
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի աւարտականի առաջին մրցումը, երբ Պոսթըն Սելթիքս իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը:
Քաւալիրզ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Սելթիքսը` արձանագրելով 117-104 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Քաւալիրզէն տապըլ-տապըլ իրագործեց Քեւին Լովէ (32 կէտ, 12 ռիպաունտ), իսկ Սելթիքսէն` Իսայահ Թոմաս (17 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Այս մրցումին Քաւալիրզէն ամէնէն շատ կէտը նշանակողը եղաւ Լեպրոն Ճէյմս, իսկ Սելթիքսէն 21 կէտ նշանակեց Ճայ Քրաուտըր: