Ռէալ Մատրիտ` Գրեթէ Ախոյեան
Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր:
Եուվենթուս Հռոմի ողիմպիականի դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լացիօ Ռոմայի, հանդիսացաւ Իտալիոյ բաժակակիր:
70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Տանիէլ Ալվես (12-րդ) եւ Լէոնարտօ Պոնուչի (25-րդ) նշանակեց Եուվենթուսի 2 անպատասխան կոլերը:
Այլ գետնի վրայ, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Ռէալ Մատրիտ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Սելթա Վիկոյի դաշտին վրայ կարելի է ըսել, որ հանդիսացաւ ախոյեան` նկատի ունենալով, որ տարեշրջանի աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ, անիկա այժմ երեք կէտով կը գերազանցէ Պարսելոնան, որ այժմ ունի 87 կէտ:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (10-րդ եւ 48-րդ), Քարիմ Պենզեմա (70-րդ) եւ Թոնի Քրուս (88-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը:
38-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Ռէալ Մատրիտ հիւրը կ՛ըլլայ Մալակայի (11-րդ), մինչ Պարսելոնա կը հիւրընկալէ էյպարը (8-րդ):
Ռէալ Մատրիտ պէտք ունի միայն հաւասարութեան մը` ախոյեան ըլլալու համար: