19-22 մայիսին Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի տղոց եւ աղջկանց Սամպոյի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 29 երկիրներէ 300 մարզիկներ:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 18 մարզիկով (16 տղաք եւ 2 աղջիկներ):
Մինսք մեկնող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ իրաւարար Էտուարդ Ասլանեան, մարզիչներ Միքայէլ Հայրապետեան, Վովիկ Խոջայեան, Էռնեսթ Միրզոյեան, Գագիկ Ղազարեան եւ Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնի նախագահ Լեւոն Հայրապետեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: