
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ ՀՄԸՄ հիւրը եղաւ Ռիատիի անոր դաշտին` Մանարայի մէջ:
ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր իր դաշտին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, այս անգամ եկաւ այլ դաս մը տալու Լիբանանի ախոյեանին, երբ անոր իսկ դաշտին վրայ եւ անոր իսկ համակիրներուն ներկայութեան, արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 82-79 արդիւնքով (22-22, 44-42, 59-68 եւ 79-82):
Թէեւ ՀՄԸՄ երեք կէտի տարբերութեամբ արձանագրեց իր այս յաղթանակը, սակայն մրցումին տեւողութեան կէտերու տարբերութիւնը յաջողեցաւ բարձրացնել մինչեւ 12 կէտի (71-59):
ՀՄԸՄ-էն երեքական թրի փոյնթ նշանակեցին Տուայն Ճեքսըն, Էլի Շամուն եւ Քեւին Կալոուէյ, մինչ Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 2, իսկ Հայկ Կէօքճեան 1 թրի փոյնթ:
ՀՄԸՄ 29 փորձերէ ետք նշանակեց 12 թրի փոյնթ, մինչեւ Ռիատի` 31-էն 9:
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Քեւին Կալոուէյ (17 կէտ, 11 էսիսթ) եւ Աթեր Մաճոք (10 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 23 կէտ, 8 ռիպաունտ, Ֆատի Խաթիպ` 18 կէտ, 7 ռիպաունտ, իսկ Էլի Շամուն` 11 կէտ:
Պէտք է ըսել բառին բուն առումով, որ ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներն ալ անխտիր ունեցան բացառիկ խաղարկութիւն, իրենք զիրենք պարտադրեցին իրենց մրցակիցին վրայ եւ այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցեն Ռիատին:
Այսպիսով, Մութթահետէն ետք ՀՄԸՄ հանդիսացաւ երկրորդ խումբը, որ Մանարայի մէջ յաղթեց այս տարեշրջանին:
Նշենք, որ Ռիատիէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ալատէ Ամինու (26 կէտ, 10 ռիպաունտ)
Երկու կազմերուն միջեւ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, գիշերուան ժամը 20:45-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ», մարզամշակութային համալիրին մէջ: