Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը` արձանագրեցին երկու յաղթանակ` յաջորդաբար Անդրանիկ Պէյրութի (3-2) եւ Պարաղեմ Նապաթիէի դէմ (3-0):
Մրցումները ցարդ աւարտած չեն եւ կը շարունակուին:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Ժամհուրի դէմ, իսկ երեկոյեան ժամը 19:30-ին` Ֆատի Աքտաս խումբին դէմ: