքը լաւագոյն առիթը կը հանդիսանայ Հայկազեան համալսարանի ուսանողներուն, որպէսզի կարենան միջազգային փորձառութիւն ձեռք ձգել:
Նշենք, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն 37 մարզիկներ, 6 մարզիչներ, պատուիրակութեան նախագահը եւ այլ պատասխանատու մը:
Պատուիրակութիւնը Լիբանան կը վերադառնայ Կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերը: