Ֆրանսական լրատուամիջոցներ, որոնց կարգին` «Լը Փարիզիեն», հաղորդեցին, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին մարզիչ Լորան Պլան յոյս ունի գլխաւորելու Պարսելոնան` նկատի ունենալով` որ ան մերժեց Լաս Փալմասի, Ռէալ Պեթիսի եւ Սեւիլլայի կողմէ իրեն եկած առաջարկը:
Ֆրանսական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ Ֆրանսայի Պլան երբեք հետաքրքրուած չէ այդ առաջարկներով, որովհետեւ իրեն համար Պարսելոնայի մարզիչը ըլլալը աւելի նպաստաւոր է:
Ինչպէս ծանօթ է, այս տարեշրջանին աւարտին մարզիչ Լուիս Էնրիքէ պիտի հեռանայ Պարսելոնայէն: