
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան Մանարայի մէջ, աւարտեցաւ Ռիատի Պէյրութի յաղթանակով, որ 74-65 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀՄԸՄ (14-16, 30-30, 52-49 եւ 74-65):
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, այժմ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը, որ վաղը ՀՄԸՄ Անթիլիասի հիւրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս այս մրցումէն կրնար յաղթական դուրս գալ, բայց Էյնճըլ Մաքքաութրի ֆաուլ-աութով դուրս ելլելը պատճառ դարձաւ, որ ատկէ օգտուի Ռիատի եւ արձանագրէ իր այս յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեցին նոյնինքն Մաքքաութրի (31 կէտ, 16 ռիպաունտ) եւ Կինթարէ Փեթրոնիթէ (17 կէտ, 9 ռիպաունտ): Սանտրա Նաժըմ նշանակեց 9 կէտ, 5 ռիպաունտ, Այտա Պախոս` 5 կէտ, Ֆարահ Հարաքէ` 4 կէտ, իսկ Թաքլա Քամիլ 2 կէտ:
Ռիատիէն Այշա Սաթըրլենտ (32 կէտ, 17 ռիպաունտ) եւ Տիանա Տելվա (13 կէտ, 12 ռիպաունտ), իրենց կարգին տապըլ-տապըլ իրագործեցին:
Նշենք, որ եթէ չորրորդ մրցումին ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրէ իր երրորդ յաղթանակը, ախոյեանութեան տիտղոսը պիտի պահէ իր մօտ եւ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով պիտի հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան: