Մարզական

Թենիս. Զվերեւի Անակնկալ Յաղթանակը` Ճոքովիչի Դէմ

Նախորդ շաբաթավերջին Հռոմի մէջ աւարտեցաւ թենիսի «Մասթըրզ»-ի տղոց միջազգային մրցումը, երբ աւարտականին 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ ճակատեցաւ` գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ (16-րդ): 20 տարեկան Զվերեւ մեծ անակնկալ մը ստեղծեց, երբ 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելով Ճոքովիչի, իր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ «Մասթըրզ»-ի տիտղոսի մը: Ռոյթըրզ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ այսպիսով Զվերեւ հանդիսացաւ ամէնէն երիտասարդ թենիսմենը,...

«Էն. Պի. Էյ.». Սելթիքս Յաղթեց Քաւալիրզին` Երրորդ Մրցումին

Արեւելեան շրջանին մէջ տեղի ունեցող «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական երրորդ մրցումին, Պոսթըն Սելթիքս յաջողեցաւ 111-108 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել Քլիվլենտ Քաւալիրզի նկատմամբ: Առաջին երկու մրցումներուն, Քաւալիրզ ինք յաղթանակ արձանագրած էր (117-104 եւ 130-86): Երէկուան այս մրցումին, Սելթիքսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ճէյ Քրաուտըր (14 կէտ, 11 ռիպաունտ), իսկ Քաւալիրզէն` Քեւին Լովէ (28 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Թրիսթան Թոմսըն (18...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատին Յաղթեց ՀՄԸՄ-ին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատին Յաղթեց ՀՄԸՄ-ին

Վաղը` ՀՄԸՄ - Ռիատի 5-րդ Մրցումը PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի չորրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ, Ռիատի հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով (86-75): ՀՄԸՄ, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթած էր, իսկ երրորդին` պարտուած, երէկ եւս պարտութիւն մը կրելով իր մրցակիցէն, 2-0 արդիւնքով իր գերակայութիւնը վերածուեցաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեան: Ըստ լիբանանեան...

Սամպօ. Տիգրան Կիրակոսեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Կիրակոսեան նախորդ շաբաթավերջին Մինսքի մէջ սկսած Եւրոպայի Սամպոյի ախոյեանութեան հանդիսացաւ ախոյեան: 52 քկ դասակարգին մէջ, վանաձորցի մարզիկը 5-0 արդիւնքով յաղթելով ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Աքասիֆ Սամատովի, հռչակուեցաւ ախոյեան: Այսպիսով, ան երրորդ անգամ ըլլալով (նախապէս` 2014-ին եւ 2015-ին) կը հռչակուի ախոյեան: Իսկ 57 քկ դասակարգին մէջ, Յարութիւն Սարգսեան Հայաստանին ապահովեց պրոնզ մետալ մը:  

Ֆութսալ. Հայաստանի Ախոյեանին Անունը Կը Յստականայ Երրորդ Մրցումին

Հայաստանի ֆութսալի ախոյեանութեան աւարտականի երկրորդ ճակատումին, Չարբախ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լէոն յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1)` նկատի ունենալով, որ առաջին մրցումին Լէօ ինք յաղթանակ մը արձանագրած էր: Հայաստանի ախոյեանին անունը կը յստականայ երրորդ մրցումին, երբ անոր կայացման թուականը հրապարակուի շուտով:  

Հենրիխ Մխիթարեան` Տարեշրջանի Լաւագոյն Կոլի Հեղինակ

Մանչեսթըր Եունայթըտ Սանտըրլենտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Հենրիխ Մխիթարեանի կողմէ նշանակուած «Կարիճի հարուածով» կոլը, ճանչցաւ իբրեւ ակումբին լաւագոյն կոլը` այս տարեշրջանին ընթացքին նշանակուած բոլոր կոլերուն մէջ (բնականաբար` Եունայթըտի մարզիկներուն կողմէ նշանակուած): «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցանակաբաշխութեան, Մխիթարեանի այս կոլը ստացաւ համակիրներու կողմէ քուէարկութեան մասնակցողներուն 57 առ հարիւրին հաւանութիւնը: Երկրորդ դիրքին վրայ եղաւ Ուէյն Ռունի (13 առ հարիւր), իսկ...

«Քալչիօ». Եուվենթուս Հանդիսացաւ Ախոյեան

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 37-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Եուվենթուս 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քրոթոնէի, հանդիսացաւ Իտալիոյ ախոյեան: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Եուվենթուս չորս կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ 2-րդ դիրքը գրաւող Ա. Էս. Ռոմայի վրայ, որ իր կարգին 5-3 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քիեւօ Վերոնայի դաշտէն: Եուվենթուսի կոլերը նշանակեցին Մարիօ Մանծուքիչ (12-րդ), Փաուլօ Տիպալա (39-րդ) եւ Ալեքս Սանտրօ (83-րդ): Եուվենթուս,...

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Եւ Լիվըրփուլ Ապահովեցին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Իրենց Տոմսերը

Քէյն` Լաւագոյն Ռմբաձիգը Լիվըրփուլի յաղթական մարզիկները Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն Մանչեսթըր Սիթի եւ Լիվըրփուլ, իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իրենց տոմսերը: Մանչեսթըր Եունայթըտ, տարեշրջանը աւարտեց 6-րդ դիրքին վրայ` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քրիսթալ Փալասին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին դաշտ չներկայացաւ` նկատի ունենալով, որ Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ...

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Սպանիա` Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Խրուաթիոյ մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Սպանիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ: Սպանիա տիրացաւ տիտղոսին, երբ փենալթիներով յաղթանակ մը արձանագրեց (4-1): Այսպիսով, Սպանիա երրորդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) կը տիրանայ այս տիտղոսին:  

Պունտըսլիկա. Ալոնսօ Եւ Լահմ Աւարտեցին Ֆութպոլիստի Իրենց Ասպարէզը

Օպամեյանկ` Լաւագոյն Ռմբաձիգը Նախանցեալ օր տեղի ունեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Արդէն իսկ ախոյեան հանդիսացած Պայէրն Միւնիխ 4-1 արդիւնքով յաղթեց իր վերջին մրցակիցին` Ֆրայպուրկին: Գերմանացի Ֆիլիփ Լահմ (33 տարեկան) եւ սպանացի Խապի Ալոնսօ (35 տարեկան), որոնք իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացան Պայէրնի հետ, մրցումին աւարտէն կարճ ժամանակ առաջ, փոխարինուեցան այլ մարզիկներով: Անոնք յոտնկայս ծափերով դաշտէն...

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Հանդիսացաւ Սպանիոյ Ախոյեան` 5 Տարուան Սպասումէ Մը Ետք

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները վերջ գտան: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ տիտղոսին տիրանալու համար պէտք ունէր յաղթանակի մը, որովհետեւ իր կատարելիք մրցումին նախօրեակին ունէր 3 կէտի առաւելութիւն մը: Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Մալակայի դաշտէն, հանդիսացաւ ախոյեան` իր պատմութեան մէջ 33-րդ անգամ ըլլալով: Այսպիսով, 5 տարուան դադարէ...

Վերոնա Եւ Սփալ Բարձրացան Ա. Դասակարգ

Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 42-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, թէեւ Վերոնա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Չեզենայի հետ, սակայն գրաւելով երկրորդ դիրքը (74 կէտով) բարձրացաւ Ա. դասակարգ: 3-րդ եւ վերջին խումբին անունը ցարդ յստակացած չէ, որովհետեւ տեղի պիտի ունենան փլէյ-օֆի մրցումներ: Իսկ «Քալչիօ»-էն, ցարդ Բ. դասակարգ փոխադրուած են Փեսքարա եւ Փալերմօ:

Անտըրլեխթ` Պելճիքայի Ախոյեան

Երեք տարուան ընդմիջումէ մը ետք Անտըրլեխթ հանդիսացաւ Պելճիքայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեան, իր կատարած վերջին մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Շարլրուայի  դէմ: Այսպիսով, Անտըրլեխթ իր պատմութեան մէջ 34-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Ախոյեանութեան Տիտղոսը Պահեցին Իրենց Մօտ` Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Ախոյեանութեան Տիտղոսը Պահեցին Իրենց Մօտ` Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական չորրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երբ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Ռիատին` իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան: ՀՄԸՄ, որ այս չորրորդ մրցումը սկսաւ 2-1 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը յաղթանակի մը պէտք ունէր` տիտղոսը պահելու համար: Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Ռիատի` 2-1

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Ռիատի` 2-1

Վաղը Չորրորդ Մրցումը` Մանարայի Մէջ PROFOTO Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի երրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր երբ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Ռիատին: «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը ամբողջութեամբ յորդած էր ՀՄԸՄ-ի համակիրներով: ՀՄԸՄ,  որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, այս երրորդ մրցումին չկրցաւ իր յաղթական ընթացքը շարունակել եւ իր դաշտին վրայ կրեց տարեշրջանի առաջին...

Ուու Շու – Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Ապահովեց 8 Մետալ

Armnoc.am կայքը կը հաղորդէ որ Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի Ուու շուի մեծերու, երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) եւ պատանիներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստան ապահովեց 8 մետալ: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերեն 28 երկիրներէ, աւելի քան 800 մարզիկներ: Հայաստան այս ախոյեանութեան կը մասնակցի 14 մարզիկով: Սվեթլանա Մոսոյեան տիրացաւ Թաու-լուի Եւրոպայի ախոյեանի կոչումին (մեծեր), իսկ Արմէն Համբարձումեան հանդիսացաւ փոխախոյեան (մեծեր): Կարապետ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Կը Յստականան Սպանիոյ Եւ Իտալիոյ Ախոյեանները

Այս շաբաթավերջին, կ՛աւարտին Անգլիոյ, Սպանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի կ՛ունենան վերջին հանգրուանի ճակատումները: Իտալիոյ պարագային տեղի կ՛ունենան նախավերջին հանգրուանի մրցումները: Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ախոյեաններուն անունները յստակացած են: Շաբաթավերջին անոնց կու գան միանալու նաեւ Իտալիոյ եւ Սպանիոյ ախոյեանները: Սպանիոյ մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ, որ այժմ երեք կէտի առաւելութիւն մը ունի Պարսելոնայի վրայ, եթէ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Ռիատի Երրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին, այսօր երեկոյեան ժամը 20:45-ին, ՀՄԸՄ-ի կազմը  կը հիւրընկալէ Ռիատին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է եւ բոլորն ալ գիտեն, ՀՄԸՄ այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը` իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ: Այսօրուան այս երրորդ մրցումին երրորդ յաղթանակը կը նկատուի էական` դէպի տիտղոս մօտենալու...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս Այսօր Պարտի Ախոյեանութեան Տիտղոսը Պահել Իր Մօտ

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալը այսօր կը նկատուի կարեւոր պարտաւորութիւն մը ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին համար, երբ այսօր խումբը կատարէ իր չորրորդ մրցումը` Ռիատի Պէյրութի դէմ: «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ժամը 17:30-ին, սկսելիք այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի համար յաղթանակը կը նկատուի հրամայական եւ սխալիլը բացարձակապէս արգիլուած է, ինչ որ ալ ըլլան...

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Արձանագրեց Յաղթանակ Մը Եւ Կրեց Պարտութիւն Մը

Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան խմբակին մրցումները շարունակուեցան երէկ` Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ): ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը, որ կատարեց երկու մրցում, առաջինին բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով յաղթեց 3-0 արդիւնքով: Սակայն երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը նոյն արդիւնքով պարտուեցան Ֆատի Աքտաս խումբէն: Յամենայն դէպս, ախոյեանութիւնը ցարդ չէ աւարտած եւ ՀՄԸՄ-ի կազմը տակաւին մրցումներ ունի կատարելիք: Այդ մրցումները...

Page 975 of 1277 1 … 974 975 976 … 1,277

Արխիւներ