Հոլանտական Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամի խմբապետ, Լիվըրփուլի նախկին յառաջապահ Տըրք Քիւյթ պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
36 տարեկան հոլանտացին իր այս յայտարարութիւնը կատարեց, երբ իր ակումբին հետ իր կատարած վերջին մրցումին հեթրիք մը իրագործելով խումբին ապահովեց Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը: Անոր կազմը վերջին անգամ ախոյեան հանդիսացած էր 1999-ին:
19 տարի ֆութպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուած Քիւյթ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 2010-ի Մոնտիալին հանդիսացաւ փոխախոյեան: