Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 31-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Մոնաքօ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սենթ Էթիենի, հանդիսացաւ Ֆրանսայի ախոյեան` իր պատմութեան մէջ 8-րդ անգամ ըլլալով:
Այսպիսով, 17 տարուան սպասումէ մը ետք, Մոնաքօ դարձեալ կը տիրանայ տիտղոսին:
38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներէն առաջ, Մոնաքօ այժմ ունի 92 կէտ, մինչ անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` Փարիզ Սեն Ժերմեն` 86 կէտ:
Վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան այս շաբաթավերջին: