Ռուսիոյ Օրենպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի Ժիւտոյի բաժակի մրցաշարքին, Հայաստանի մարզիկներէն երկուքը տիրացան պրոնզ մետալի:
75 քկ. դասակարգին մէջ Ֆերտինանտ Կարապետեան եւ 81 քկ դասակարգին մէջ Անդրանիկ Չափարեան, Հայաստանին ապահովեցին երկու երրորդութիւն:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 երկիրներէ եկած 274 մարզիկներ:
Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմէին 11 ներկայացուցիչներ:
Արցախցի Սօսէ Բալասանեան բաւական տպաւորիչ արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Ըստ Հայաստանի Ժիւտոյի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքին, կազմին մէջ էր նաեւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ եւ ընդհանուր քարտուղար, ողիմպիական կարգի իրաւարար Դաւիթ Խիթարեան: