Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Ռիտա Անթար, որ աւելի քան 20 տարի տեսնուեցաւ լիբանանեան, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան դաշտերու վրայ, եկաւ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Ան իր այս յայտարարութիւնը կատարելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին եղան իր կողքին եւ ոչինչ զլացան, որպէսզի ինք կարենայ յաջողութեան հասնիլ, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ: